Կարօ Արմենեան
Ապրիլի 11-ին լոյս տեսած յօդուածէս («Թօթափել Պատրանքները») անմիջապէս ետք, երկու կարևոր զարգացումներ եկան աւելի յստակօրէն հաստատելու յօդուածիս շարք մը եզրայանգումները։ Անոնցմէ առաջինն էր Ապրիլի 13-ին Վարչապետ Փաշինեանի խոստովանութիւն-ելոյթը ՀՀ Ազգային Ժողովի լիագումար նիստին առջև։ Իսկ երկրորդը՝ Նախ. Փութինի և ՀՀ Վարչապետին միջև ստորագրուած համաձայնագիրը Մոսկուայի մէջ։ Այս երկուքէն բխող հետևեալ դիտարկումները պէտք է անպայման մաս կազմեն ի նորոյ կազմաւորուող Ընդդիմութեան ներկայ քննարկումներուն.
(ա) Հակառակ այն իրողութեան, որ տակաւին յղումներ կան ԵԱՀԿ-ի Մինսքի Խումբի Համանախագահութեան գործընթացին, արդէն պարզ է ամենուն, որ յիշեալ գործընթացը այլևս տեղ չունի իրական դիւանագիտութեան մէջ։ Պրիւքսէլի հանդիպումով, Արևմուտքը փորձեց Արցախի հարցին արագօրէն տիրութիւն ընել նպատակ ունենալով դուրս պահել Մոսկուան և ենթադրելով երեւի, որ այս վերջինը զբաղուած է Ուկրայինայի պատերազմով և ի վիճակի չէ Կովկասին ուշադրութիւն յատկացնելու։ ԱՄՆ և Ֆրանսա կը թուէին նաև իրենց գրաւը դրած ըլլալ Ալիևի գործակցութեան վրայ։ Դէպքերը եկան ցոյց տալու հակառակը։ Մոսկուա անմիջապէս հակադարձեց Արևմուտքի նախաձեռնութեան՝ ցոյց տալով, որ ոչ Հայաստան և ոչ Ազրպէյճան ունէին անհրաժեշտ քաղաքական կամքը Մոսկուայէն անկախ տնօրինումներ ընելու Արցախի հարցի հանգուցալուծման ճակատին վրայ։ Այժմ յստակ է նորէն, որ բանակցային գործընթացին «քաւորը» Մոսկուան է։ Իսկ Արևմուտքը – ներկայի իր դիւանագիտական զինարանով – Մոսկուայի ճնշումը հակակշռելու ատակ ուժ մը չէ Կովկասի մէջ ընդհանրապէս և Արցախեան հիմնահարցի բանակցային հարթակին վրայ մասնաւորապէս։
(բ) Պէտք է վերստին շեշտել, որ թէ՛ Արևմուտքի և թէ՛ Մոսկուայի պարագային Հայաստան կը գործէ շատ աւելի աննպաստ դիրքերէ քան Ազրպէյճանը։ Այս վերջինը առանձնաշնորհուած դիրքերէ գործելու բազմաթիւ հնարաւորութիւններ ունի։ Այս մասին գրուած է բազմիցս։ Պարզ խօսքով, այսօր Փաշինեան ինքզինք կը գտնէ պատանդուած վիճակի մէջ և յստակ է, որ ներկայ կացութեան մէջ, ան ի վիճակի չէ քաղաքական գործընթացները կառավարելու և տիրութիւն ընելու հայ անկախ պետականութեան ազգային գերագոյն շահերուն։ Իր ճիգը Արցախը «անպաշտպանելի» ցոյց տալու (թէ՛ ռազմապէս և թէ դիւանագիտութեան ճակատին վրայ) իր վերջնական պարտութեան ցուցանիշն է, որ ինքնին պէտք է հիմ հայթայթէ իրեն իշխանութեան դիրքերէն կամաւորապէս հեռանալու։ Եւ չհեռանալու պարագային՝ հեռացուելո՛ւ։
