Կարօ Վ. Մանճիկեան
Երբ սեպտեմբեր ամիս կը հասնինք, մտքիս մէջ պատմական թուականներ իրենց էութեամբ կը վերականգնին ու զիրար կը հրմշտկեն` մերթ հպարտանք ու ուրախութիւն բուրելով, ապա նաեւ մռայլ ու ցաւալի ապրումներ կը վերազարթնեցնեն:
Սեպտեմբեր 21-ը Հայաստանի վերանկախացման թուականն է. այդ օրը Հայաստանը դուրս եկաւ Խորհրդային Միութեան կազմէն:
2018-ի իշխանափոխութենէն առաջ` «նախկիններուն» օրերուն, որոշ շրջանակներ, պետական թէ արտապետական, մեծ ճիգ կը թափէին սեպտեմբեր 21-ը այնպիսի մեծ շուքով տօնելու, կարծես թէ մտասեւեռումը ունէին մայիսը 28-ը` այդ հրաշքանման ու ազգային գոյապայքարի թուականը, ստուերի մէջ նետել (ինչպէս որ ցայսօր մայիս 28 կերտող փաղանգի ղեկավարին` անկրկնելի Արամ Մանուկեանին տունը շուքի մէջ լքուած է):
Սակայն 2018-ով սկսած 27 սեպտեմբեր 2022-ին սկիզբ առած Արցախի 44-օրեայ պատերազմը տեղի ունեցաւ, ու քիչ անց` 2023-ի սեպտեմբեր 28-ին, լուծարուեցաւ Արցախի` իր ճակատագիրին լքուած հերոսական բանակը, ապա աշնանային ոսկեգոյն սեպտեմբերի ամիսը զգեցաւ ամէնէն մռայլ ու գորշ զգեստը:
Ի՞նչ հակասութիւն. սեպտեմբեր եւ Հայաստանի վերանկախութեան տօն. ու սեպտեմբեր` Արցախի անկախութեան կորուստ:
Յիշողութիւնս ակամայ կ՛երթայ 2014-ի մարտ 21-ի թուականը, երբ տեղի ունեցաւ ծննդավայրիս` Քեսապ հայաւանի բռնագրաւումը թրքական եւ թրքամէտ ահաբեկչական հրոսակախումբերուն կողմէ, ու մենք` քեսապահայութեան մեծամասնութիւնը, ապաստան գտանք Լաթաքիա (ոմանք նաեւ` Լիբանան ու Հայաստան):
Այդ օրերուն, որպէս մամլոյ հետ կապի լիազօր պատասխանատու, հեռակապով («Սքայփ») Արցախէն ինծի միացան ՀՅԴ Արցախի ԿԿ-ի ընկերներ` Դաւիթ Իշխանեանը (որուն ծանօթ էի 2009-էն), Գէորգի Պետրոսեանը (որ առաջին անգամ կը տեսնէի) եւ ուրիշներ:
Իրենց նախաձեռնած այդ կապը կը նպատակադրէր մեր մասին հետաքրքրուելով` փարատել իրենց մտահոգութիւնները, արտայայտել իրենց զօրակցութիւնը քեսապահայութեան ու հարցադրել, թէ կարելի՞ էր որեւէ ձեւով օգտակար հանդիսանալ:
Սակայն, ափսո՜ս, Արցախի 44-օրեայ պատերազմի սկիզբէն մինչեւ Արցախի կորուստը, ապա նաեւ Դաւիթ Իշխանեանի եւ միւս պատասխանատու անձնաւորութիւններուն գերեվարութիւնը, չյաջողեցայ կապ մը ստեղծել, մասամբ իրենց այդ օրհասական գոյապայքարի օրերուն մէջ գտնուելու, ապա եւ հեռակապի չգոյութեան պատճառով (բան մը, որ ցայսօր ջաղացքի քարի մը ծանրութեամբ կը ճնշէ սրտիս ու խղճիս վրայ):
Քեսապահայութեան տեղահանեալ վիճակի երեք ամիսներուն մեր մօտ` Լաթաքիա եկան բազմաթիւ անձնաւորութիւններ` պետական, ազգային, կրօնական, կուսակցական… եւ ուրիշներ:
Այդ այցելուներուն հետ տեղի ունեցան բազմատեսակ զրոյցներ, նպաստներու, ապաստանավայրերու առնչութեամբ, կամ Քեսապ վերադառնալու կարելիութիւններուն ու յոյսերու մասին:
Անոնցմէ մէկուն հետ մտերմիկ զրոյցի մը ընթացքին արծարծուեցաւ քեսապահայութիւնը այլուր վերաբնակեցնելու հնարաւորութիւնը` հաւաքաբար, եթէ Քեսապը ազատագրելու ելք ու ճար չմնայ… օրինակ` Այնճար, Հայաստան թէ Արցախ, քան թէ տեսնել զանոնք աշխարհացրիւ վիճակի մէջ:
