Համաշխարհային հայկական գագաթաժողով կամ «տնային խօսակցութիւններ»

Համաշխարհային հայկական գագաթաժողով կամ «տնային խօսակցութիւններ»

Համաշխարհային հայկական գագաթաժողովը, կազմակերպուած Հայաստանի Սփիւռքի յանձնակատարութեան կողմէ, յանձին Զարեհ Սինանեանի, տեւեց 17-էն 20 Սեպտեմբեր։ Թէ ի՞նչ որակ ունէր այդ ժողովը՝ աւելորդ է երկար խօսիլ: Գլխաւոր ցուցանիշն էր Նիկոլ Փաշինեանի հնացած նորութիւններու շարանը…

Յստակ էր, թէ ի՛նչ պատճառներով այդ թուականները նկատի առնուած էին։ Օր մը ետք, Սեպտեմբեր 21-ին պիտի նշուէր Հայաստանի վերանկախացման 33-րդ տարեդարձը եւ այսպէս՝ հոծ բազմութեամբ եւ յիշատակութեամբ կարելի պիտի ըլլար տօնել այս պատմական օրը։ Երգիծաբանը՝ Օտեան, պիտի ըսէր. «…եւ ամբոխը առաւ պատկառելի երեւոյթ»:

Արդեօք կազմակերպողներուն մտքէն անցա՞ծ էր, թէ այդ թուականները կը զուգադիպէին Արցախի ամբողջական պարպումի տարելիցին։ Դժուար պիտի չըլլայ հաստատելը, թէ անոնց վերջին մտահոգութիւնն իսկ չէր այդ աղէտը: Այդ «տրամաբանութեամբ» ալ ընթացաւ այս Համաշխարհային հայկական գագաթաժողովը, որուն բացման հանդիսութեան պահուն, վարչապետ Փաշինեան զայն որակեց «մեր տան խօսակցութիւնը», որ պարզ հայերէնով կը նշանակէ… անարժէք դատարկաբանութիւն, թէեւ կարգ մը դատարկաբանութիւններ որոշ «արժէք» կ’ունենան։

Վարչապետը շեշտեց, որ Հայաստան երբեք իր ժողովրդավարութիւնը պէտք չէ հակադրէ իր տարածաշրջանին։ Պէտք է քիչ մը «սուրճի գաւաթ կարդացող ըլլալ», հասկնալու՝ թէ ճիշդ ի՞նչ ըսել կ՛ուզէր ան, իր այս հաստատումով։ Գոնէ մէկ բան ենթադրելի է. ժողովրդավարութեան սիրոյն պէտք է հողատարա՞ծք յանձնել, յանձնուի՞լ, կամ արդեօք այդ չնաշխարհիկ «փիլիսոփայութեան» ծուղակին մէ՞ջ իյնալ։

«Պատմական Հայաստանի խրախուսումով՝ ուրիշներ ուզած են, որ մենք տեսական հայրենիք մը ունենանք ու զայն սիրենք։ Եկէ՛ք, մենք նկատենք մեր հայրենասիրութեան կործանարար կողմը՝ մեր իսկ տեսակէտը։ Այդ հայրենասիրութեան բովանդակութիւնը մենք չենք բանաձեւած», նշեց վարչապետը, իր իսկ յայտարարութեան զոհը դառնալով, ինքզինք անոր մէջ խճճելով։

Դեռ աւելին, ան ամենայն համոզումով շեշտեց, թէ պետութեան, ազգի եւ ժողովուրդի վերաբերեալ խնդիրներուն մէջ պէտք է առաջնորդուիլ «յստակ հայեցակարգերով»։ Պահ մը մոռնանք, թէ անոր օր աւուր՝ ինքզինք հակասող ու դրժող կեցուածքներէն ի՞նչ «յստակ հայեցակարգ» ծնած է մինչեւ օրս, այլ աչքի առջեւ ունենանք իր մէկ քանի յայտարութիւններն ու արտայայտութիւններ եւ հարց տանք, թէ ինչպէ՞ս կարելի է չմոլորորիլ կամ չսայթաքիլ, երբ նոյնիսկ Հայոց Պատմութիւնն անգամ Հայաստանի պատմութեան վերածուելով՝ արմատախիլ կ՛ըլլայ եւ կը կորսնցնէ իր հիմքն ու կողմնացոյցը։

Վարչապետը կը խօսի Հայաստանի մէջ ապագայ ծրագրելու մշակոյթի մը մասին։ Մշակո՞յթ է նման ծրագիր մը հաստատելը, թէ՞ ազգային լուրջ եւ խոր պարտականութիւն կամ մասնագիտութիւն, բծախնդրութեամբ պատրաստուած ճամբու քարտէս։

Հապա երկրի անվտանգութի՞ւնը, որ պէտք է խարսխուած ըլլայ օրինականութեան հիմքերու վրայ, եւ եթէ հիմքը օրինականութիւնը չըլլայ, ապա երկիրը ինքնաբերաբար թիրախ կը դառնայ։

Օրինականութիւն ըսելով, արդեօք ի՞նչ պէտք է հասկնալ։ Այս պարագային ինչպէ՞ս կարելի է զանազանել օրինականութիւնը՝ բռնատիրութենէն։

Այս բոլորին լոյսին տակ, վարչապետը այնքան մը լաւատես է, որ յամառօրէն կառչած կը մնայ այն գաղափարին, թէ 2050 թուականին երկրի բնակչութեան թիւը աննախընթաց բարձրացում արձանագրելով, պիտի հասնի հինգ միլիոնի: Ո՞վ չ’ուզեր։ Իսկ այսօր, նոյնինքն պետութեան հաշուարկները ցոյց կու տան, որ արտագաղթը չէ սանձուած, իսկ աւելի՛ ցաւալին՝ արտագաղթողներուն մէջ մեծ է թիւը… բռնագաղթուած արցախցիներուն, որոնք ի՛ր իսկ իշխանութեան կողմէ իրողական հալածանքներէ խոյս կու տան…

Դժբախտաբար նոյն որակի՝ կիսատ-պռատ հակասական հաստատումներ, մեկնաբանութիւններ եւ եզրակացութիւններ հնչեցին նաեւ Մ.Ա.Կ.-ի ամպիոնէն (Նիւ Եորք) իր արտասանած ճառին մէջ, մի՛շտ հաւատարիմ մնալով իր իսկ որակած՝ «տնային խօսակցութիւններ» տրամաբանութեան եւ Հայաստանի մէջ ընտրապայքարի իր բառամթերքով:

Էրտողանի հետ հանդիպումն ալ փաստացի նոր դժբախտութիւն մըն է, որուն մասին պէտք չունինք երկար մեկնաբանութիւններ ընելու:

Մտահոգիչը այն է, որ հայորդին այս կործանարար յայտարարութիւններուն դիմաց կը մնայ լուռ դիտող-ունկնդրողի պատեանին մէջ, գործնապէս չի բացագանչէր՝ «ա՛լ կը բաւէ», ձեռքերն ու կարողականութիւնները ի մի բերելով՝ վերջ չի դներ սնանկ ամբոխահաճութեան ու հայրենիքը կորուստէ կորուստ տանող …տնավարի քաղաքականութեան:

Հայրենիք» – Պոսթըն
Խմբագրական

Share