Կիրակի, 5 Յունիս 2022-ին, ՀԲԸՄ-ի Մանուկեան-Տէմիրճեան վարժարանի սրահին մէջ մեծ շուքով տեղի ունեցաւ ամավերջի հանդէս եւ վկայականաց բաշխում:
Հայաստանի, Միացեալ Նահանգներու եւ ՀԲԸՄ-ի քայլերգներու յոտնկայս ունկնդրութենէն ետք, օրուան հանդիսավարը ներկաներուն բարի գալուստ մաղթեց ապա գնահատական խօսքով անդրադարձաւ դպրոցի աշխատանքներուն, շնորհակալութիւն յայտնելով վարժարանի ուսուցչական կազմին եւ աշակերտութեանը անցնող ուսումնական տարուայ ձեռքբերումներու համար։
ԺԲ․ դասարանի աշակերտութեան վկայականաց բաշխման հանդիսաւոր արարողութենէ առաջ օրհնութեան խօսքով հանդէս եկաւ Արեւմտեան Թեմիս Բարեխնամ Առաջնորդ՝ Գերշ․ Տ․ Յովնան Ս․ Արք․ Տէրտէրեանը։ Սրբազան Հայրն իր խօսքին մէջ բարձր գնահատեց վարժարանի տնօրէնութեանը, ուսուցչական կազմին եւ ծնողներուն, որոնք իրենց զաւակները ամենայն մեծ նուիրումով եւ հոգատարութեամբ Հայկական դպրոց կ’ուղարկեն ամուր պահպանելու համար հայկականութիւնն ու Հայոց Լեզուն։
Սրբազան Հայրը նաեւ մէկ անգամ եւս կարեւորեց հայ դպրոցի եւ ազգային կրթութեան առաքելութիւնը, նշելով, որ ան մշտապէս եղած է եւ կը մնայ հայ ինքնութեան եւ հայակերտումի միակ ու նուիրական ճանապարհը։ Այնուհետեւ իր խօսքին վերջաւորութեանը շնորհաւորեց շրջանաւարտները, զիրենք մաղթելով նորանոր յաջողութիւններ կեանքի բոլոր ասպարեզներէն ներս։
Դիւան Առաջնորդարանի