Անշուշտ որ ներկաներուս միահամուռ արտայայտութիւնն ու պատասխանը եղաւ, թէ քեսապահայութիւնը լիայոյս է, որ սուրիական պետութիւնը եւ բանակը շուտով կ՛ազատագրեն Քեսապը:
Քեսապահայերուս համար դժուար էր երեւակայել, թէ իր պատմական, լեռնային ու քարքարոտ հողէն արմատախիլ եղած ծառը` իմա` քեսապահայութիւնը, ինչպէ՞ս կրնար վերապրիլ այլուր, թէկուզ` սիրելի ու պարարտ հողերուն մէջ:
Քեսապը ազատագրուած տեսնելու յոյսը, սուրիական բանակին հանդէպ կայացած համարումը, ապա հայութեան թափած բազմատեսակ ճիգերը յաջողեցան գրաւումէն 84 օրեր ետք ազատագրուած տեսնել Քեսապը, անշուշտ` այդ ազատագրական պայքարին համար նահատակուած մարտիկներուն արեամբ:
Քեսապի ազատագրութենէն ետք սուրիական կառավարութիւնը ճիգ չխնայեց տէր կանգնելու, նպաստելու, օժանդակելու Քեսապին:
Անուրանալի են անշուշտ համայն հայութեան կատարած նպաստներն ու օժանդակութիւնները:
Այսօր մենք ազգովին ականատես ենք Արցախէն արմատախիլ եղած արցախահայութեան աննախանձելի (չըսելու համար մռայլ) իրավիճակին:
Քեսապահայութիւնը ըմպած է տեղահանութեան դառն բաժակէն եւ գուցէ ամենալաւն է, որ կը հասկնայ արցախահայութեան իրավիճակը:
Ականատես ենք, որ դժբախտաբար ազգովին տէր չենք կանգնած արցախահայութեան, դժբախտաբար` Հայաստանի իշխանութիւններուն (գիտակցաբար թէ անգիտակցաբար) ու ձմեռնաքուն մտած սփիւռքեան մէկ մեծ զանգուածին կողմէ: Այնքան տէր կանգնիլ, որ արցախահայութիւնը, գէթ` նուազագոյնը, ունենայ կամ չկորսնցնէ իր բնօրրանը վերադառնալու յոյսը:
Երբ այս տողերը կը գրեմ, միտքս դէպի ետ կը սաւառնի` Հայաստան-սփիւռք 6-րդ համաժողով, որուն կը մասնակցէի իբրեւ Համազգայինի Կեդրոնական վարչութեան մէկ անդամը:
Բաժնուած էինք մասնագիտական խմբակներու, եւ ես` իբրեւ սուրիահայ, մաս կը կազմէի Միջին Արեւելքի տագնապահար երկիրներու հարցերով (հայութեան) զբաղող խմբակին:
Կային տասնեակ մը զեկուցաբերներ, որոնց շարքին էին Շահան արք. Սարգիսեանն ու Արմաշ արք. Նալպանտեանը:
Շահան սրբազանը մանրամասնօրէն ներկայացուց սուրիահայութեան ապրած տագնապի երեսները, իսկ Արմաշ սրբազանը արծարծեց սուրիահայութեան վերականգնումի հրամայականը, անոր օժանդակելու անհրաժեշտութիւնը` շեշտը դնելով այն երեւոյթին վրայ, որ անհրաժեշտ է միշտ ի մտի ունենալ սուրիահայութեան հաւաքական թէ անձնական արժանապատուութիւնն ու հոգեվիճակը…
Վերոյիշեալ զեկոյցները մեծ խռովք արթնցուցին մէջս: Որպէս տեղահանութիւն ապրած ու գիւղիս վերականգնումին մասնակից` լաւապէս կ՛ըմբռնէի սրբազան հայրերուն զեկոյցներու արծարծած գաղափարները:
Երբ ժողովավարը խօսք տուաւ մասնակիցներուն, ես ալ խօսք խնդրեցի, եւ իմ կարգս վերջինն էր:
Այդ համաժողովին միակ քեսապցին էի, որ կու գար ուղղակի Քեսապէն ու որպէս ատենադպիրը Սուրիահայութեան օգնութեան ու վերականգնումի Քեսապի գործադիր մարմինինի, կը փափաքէի խօսք առնելով երախտապարտութեան ու շնորհակալութեան խօսք արտայայտել այդ համաժողովին մասնակցողներուն միջոցով համայն հայութեան, որ օժանդակած էին Քեսապին, մանաւանդ` անոր վերականգնումի գործին, մտածելով, որ ատիկա յարմարագոյն վայրն ու պահն էր:
Ներաշխարհս խռովքով պատուած էր, հոգիս` ալեկոծ, ու յուզումէս կոկորդս սեղմուած էր. դողդողացող ձայնս կ՛արտացոլացնէր ներաշխարհս, երբ փորձեցի բառերս քով քովի բերել եւ արտայայտուիլ:
Երբ յուզախառն խօսքս կ՛աւարտէի, յանկարծ նշմարեցի, որ սփիւռքի նախարար Հրանուշ Յակոբեանը առջեւի պատուոյ շարքէն ոտքի ելած` սուրալով դէպի ինծի կ՛ուղղուի: (Ես նստած էի սրահին վերջին շարքը):
Նախարարուհին, ինքն ալ յուզուած, իր ապրումները արտայայտելով` գրկախառնուեցաւ հետս:
Այս երկար պատումը կատարեցի հարցադրելու համար, թէ արդեօք որքանո՞վ կ՛օժանդակենք արցախահայութեան` անոր գոյատեւման համար, անոր հոգեվիճակի բարելաւման համար, անոր տունդարձի յոյսը վառ պահելու համար…
Այս գծով մամուլին մէջ լոյս տեսած լուրերը շա՜տ շատ հեռու են մխիթարական իսկ ըլլալէն: Ընդհակառակը, տրուած լուրերուն ետին ակներեւ է հաւաքական կրաւորականութեան կամ անտարբերութեան երեւոյթը ու նոյնիսկ` ժխտողականութիւն: Իրազեկ կ՛ըլլանք երբեմն այնպիսի տնօրինումներու, որոնք կարծես տապարի հարուած են արցախահայերուն գլխուն:
Այս ամսուան կիսուն Համազգայինի Կեդրոնական վարչութեան ատենապետ ընկերս` մայեսթրօ Զաքար Քէշիշեանը, Հայաստան կը գտնուէր` վերակազմելու իր իսկ կողմէ Շուշիի մէջ հիմնած 32-ամեայ մանկապատանեկան երգչախումբը:
Մամուլին տուած իր զեկոյցին մէջ ան բառացիօրէն ըսաւ. «Մեր տան մէջ տարագիր` մենք կը շարունակենք ապրիլ երգով, ապրեցնել երգով եւ երգել բոլոր անոնց փոխարէն, որոնք չկարողացան իրենց կեանքի երգը լրիւ երգել»:
Մայեսթրօ Զաքարին երգչախումբէն` իր սաներէն, Արցախը պաշտպանելու համար ինկած են նահատակներ:
Վերակազմուած (2 տարուան պարտադիր դադարէն ետք) մանկապատանեկան «Վարանդա» երգչախումբին ելոյթը կը կրէր «Երգող Արցախ» խորագիրը: Ան Արցախի մէջ իր վերջին ելոյթը տուած էր 10 սեպտեմբեր 2022-ին եւ ունէր 120 երգողներ:
Խմբավար, շուիահար, տուտուկահար Զաքարը յաջողեցաւ Երեւան, Մասիս եւ Աբովեան քաղաքներուն մէջ ապաստանած 60 պատանի-պարմանուհիներով 13 սեպտեմբեր 2024-ին բեմ բարձրացնել «Երգող Արցախ»-ի տարագիր «Վարանդա» երգչախումբը:
Զաքարին կատարածը գուցէ փոքր, սակայն յանդուգն ու վիթխարի քայլ մըն էր ու գերգնահատելի մեծ քայլ` հոգեվերականգնումի իմաստով:
Սփիւռքէն մեկնած այս քայլը անշուշտ որ կը վերաբերի արցախահայութեան մէկ փոքր հատուածին: Սակայն ծովը կը կազմուի կաթիլ առ կաթիլ հաւաքուած ջուրով:
Ամէն գնով արցախահայութեան տէր կանգնելու, զանոնք իրենց տունն ու տեղը վերադառնալու յոյսը պահելով միա՛յն կարելի է ազատ Արցախ վերատեսնելու յոյսը ունենալ:
Այդ յոյսն ալ որ կորսուի, ալ ի՞նչ կը մնայ Արցախէն:
«Ալ կը բաւէ Տէր Աստուած,
Մեր տուն ու տեղ դարձուր մեզ»…
Սեպտեմբեր ամսուան այս տողերս, աշնանային մռայլ պոռթկումներու, արտայայտութիւններու փունջ մըն են` փոխան սեպտեմբերի 21-ի վերանկախացման հպարտ, խրոխտ ու զուարթ ապրումներու:
Սեպտեմբերեան Յուշեր Եւ Ապրումներ