(գ) Պէտք է հարց տալ, թէ ինչո՞ւ Փաշինեան կը յաջողի մնալ իշխանութեան դիրքերուն վրայ հակառակ այն իրողութեան, որ ինք կը ներկայացնէ պարտութեան վարչակարգը։ Ինչո՞ւ կը յաջողի պահել իշխանութիւնը ստորագրելէ ետք Նոյեմբեր 9, 2020-ի և անոր յաջորդող բոլոր միւս ամօթալի համաձայնագրերը, որոնցմով ան մեր երկրի և Արցախի ռազմավարական տարածքները կը յանձնէ թշնամիին և դեռ կը պատրաստուի աւելի մեծ զիջումներու ոտնակոխելով ՀՀ Սահմանադրութիւնը և վերջնականօրէն խախտելով երկրի անվտանգութիւնը։ Իրականութեան մէջ, ան կը յաջողի մնալ իշխանութեան վրայ ապաւինելով երկու հիմնական յենարաններու։ Առաջինը՝ Մոսկուան է և երկրորդը՝ Ընդդիմութեան ցարդ ցուցաբերած անբաւարար ուժականութիւնը։ Փաշինեան Մոսկուայի ընտրեալը չէ։ Փաշինեան յաջողած է ինքզի՛նք «ընտրել» Մոսկուայի համար…Ան կրցած է «համոզել» Մոսկուան, որ ինք – Մոսկուայի շահերէն ելլելով – ամենէն նպատակայարմար անձն է այս կէտին վրայ Ռուսաստան-Հայաստան յարաբերութիւններու թնճուկը ստանձնելու։ Ամենէն կառավարելի՛ն՝ Մոսկուայի դիրքերէն, որ պէտք ունի Կովկասեան ճակատը հակակշռի տակ պահելու։ Միւս կողմէ Ընդդիմութեան թոյլ վիճակացոյցը ցարդ համոզած կը թուի ըլլալ Մոսկուայի տէրերը, որ Ընդդիմութիւնը (առայժմ գէթ) կը տառապի որոշիչ զանգուած (critical mass) ձևաւորելու անկարելիութենէն։ Այս պարագան ինքնաբերաբար պէտք է բարձրացուցած ըլլայ Փաշինեանի «արժեթուղթ»երը արտաքին ուժերու սակարանին վրայ…Պէտք չէ զարմանալ, որ Մոսկուա և Արևմուտք մրցման մէջ ըլլան այս կէտին վրայ Փաշինեանը «ունենալու» որպէս զինակից…Ասով կարելի է բացատրել Պրիւքսէլի ժողովն ու Մոսկուայի մէջ տեղի ունեցած ռուսական ուժի ցուցադրութիւնը։ ՀՀ քաղաքական բեմին վրայ բացայայտուող որևէ տկարութիւն Ընդդիմութեան կողմէ ինքնաբերաբար կը հաստատէ Փաշինեանի «նպատակայարմարութիւն»ը արտաքին քաղաքականութեան բեմին վրայ։ Փաշինեան կը կերտէ իր «յուսալիութիւն»ը Մոսկուայի և Արևմուտքի մէջ պառակտուած ցոյց տալով Ընդդիմութեան ճակատը երկրէն ներս։ Ընդդիմութեան իրական կամ թուացեալ տկարութիւնները ինքնաբերաբար կ՚երկարաձգեն Փաշինեանի քաղաքական կեանքը և կը զօրացնեն թշնամիին (Ալիև և Էրտողան) ձեռքը տարածաշրջանի դիւանագիտական ռազմաբեմին վրայ։ Այս առումով, ՀՀ Ընդդիմութեան ձեռնթափութիւնները ճակատագրականօրէն կ՚անդրադառնան ոչ միայն Հայաստանի և Արցախի, այլև տարածաշրջանի իրերու հոլովոյթին վրայ։
(դ) Առակս ի՞նչ ցուցանէ։ Ներկայ կացութեան մէջ, Ընդդիմութիւնը կը դիմագրաւէ հետևեալ երկու մարտահրաւէրները։ (1) Համոզել Մոսկուան – թէկուզ հակառակ իր կամքին – որ Փաշինեան սպառած է ինքզինք։ Համոզել առհասարակ աշխարհակարգի ուժերը, որ Փաշինեանի հետ որևէ գործակցութիւն զուրկ է արդիւնաւորութենէ։ Համոզել, որ Փաշինեան սխալ խօսակիցն է աշխարհակարգի ղեկավարութեան։ (2) Համոզել ժողովուրդը, որ Ընդդիմութեան ճանապարհն է իր միակ փրկութիւնը։ Բոլոր երևոյթները ցոյց կու տան, որ ժողովուրդը մեծ թիւերով հասած է մղձաւանջային այն կէտին, ուր ան կը մերժէ Փաշինեանը, բայց դեռ չի կրնար վստահիլ Ընդդիմութեան որպէս քաղաքական այլընտրանքի։ Այս իրականութիւնը պէտք է զարթուցիչ հանդիսանայ Ընդդիմութեան ղեկավար ուժերուն։ Մանաւանդ որ Փաշինեան բացէ ի բաց կը խոստովանի, որ ինք այսօր մեղաւոր կ՚ըզգայ թշնամիին հողային զիջումներ ըրած չըլլալուն համար նոյնիսկ 44-օրեայ Պատերազմէն առաջ…
