Անցնոց շաբաթ եւ մինչ օրս, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը կը շարունակէ մօտէն հետեւիլ Հալէպի մէջ զինեալ խմբաւորումներու յարձակումներու հետեւանքով ստեղծուած մտահոգիչ իրավիճակին։
Վեհափառ Հայրապետը մնայուն կապի մէջ ըլլալով Մակար Սրբազանին եւ համայնքի պատասխանատուներուն հետ, իր բարձր գնահատանքը յայտնեց անոնց, որ բարձրագոյն աստիճանի պատասխանատու ոգիով մօտէն կը հետեւին հայ համայնքին բարօրութեան։
Ընդդիմադիր զինեալները ներկայացնող անհատներ այցելելով հայ եւ քրիստոնեայ համայնքներու պատկանող բնակարաններ ու կեդրոններ՝ յայտնած են, թէ պասրաստ են առօրեայ կենցաղային կարիքներու ապահովման գծով հարկ եղած օժանդակութիւնը ցուցաբերել կամ որեւէ դժուարութեան պարագային օգտակար դառնալ։
Նշենք նաեւ, որ Մակար Սրբազանը եւ հայ համայնքի պատասխանատուները, թէ՛ Հալէպի եւ թէ՛ Քէսապի մէջ, թելադրած են մեր ժողովուրդի զաւակներուն տուները մնալ եւ անհրաժեշտութեան պարագային կապ հաստատել Ազգային Առաջնորդարանին կամ համայնքային կեդրոններուն հետ։