Յակոբ Բագրատունի
Անվերադարձ մեկնեցաւ 2024 տարին` իր արհաւիրքով, պատերազմով, քանդումով, աւերով, նահատակներով եւ գաղթականութեամբ:
Առանց ափսոսանքի ղրկեցինք 2024-ը` միաժամանակ յիշելով անոր թողած ցաւն ու կսկիծը, տառապանքը, սարսափը, կորուստը: Բայց նաեւ կը յիշենք ու պարտաւոր ենք յիշել պատերազմի արհաւիրքին դիմաց հաւաքական տոկուն կեցուածքը, մարդկայնական եւ քաղաքացիական զօրակցութիւնը եւ կեանքին փարելու լիբանանցիին վճռականութիւնը:
Փայլուն չէին նաեւ Հայաստան հայրենիքի օրերը. ինչքան ալ փորձենք խնդիրները դիտել զսպուածութեամբ եւ դրական մօտեցումներով, պատասխանատուութեան խոր գիտակցութեամբ, այսուհանդերձ Արցախի յանձնումէն ետք, Հայաստանի հողային ամբողջականութիւնը մնաց վտանգուած, առանց դեռ խօսելու Հայաստանի հայկականութեան սպառնացող տարաբնոյթ վտանգներուն մասին:
Այսօր, Ս. Ծննդեան հրաշափառ տօնին, 2025 թուականին առաջին օրերուն, Հայաստանի եւ հայութեան դաւանած Ս. Ծննդեան տօնին, սովորական տօնական, եկեղեցական եւ խրախճանքային մթնոլորտէն անդին, նոր փուլի մը դէմ յանդիման կը գտնուինք, ուր անցեալէն սորվելու, սխալները սրբագրելու, անձնական կեանքի ներհայեցողութեամբ եւ հաւաքական կեանքի վերագնահատումով նոր ուղիներ գտնելու եւ այդպիսով վերանորոգման եւ վերականգնողական տրամաբանութեամբ մտածելու եւ գործելու փուլ մը պարտինք դիմաւորել:
Յուսահատութենէ անդին, յոյսը պարտինք վերակերտել:
Հաւատքը կորսնցնելու փոխարէն մեր հաւաքական արժէքները պարտինք վերահաստատել:
Նորը կապկելու փոխարէն պարտինք Հայկական Նորը կառուցել:
Յանձնուողականութենէ, բացառաբար դժգոհութիւններ յայտնելու, ստեղծուած կացութիւնները պարտուողականութեամբ ընդունելու փոխարէն բանիւ եւ գործով, իմաստաւորուած աշխատանքով ու հաւաքական ճիգով պարտինք վերընձիւղուիլ:
Ամէն ինչ սեւ, քանդուած, անյոյս տեսնելու փոխարէն, պարտինք վերակառուցել մենք զմեզ եւ հաւաքական անհանգստութիւնը վերածել ընդհանրական բարւոքութեան:
Իւրաքանչիւր հայու, Լիբանանի քաղաքացի թէ այլուր, անհատական կարողութիւնները պարտինք ի սպաս դնել հաւաքական կարողականութեան բարձրացման գործին:
Կարծիքերու տարբերութիւնները, գործելաոճային խնդիրները, յարանուանական, գաղափարական թէ միութենական տարբերութիւնները պարտինք չվերածել քինախնդրութեան, անտեղի եւ անիմաստ մրցակցութեան, որմէ ոչինչ կ՛օգտուի հաւաքականութիւնը, այլ ընդհակառակն` ջուր կը լեցնէ թշնամիի ջաղացքին:
Իւրաքանչիւրս, ինչ պատասխանատուութեան դիրքերու վրայ ալ գտնուինք, խանձարուրով պատուած նորածին Մանուկին համեստութեամբ պարտինք լծուիլ աշխատանքի, եկեղեցականն ու աշխարհականը, հարուստն ու աղքատը, բարձր վկայականներու արժանացող անհատը թէ համեստ ուսումի տէր անձը, կինն ու այր մարդը, պաշտօնեան, ուսուցիչը, մտաւորականն ու բանուորը, բոլորս անխտիր տալիք ունինք մեր ժողովուրդին:
6 յունուար 2025-ին կրնա՞նք խոստանալ հաւաքական վերականգնումի գործին բերել մեր բաժինը:
Մեր Ս. Ծնունդը սովորական Ծնունդ չէ: Հայ ժողովուրդին Ս. Ծնունդն է:
Ու իբրեւ այդպիսին, երբ Ս. Ծնունդը կ՛աւետենք «ձեզի մեզի մեծ աւետիս»-ով, գիտակցինք, որ մեր ժողովուրդի կամքի վերընձիւղումը լաւագոյն աւետիսը պէտք է ըլլայ այս տարի: