Հ.Բ.Ը.Մ. Մանուկեան Տէմիրճեան Դպրոցի շրջանաւարտներու ուխտ

Հ.Բ.Ը.Մ. Մանուկեան Տէմիրճեան Դպրոցի շրջանաւարտներու ուխտ

Հովանաւորութեամբ ու ներկայութեամբ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Արեւմտեան Թեմի Առաջնորդ՝ Գերշ. Տէր Յովնան Արք. Տէրտէրեանի, Հինգշաբթի 6 Յունիսի կէսօրին, Լոս Անճէլըսի Վէն Նայսի Սուրբ Պետրոս Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ Հ.Բ.Ը.Մ. Մանուկեան Տէմիրճեան ամենօրեայ դպրոցի շրջանաւարտներու աւանդական ուխտի արարողութիւնը:  Սրբազան հօր կողքին շրջանաւարտներու ուխտի արարողութեան ներկայ գտնուեցան Սրբոց Ղեւոնդեանց Մայր Տաճարի հոգեւոր տեսուչ՝ Հոգշ Տ. Երեմիա Վրդ. Աբգարեան, Վէն Նայսի Սուրբ Պետրոս Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Արժ. Տ. Շնորհք Ա. Քահանայ Տէմիրճեան, Արժ. Տ. Գեւորգ Քհնյ. Աբեան, Դպրոցի ընդհանուր տնօրէն Տիար Դաւիթ Ղուկասեան, ուսուցչական կազմի անդամներ եւ ծնողներ:

Իր բացման խօսքին մէջ Տէր Շնորհք Ա.  Քահանայ Տէմիրճեան բոլորին բարի գալուստ մաղթելէ ետք անդրադարձաւ հայ դպրոցի եզակի կոչումին ու  առաքելութեան: Ապա դպրոցի տնօրէն Տիար Դաւիթ Ղուկասեան խօսք առնելով, նախ շնորհակալութիւն յայտնեց Առաջնորդ Սրբազան հօր ներկայութեան եւ հովանաւորութեան համար, ապա շնորհաւորեց շրջանաւարտները եւ անոնց  մաղթեց փայլուն ապագայ եւ նորանոր յաջողութիւններ իրենց ուսումնական յաջորդ փուլին: Այնուհետեւ շրջանաւարտներու անունով Անի Յակոբեան եւ Գեւորգ Սողոմոնեան փոխանցեցին իրենց սրտի խօսքերը: Անի Յակոբեան ըսաւ, որ «եկած է ժամանակը հրաժեշտ տալու դպրոցին, ուր տասներեք տարիներու ընթացքին լեցուեցանք ոչ միայն դասընթացքներով այլ հարուստ փորձառութեամբ, ուր սորվեցանք ընկերութեան արժէքը, քրտնաջան աշխատանքի կարեւորութիւնը եւ հաստատակամութեան ուժը»: Ան աւելցուց ըսելով, թէ «Հ.Բ.Ը.Մ. Մանուկեան Տէմիրճեան ամենօրեայ դպրոցի յարկին տակ ո՛չ միայն սնուեր է մեր միտքը, այլեւ՝ մեր հոգին, շնորհիւ մեր քրիստոնէական հաւատքին, որը մեր մէջ հիւսուեր է դպրոցական տարիներուն»: Իսկ Գեւորգ Սողոմոնեան իր խօսքին մէջ ընդգծեց դպրոցին, ուսուցիչներուն եւ եկեղեցիին կենսական դերերը, որոնք «միասնաբար գործակցելով կերտեցին մեր ինքնութիւնը», ըսաւ ան: Անդրադառնալով ուսուցիչներու եզակի դերին, ան վկայեց,  թէ «անոնք ոչ միայն ուսուցիչներ են, այլեւ դաստիարակներ եւ  ուղեցոյցներ, որոնք ուսման կրքի բոցն ու  ինքնավստահութիւն կը սերմանեն բոլորի սրտին ու մտքին մէջ»:

Արեւմտեան Թեմի Առաջնորդ Բարձրաշնորհ Տէր Յովնան Արք. Տէրտէրեան իր փակման խօսքին մէջ շրջանաւարտներուն ուղղելով իր պատգամը ըսաւ- «Տօնական է այս օրը, որովհետեւ բոլորս հաւաքուած ենք մեր աղօթքը բարձրացնելու առ Աստուած եւ երախտագէտ սրտի զգացումներով մեր կեանքի մէջ տօնախմբելու Հ.Բ.Ը. Միութեան շրջանաւարտներու ուսումնառութիւնը եւ ձեռք բերած յաջողութիւնը, տարիներ շարունակ ցուցաբերած իմաստութիւնն ու աշխատասիրութիւնը, իրենց էութեան մէջ մշակելու տիպար հայը, ազնիւ զաւակը մեր ազգի ու եկեղեցւոյ»: Սրբազան հայրը իր խորին շնորհակալութիւնը փոխանցենք ծնողաց, տնօրէնութեան եւ ուսուցչական կազմին, որոնք «բոլորով լծուեցան հայ դպրոցի առաքելութեան եւ հաւատացին, որ այս ճանապարհին մեր զաւակաց կեանքը կ՛առաջնորդեն դէպի նորանոր յաջողութիւններ եւ կատարելութիւն»:  Վերջապէս, Առաջնորդ Սրբազանը իր խօսքը ուղղելով շրջանաւարտներուն ըսաւ.-«Մեր սպասումն է եւ Ձեր տեսլականը պէտք է ըլլայ Ձեզի տրուած կարողութիւններն ու շնորհները բազմապատկել, այս կեանքին մէջ բնական ձգտումն ունենալով կատարեալին: Թող Աստուած մշտապէս օրհնէ Ձեզ: Կեանքը ապրեցէք հաւատքով եւ բարի գործերով , որպէսզի դառնաք օրհնութիւն մեր Սուրբ Եկեղեցւոյ ու ազգի համար»:

Ապա Արբազան հօր նախագահութեամբ տեղի ունեցաւ ժամերգութիւն, որու աւարտին շրջանաւարտները ստացան սուրբ Հաղորդութիւն եւ ապա միաբերան կատարեցին ուխտագրի ընթերցումը, ուր անոնք խոստացան բարձր պահել դպրոցին անունը, պահպանել հայ գիրն ու մեր հոգեմտաւոր արժէքները:

Դիւան Առաջնորդարանի

Յունիս 8, 2024

Share