Արցախի ժողովուրդի անվտանգութիւնը, բարօրութիւնը եւ զարգացումը բացարձակ առաջնահերթութիւններ են Դաշնակցութեան համար
Դաւիթ Իշխանեանի ԱՀ ԱԺ նախագահ ընտրուելու կապակցութեամբ «Ապառաժ»-ը իր հարցերն է ուղղել ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչ Յակոբ Տեր-Խաչատուրեանին.
—Արցախի Հանրապետութեան այս ծանր օրերին ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ ընկեր Դաւիթ Իշխանեանը ընտրուեց ԱՀ ԱԺ նախագահ: Ի՞նչ ընթացք է ունեցել ընկեր Իշխանեանի առաջադրումն այս կարեւորագուն պաշտօնին եւ ի՞նչ հիմունքներով ՀՅԴ-ն ընդունեց այդ առաջարկը:
-ՀՅԴ Բիւրոն ստացաւ Արցախի ներկայ ու վերջին երկու նախագահներու համախորհուրդ առաջարկը, որպէսզի Դաշնակցութիւնը իր դերակատարութիւնը բարձրացնէ Արցախի պետական համակարգէն ներս՝ ընդառաջելով ընկեր Դաւիթ Իշխանեանի ԱՀ Ազգային Ժողովի նախագահ առաջադրելու իրենց խնդրանքին, բնական է, որ մենք ամենան լրջութեամբ վերաբերուեցանք այդ առաջարկին, միաժամանակ ունենալով մտահոգութիւններ. քաջ կը գիտակցէինք այն ծանր պատասխանատուութեան բեռին, որուն դէմ յանդիման կը դրուեր մեր աշխարհատարած կազմակերպութիւնը: Գնահատեցինք նաեւ այն իրողութիւնը, որ Արցախի մեր քաղաքական գործընկերները անուէրապահօրէն թիկունք կանգնեցան այսպիսի պատասխանատու պաշտօն ստանձնելու առաջարկին:
-Արդեօ՞ք որեւէ պայմաննաւորուածութիւն կայացել է այս ընտրութեան նախօրեին:
-Այս առաջարկին կ’ընկերակցէր նաեւ խոստում, որ ԱՀ Ազգային Ժողովի դերն ու պատասխանատուութեան ծիրը պիտի ընդարձակուին եւ Խորհրդարանի նախագահը պիտի ունենայ վճռորոշ դերակատարութիւն քաղաքական հիմնական բոլոր գործընթացներումն մէջ, ի մասնաւորի Արցախի կարգավիճակի, անվտանգութեան, բանակցութիւններու եւ առհասարակ արտաքին յարաբերութիւններու ոլորտներուն մէջ: Ազգային ժողովը ԱՀի ժողովրդընտիր երկու սիւներէն մէկն է Նախագահական հաստատութեան հետ: Ան լիազօրուած է ներկայացնել ժռղւուրդին կամքը եւ խօսիլ անոր անունեն: Այդ իսկ պատճառով անհրաժեշտ է, որ ԱԺ-ի Նախագահն ունենայ ազդու լիազօրութիւն, գործիքակազմ եւ քաղաքական հնարաւորութիւններ իր գործունէութինը արդիւնաւետ կերպով կատարելու համար:
—Այս վճռորոշ օրերին ՀՅ Դաշնակցութեանը բաւականին ծանր ու պատասխանատու պաշտօն է վստահուել: Որո՞նք են լինելու ՀՅԴ յետագայ քայլերը:
-Արցախի ժողովուրդի անվտանգութիւնը, բարօրութիւնը եւ զարգացումը բացարձակ առաջնահերթութիւններ են Դաշնակցութեան համար եւ մենք երբէք չենք խուսափած պատասխանատուութեան մեր չափն ու կշիռը բարձրացնելու ի սպաս Արցախին, մանաւանդ օրհասական պահերուն: Այդ համոզումով ենք գտնուած Արցախեան գոյամարտի ակունքներուն մէջ առաջին օրերէն իսկ՝ պատերազմի դաշտին մէջ, համաշխարհային զօրաշարժ իրագործող հայ դատի բանակով եւ Արցախի զարգացման աշխատանքներու նուիրումով: Որովհետեւ Հ.Յ.Դ.-ի համար Արցախի հիմնահարցի կարգաւորումը ինքնորոշման իրաւունքի հիման վրայ, արցախահայութեան անվտանգութեան ապահւումը եւ ընկերայ-տնտեսական ճգնաժամի վերացումը մեր համաշխարհային շարունակական աշխատանքի առանցքը կը կազմէին ցարդ եւ կը կազմէն այսօր:
Համաձայն գտնուելով ընկեր Դաւիթ Իշխանեանի որպէս ԱՀ Ազգային Ժողովի նախագահ առաջադրուելու առաջարկին, կ’ակնկալենք որ Արցախի քաղաքական բոլոր ոյժերը կը համախմբուին խորհրդարանին շուրջ, լաւագոյնս արտայայտելով իր ճակատագրին տէր Արցախահայութեան վճռակամ կամքը: Միաժամանակ խթան հանդիսանալով մեր աշխարհով մէկ տարուող պայքարին ի դէմ Ադրբեջանի եւ Թուրքիոյ հայատեաց եւ ցեղասպանական քաղաքականութեան:
Արցախը մինակ չի մարտնչիր, ան ունի ամբողջ հայութեան նեցուկը:
Մենք կը հաւատանք որ 2020ի պարտութիւնն ու այսօրուան ճգնաժամը ժամանակաւոր են եւ համազգային ճիգերով յաղթահարելու ենք ներքին թէ արտաքին ամէն խոչընդոտ:
Կը շնորհաւորենք ընկեր Դաւիթ Իշխանեանին իր նոր ու պատասխանատու պաշտօնին ընտրուելուն առիթով եւ կը մաղթենք բեղուն գործունէութիւն եւ լիակատար յաջողութիւն:
«Ապառաժ»