Փոխադարձ այցելութիւն Յովնան Արք. Տէրտէրեանին

Փոխադարձ այցելութիւն Յովնան Արք. Տէրտէրեանին

Չորեքշաբթի, 26 Յունիս 2024-ին, Արեւմտեան Թեմի Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Գեղամ Ս. Արք. Խաչերեան, եղբայրական փոխադարձ այցելութիւն տուաւ Էջմիածնական Թեմի Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Յովնան Ս. Արք. Տէրտէրեանի, ընկերակցութեամբ՝ Գերպ. Տ. Միւռոն Ծ. Վրդ. Ազնիկեանի եւ Հոգշ. Տ. Զարեհ Վրդ. Սարգիսեանի:

Հոգեւոր հայրերու միջեւ զրոյցը ընթացաւ Արեւմտեան Թեմը աւելի եւս բարելաւելու եւ պայծառացնելու նպատակով աշխատանքային հասարակաց ծրագիրներ խթանելու անհրաժեշտութեան ուղղութեամբ:

Զոյգ Առաջնորդները նաեւ իրենց փորձառութեանց հիմամբ անդրադարձան ներկայ աշխարհի մարտահրաւէրներուն դիմաց հայ ընտանիքի եւ հայ եկեղեցւոյ դիմագրաւած դժուարութիւններուն, կատարեցին շինիչ դիտարկումներ եւ փոխանակեցին կարծիքներ:

Եղբայրական ջերմ մթնոլորտի մէջ ծաւալած զրոյցի ընթացքին, միացեալ գործակցութեան իբրեւ գործանական քայլ՝ կարեւոր նկատուեցաւ երկու կողմերու մասնակցութեամբ յառաջացնել յատուկ յանձնախումբ, որ պիտի զբաղի երկուստեք շահագրգռող ծրագիրներու համադրութեամբ:   

Share