Սալման Ռուշտին սպաննել փորձած անձին անունը՝ Հատի Մաթար

Սալման Ռուշտին սպաննել փորձած անձին անունը՝ Հատի Մաթար

Աղբիւրը կը հաղորդէ, որ Նիւ Ճըրզիի Չաութաքուա շրջանի դատախազութիւնը, յայտարարած է, որ Նիւ Եորքի մէջ, դասախօսութեան ժամանակ, արձակագիր Սալման Ռուշտիի վրայ յարձակման մէջ կասկածուող՝ 

Հատի Մաթարը, սպանութեան փորձի յանցագործութեամբ կալանաւորուած է։

Աղբիւրը կ՚աւելցնէ, թէ լիբանանեան արմատներով՝ 24-ամեայ Մաթարը ծնած է Գալիֆորնիոյ մէջ եւ վերջերս տեղափոխուած ՝ Նիւ Ճըրզի։

Նիւ Եորքի ոստիկանութիւնը տակաւին չէ հաստատած արարքին պատճառը, սակայն, ինչ որ յստակ է, թէ ան կապեր չունի Իրանի հետ։

 Իր կարգին Լիբանանի հարաւը գտնուող, Պընթ Ժպէյլ քաղաքի, Եարուն շրջանի քաղաքապետ՝ Ալի Քասէմը «Ալ-Նահար»-ին հաստատած է, որ Հատի Մաթարի ծնողները Եարունէն եղած են, բայց Հատին, ծնած ու ապրած է ԱՄՆ-ի մէջ եւ Եարուն երբեք չէ այցելած։ 

Յիշեցնենք, որ արձակագիր Սալման Ռուշտին, տարիներէ ի վեր մահուան սպառնալիքներ կը ստանար, իր գրած՝ «Սատանայական հատուածներ» վէպին համար:

Share