Վրացի հոգեւորականները պիտի այցելեն Արցախի` 44-օրեայ պատերազմին պատճառով Ազրպէյճանի կողմէ բռնագրաւուած տարածքներ:
Այս մասին Մառնէուլի մէջ Ատհայի տօնին առիթով կազմակերպուած ձեռնարկի ընթացքին յայտարարած է Վրաստանի մէջ Ազրպէյճանի դեսպան Ֆայիկ Կուլիեւը:
Այցելութիւնը պիտի կազմակերպուի մօտիկ ապագային: