Երեսփոխան Բագրատունի բարձր գնահատեց Արցախի գծով արդարութեան եւ ազգերու ինքնորոշման իրաւունքներու շրջագիծին մէջ Ֆրանսայի կեցուածքը, որ կը զօրակցի հայութեան պահանջներուն:
ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի եւ Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի երէկ առաւօտեան ժամը 8:30-ին հանդիպում մը ունեցաւ Լիբանանի համար յատուկ ֆրանսայի նախագահ Էմանուել Մաքրոնի անձնական պատուիրակ Ժան Իվ Լը Տըրիանի հետ:
Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան լիբանանեան իրադարձութիւնները, յատկապէս երկիրը յուզող քաղաքական տագնապը, որուն շրջագիծին մէջ Լը Տըրիան ներկայացուց Լիբանանի նախագահական ընտրութեան մասին Տոհայի մէջ գումարուած հնգակողմանի հանդիպումին խորհրդակցութեան արդիւնքը:
Այդ ծիրին մէջ Լը Տըրիան շեշտեց, որ սեպտեմբերին պիտի վերադառնայ Լիբանան` նախագահի ընտրութեան օրակարգով երկխօսութեան նիստ կայացնելու:
Լը Տըրիան նկատել տուաւ, որ լիբանանցիները պէտք է գիտակցին, որ այս հարցին լուծումը իրենց մօտ կը գտնուի` աւելցնելով, որ սեպտեմբերի խորհրդակցութիւնները նախագահի ընտրութեան վերջին առիթը կը նկատուին:
Իր կարգին, Յ. Բագրատունի յայտնեց երկխօսութեան հանդէպ ՀՅ Դաշնակցութեան խոր հաւատքը` աւելցնելով, որ երկխօսութիւն չկատարելու պարագային երկիրը պիտի առաջնորդուի դէպի բախում եւ քայքայում, ինչպէս էր պարագան անցեալին:
Յ. Բագրատունի ընդգծեց ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէին եւ Հայկական երեսփոխանական պլոքին համաձայնութիւնը, որ կայանալիք երկխօսութեան ընթացքին միայն նախագահի ընտրութեան հարցը քննարկուի:
«Անհրաժեշտ է, որ նախագահը ընդունելի ըլլայ քրիստոնեայ եւ իսլամ զանգուածներուն կողմէ, չունենայ միատեսակ յատկանիշ եւ կարենայ պատրաստել ու առաջարկել բարենորոգումներու ծրագիր մը, որ ընդունելի ըլլայ թէ՛ արաբական եւ թէ՛ արեւմտեան աշխարհին համար», հաստատեց Յ. Բագրատունի:
Միւս կողմէ, երեսփոխան Բագրատունի բարձր գնահատեց Արցախի գծով արդարութեան եւ ազգերու ինքնորոշման իրաւունքներու շրջագիծին մէջ Ֆրանսայի կեցուածքը, որ կը զօրակցի հայութեան պահանջներուն:
Այս մասին Լը Տըրիան յայտնեց, որ Արցախի հարցով Ֆրանսա կ՛աշխատի մեկնելով իր համոզումներէն` աւելցնելով, որ ինք բարեկամ է Հայաստանի եւ հայութեան:
Յ. Բագրատունի-Լը Տըրիան խորհրդակցութիւնները աւարտեցան սեպտեմբերին դարձեալ հանդիպելու յոյսով: