Կողոպտուած է Հալէպի «Գանձասար» թերթի խմբագրատունը

Կողոպտուած է Հալէպի «Գանձասար» թերթի խմբագրատունը

ՀԱԼԷՊ․- Բերիոյ թեմի պաշտօնաթերթ «Գանձասար»-ը կը հաղորդէ, որ վերջին օրերուն ապահովական վիճակը մտահոգիչ դարձած է: Գրասենեակներու, բնակարաններու եւ ինքնաշարժներու կողոպուտ տեղի կ՛ունենայ ամէնօրեայ դրութեամբ: Կողոպուտի ենթակայ դարձած է նաեւ Հալէպի Մունշիէ շրջանի Ազգային «Արարատ» շէնքը իր բոլոր սեփական դարմանատուներով եւ գրասենեակներով, որոնց կարգին նաեւ «Գանձասար»-ի խմբագրատունը:

Այս վիճակը հետեւանք է ոստիկանութեան եւ քաղաքի ապահովական համակարգի ցարդ անկազմակերպ ըլլալուն:

Share