(ե) Վերջին օրերու զարգացումները և առհասարակ այն ինչ, որ կը պարզուի Երևանի Ազատութեան Հրապարակին վրայ և յատկապէս ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն Մարմնի Ներկայացուցիչ՝ Ընկ. Իշխան Սաղաթէլեանի ելոյթներէն մեծապէս տպաւորիչ են։ Ընդդիմութեան դաշտը բոլորովին այլ եռուզեռի մէջ կը գտնուի այլևս։ Երիտասարդութիւնն ու մտաւորականութիւնը նոր թափով կը մտնէ պայքարի ասպարէզ։ Եւ սակայն դեռ պէտք է նուաճել վճռական շեմը։ «Ապակեդրոն և ցանցային» գործողութիւններու հաւաստիքը պէտք ունի բացատրութեան։ Ժողովուրդը պէտք ունի տեսնելու, որ կազմաւորուած է միասնական հսկայ ուժ միասնական ղեկավարութեան շօշափելի իրականութեամբ։ Թող ներուի ինծի մատնանշել, որ Ընդդիմութեան հատուածներու ղեկավար դէմքերէն ամէն մէկը կոչ կ՚ընէ միւսներուն (և ժողովուրդին) միանալու իրենց հատուածին, բայց հատուածները կը շարունակեն մնալ հատուածներ։ Պատմական վայրկեանը կը պահանջէ, որ բոլորը միաձուլուին և դառնան մէկ հսկայ բռունցք։ Միաձուլուին առանց յետին մտքի և առանց վերապահութեան։ Ընդդիմութիւնը պարտաւորուած է ցոյց տալու, որ ինք կարող է քաղաքական լուրջ և գործօն համախոհութիւն կերտել հայրենիքի փրկութեան համար։ «Հայրենիքի Փրկութեան Շարժում»ը ցաւալի ձախողութիւն մըն էր իր թոյլ միասնականութեամբ։ Պէտք է ամէն գնով խուսափիլ այդ երևոյթին կրկնութենէն։
Աւելի՛ն։ Ընդդիմութիւնը պէտք է դադրի այլևս ինքզինք դիտելէ որպէս ընդդիմութիւն։ Փաշինեանը վերջ գտած է վաղուց։ Փաշինեանը կը մնայ իշխանութեան դիրքերուն վրայ շնորհիւ այն բանին, որ Ընդդիմութիւնը երկրին ղեկը չէ վերցուցած և այդ բանին պատճառը, առաջին հերթին, Ընդդիմութիւնը պէտք է փնտռէ իր գործելակերպին մէջ։ Պատմութիւնը Ընդդիմութեան ուսերուն վրայ դրած է այսօր իշխանութիւնը ձեռք առնելու մեծ հրամայականը և Ընդդիմութիւնը անմիջապէս պիտի անսայ պատմութեան այս վճիռին։ Մենք ազգովին դրուած ենք այս մեծ գրաւին տակ։ Դանդաղիլը յանցագործութիւն է։ Հռետորութիւնը՝ ապայժմէ։ Եւ անփութութիւնը՝ աղէ՛տ։ Ամբողջութիւնը, ըսած է Արիստոտէլ, գերազանցօրէն աւելի է քան գումարը իր բաղկացուցիչներուն։ Այդ ամբողջութիւնն է, որ մենք իրաւունք չունինք զիջելու ո՛չ Փաշինեանին և ոչ մանաւանդ թշնամիի՛ն։ Քաղաքական մեծագոյն անգրագիտութիւնն է թշնամիին ուժին դիմաց չդնել համապատասխան հրետանին…Մեծագոյն անպատասխանատւութի՛ւնը՝ զլանալ մեր երկրին և մենք մեզի մեր առաւելագոյնը, երբ թշնամին կեցած է մեր դռներուն։
Իսկ դուն, Ժողովո՛ւրդ, դուրս եկուր քու նեղ վանդակէդ և համարձակօրէն մտիր պայքարի ասպարէզ։ Մայրաքաղաքը պէտք է սկսի գործել քու մեծ շնչառութեամբդ։ Քեզմով պէտք է կեանքի կոչուի մեր հայրենիքի հզօր այրուձին։ Ոչ միայն այս սնանկ իշխանութիւնը, ոչ միայն մեր երկիրը, այլ ամբողջ աշխարհ պէտք է տեսնէ քու կամքիդ անսասանելի ուժը։ Դուն ես սկիզբն ու վախճանը։ Ո՛չ։ ԴՈՒՆ ԵՍ ՍԿԻԶԲԸ։ ԵՒ ԴՈՒՆ ԵՍ ՅԱՂԹԱՆԱԿԸ։
Տէր ընդ մեզ։
Ապրիլ 23, 2022