Ներկայ պատերազմէն պէտք է դուրս գանք ազգային միասնականութեան հասած նուազագոյն վնասներով, որովհետեւ Լիբանանի ապագան վտանգուած է. Բագրատունի

Ներկայ պատերազմէն պէտք է դուրս գանք ազգային միասնականութեան հասած նուազագոյն վնասներով, որովհետեւ Լիբանանի ապագան վտանգուած է. Բագրատունի

Յակոբ Բագրատունիի հարցազրոյցը «Էլ.Պի.Սի.» պատկերասփիւռի կայանին

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի եւ Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ Յակոբ Բագրատունի երէկ «Էլ.Պի.Սի.» պատկերասփիւռի կայանին հետ հարցազրոյցի ընթացքին պատասխանելով Միացեալ Նահանգներու մէջ 5 նոյեմբերին նախատեսուած նախագահական ընտրութեան եւ Լիբանանի ու Կազայի վրայ իսրայէլեան յարձակումին վրայ անոր ունենալիք ազդեցութեան մասին հարցումի մը յայտնեց, որ ընտրութիւնները ընդհանրապէս ոչինչ կը փոխեն, առաւելագոյն պարագային միայն մօտեցումներն են, որ կը փոխուին, որովհետեւ որոշումը ի վերջոյ ռազմավարական է, «խոր պետութիւն»-ն է, որ կ՛իշխէ, եւ պետական շահերը գերակայ են: Ան նաեւ նշեց. «Չեմ կարծեր, որ 5 նոյեմբերէն առաջ որեւէ բան փոխուի»:

Անդրադառնալով զինադադարի հաստատման համար թափուող ջանքերուն` Բագրատունի ըսաւ. «Զինադադարի հաստատման ամէն ջանք ողջունելի է: Կը մաղթենք, որ լուծումի նախերգանքին հասնինք, սակայն բանակցութիւններուն մէջ յառաջընթաց չենք նկատեր»:

«ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի թիւ 1701 որոշումի ամբողջական գործադրութիւնը առանց առաւելի կամ նուազի Լիբանանի համար առաւելագոյն ընդունելի լուծումն է: Որեւէ այլ բան Լիբանանի գերիշխանութեան իսրայէլեան ոտնահարումներուն օրինականացում է», յայտնեց ան` նշելով, որ Լիբանանի պաշտօնական դիրքորոշումը «թիւ 1701 որոշումի գործադրութիւն եւ վերջակէտ» է:

Բագրատունի շեշտեց, որ ներկայ պատերազմէն պէտք է դուրս գանք ազգային միասնականութեան հասած նուազագոյն վնասներով, որովհետեւ Լիբանանի ապագան վտանգուած է:

Անդրադառնալով պատերազմի աւարտէն ետք վերակառուցման աշխատանքին` ան հարց տուաւ. «Ո՞ր պետութիւններն են, որոնք պիտի աջակցին վերակառուցման աշխատանքին եւ ի՞նչ նախապայմաններով»:

Ինչ կը վերաբերի Լիբանանի հանրապետութեան նախագահի ընտրութեան հարցին, Բագրատունի յայտնեց. «Նախագահը պիտի ընտրուի զինադադարի հաստատումէն եւ թիւ 1701 որոշումի գործադրումէն ետք: Նախագահ չընտրուելուն պատճառը համաձայնութիւն գոյացնելու համոզումին բացակայութիւնն է»:

Ան աւելցուց, որ նախագահը համաձայնական պիտի ըլլայ, իսկ եթէ նախագահ չընտրուի, խորհրդարանական ընտրութիւններ պիտի չըլլան` շեշտելով. «Երկիրը վտանգուած է: Ես ահազանգ կը հնչեցնեմ»:

Share