Կէս պրաւօ՜, Միրզոյեան

Կէս պրաւօ՜, Միրզոյեան

Ս.Մահսէրէճեան

«Պրաւօ»-ին կէսը… «ՊՐԱ՞» է:

Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան կէս պրաւօ մը շահեցաւ Երկուշաբթի, 24 Փետրուարին, երբ Ժընեւի մէջ, ՄԱԿ-ի Մարդու իրաւունքներու յանձնախումբի նիստին, բացէ ի բաց Ազրպէյճանը մեղադրեց հայ քաղաքական եւ զինուորական անձնաւորութիւններ Պաքուի մէջ շինծու դատավարութեան ենթարկելու եւ խաղաղութեան երթը խափալելու յանցանքով: Յաջորդ օրը, ՔՊ-ական մըն ալ Երեւանէն կրկնեց մեղադրանքը:

Այս ի՜նչ յանդգնութիւն… այս ի՜նչ ճշմարտախօսութիւն…: Իսկ եթէ պահ մը հաշուի առնենք, որ սա 180 աստիճանի տարբերութիւն ունի ՔՊ-ապետին ու այլոց ծանօթ կեցուածքներէն, կրնանք արաբներուն պէս ըսել. «Ըհթար-նա եա գարաա մըն-ուէյն պատնա-ն-պուսէք» (որ թարգմանի՝ «Շուարած ենք անմազ գլուխ, թէ քեզ ո՞ր կողմէդ պէտք է համբուրենք»):

Բայց դիւանագիտութեան պետը չի՞ վախնար, որ պոսը դարձեալ զինք ստախօս հանէ, ինչպէս ըրած էր Արցախի վերջնական բռնագրաւման օրերուն. կը յիշէ՞ք. Միրզոյեան ՄԱԿ-ի բեմէն Ազրպէյճանի իշխանութիւնները մեղադրած էր հայաջինջ ընթացքի համար, իսկ իր պոսը անմիջապէս փութացած էր ձայնակցելու Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարին ու յայտարարած՝ թէ Արցախի մէջ ամէն բան լաւ է, ո՛չ մէկ վտանգ:

Արդեօք Միրզոյեա՞նն ալ շուտով իր բջիջային հեռաձայնին վրայ պիտի ստանայ հրաժարականի պահանջի… հրահանգ մը: Չէ՜, նման վախ չունի, որովհետեւ նման մեղադրանքներ կ’իյնան մարդիկ մոլորեցնելու «մարտավարութեան» ծիրին մէջ, որպէսզի վաղը ընդդիմադիրներուն եւ առհասարակ ազգի շահերուն հաւատարիմ քաղաքացիներուն ըսեն. «Տեսէ՞ք, որքա՛ն ամուր կը պաշտպանենք մեր գերիներուն ու պատանդներուն շահերը…»


            Միրզոյեանի շահած «պրաւօ»ին կէսը պիտի չզեղչէինք, եթէ ան բաւականանար անվիճելի եւ բոլորիս քուէն վայելող մեղադրանքով: Բայց ո՜չ… Այս մարդուկն ալ ՔՊ-ական է ի վերջոյ, ու չի կրնար ծուռ բան ընելէ խուսափիլ: Հայկական առածը գիտէ՛ք կաթնտու ծուռ կովուն մասին… Եւ ահա, մեղադրանքէն ետք, ան պայուսակէն հանած է ծանօթ սկաւառակը եւ սկսած է գեղգեղել. «Ալմա Աթայի հռչակագիր… Հայաստան խաղաղութիւն կը ցանկայ… պատրաստ է ճամբաներ բանալու… Պէտք է ետ կենանք սպառազինումէ…»: Եւ ճիշդ հո՛ս է որ արդէն, ան դարձեալ գործնապէս կը վկայէ, թէ մեր դիւանագիտութիւնը բացարձակապէս կտրուած է իրական աշխարհէն, մոռցած է որ Ազրպէյճան անընդհատ կը զինուի ու զինավարժութիւններ կ’ընէ (պակսողն ալ կ’ամբողջացնէ՝ Փաքիստանէն օդանաւեր գնելով), կը պահանջէ Հայաստանի Սահմանադրութեան վերախմբագրումը (մէկը դեռ կասկած ունի՞ թէ ինչո՛ւ), որքան ալ ՔՊ-ականներ երդում-պատառ ըլլան, թէ նման հարց չկայ:

Մոռացկոտ եւ կոյր ձեւացող Միրզոյեանին՝ անմիջպէս յիշեցումներ ըրաւ Ազրպէյճանի փոխ արտաքին գործոց նախարար Էլնուր Մամէտով: Ան հաւանաբար մտածեց. «Մեր լուռ համաձայնութիւններուն մէջ ձեզի իրաւունք չէինք տուած մեզ ամբաստանեալի աթոռին նստեցնելու… Եթէ դուք մոռացկոտ էք, մենք այդպէս չենք, հող-հաշիւ ունիք տալիք…»

            Իսկ եթէ ազերիական նախորդ պահանջները (նոր հողերու պահանջ, ազերիներու Հայաստան բնակեցում, բանակի կազմալուծում եւ մասամբ նորին) իբրեւ թէ անպատասխան ձգելը կամ ուրիշ կողմ նայիլը դիւանագիտական «վարպետի հարուած» է, վերը կէս մնացած «պրաւօ»ն ալ կը հալի-կը մաշի, տակը կը մնայ (դո՛ւք ըսէք ինչ):

25 Փետրուար 2025

Share