Ֆրանսայի հրապարակի երկունքը

Ֆրանսայի հրապարակի երկունքը

Սեդօ Պոյաճեան

Ֆրանսայի Հրապարակէն հեռաւորութիւն պահողները այնպէս ալ չեն հասկնար, չեն ուզեր հասկնալ, թէ ի՞նչ կը կատարուի հոն։

Հեռու մնացողները կարելի չէ ոչ մէկ ձեւով արդարացնել։

Բոլոր արդարացումները պատրուակներ են։ Պատրուակներ՝ ոմանց պարագային իշխանութեան հասնելու իրենց սին պատրանքներով, այլոց պարագային սեփական անտարբերութիւնը ծածկելու, իսկ ուրիշներու պարագային իրենց կրաւորականութիւնը ծածկելու համար։

Տակաւին չեն հասկնար մարդիկ, թէ ի՞նչ կը կատարուի այդ հրապարակի վրայ։

Ֆրանսայի Հրապարակի վրայ ապագայ Հայաստանի երկունք է, որ կը կատարուի։ Հոն պիտի ծնի ճիշդ Հայաստանը, հոնկէ պիտի ծլարձակի հայացած հայութիւնը։

Երեսուն տարի մեր ազգային ղեկավարումը թերացաւ ապագան կերտել մեր երիտասարդութեան համար։

Այսօր, այդ հրապարակի վրայ ինքզինք կը կերտէ մեր ապագայի երիտասարդութիւնը, որ պիտի դառնայ իսկական տէրը ճիշդ Հայաստանին եւ հայացած հայութեան։

Ֆրանսայի Հրապարակի վրայ ըլլալը թէ՛ իրաւունքի եւ թէ՛ պարտաւորութեան հարց է։

Այդ իրաւունքին եւ պարտաւորութեան ամբողջական գիտակցութեան եւ յանձնառութեան խստապահանջ երիտասարդութիւն մը կայ հոն։ Անոնք պիտի դառնան մեր առաջնորդները եւ պիտի կերտեն մեր ապագայի առաջնորդները։

Թերեւս կարելի է դժուարացնել Դիմադրական Շարժումին յառաջընթացը, բայց անկարելի է թումբ կանգնիլ Ֆրանսայի Հրապարակի երիտասարդութեան դէմ։

Այդ երիտասարդութիւնը վերադարձա՛ծ է, ներկայ է, պիտի շարունակէ վերադառնալ, պիտի շարունակէ ներկայ ըլլալ, որովհետեւ իրենց կը պատկանի թէ՛ ներկան, թէ՛ ապագան։

Յունիս 13, 2022

Share