Ս. Մահսէրէճեան
Երեք օրէ ի վեր, Լոս Անճելըսը օղակող բազմաթիւ քաղաքներ եւ բարձունքներ հրոյ ճարակ են, հրշէջներու անդուլ աշխատանքը շատ սահմանափակ արդիւնք տուած է. ուժեղ քանիին Հինգշաբթիի որոշ մեղմացումը պահ մը յոյս բերաւ, որ յաղթահարումը պիտի դիւրանայ, սակայն իրողական պատկերը փայլուն չէ: Աւելին, օդերեւութաբանական սպասարկութիւնը «կ’աւետէ», որ յառաջիկայ օրերուն, դարձեալ ուժեղ քամիներու «եղանակ» մը պէտք է սպասել եւ ըստ այնմ զրահաւորուիլ:
Հրդեհներուն անմիջական հետեւանքը՝ մարդկային ողբերգութիւն է բազմաթիւ մակարդակներու վրայ: Բազմահազար ընտանիքներ կորսնցուցին իրենց բնակարաններն ու ապրուստի աղբիւրները՝ աշխատավայր, առեւտրական կեդրոններ եւ… եւ…
Եւ յանկարծ… «սիրտ խառնող» տեղեկութիւններ եւ քաղաքական այլանդակ բանավէճ, քարկոծումներ: Փոքր սիրտխառնուքը՝ աղէտեալ շրջաններու մէջ կողոպուտի դէպքերն են, որոնց մասին լրատու աղբիւրներ լռութիւն կը պահեն: Կասկած չկայ, որ ոստիկանութիւն եւ ապահովութեան սպասարկողներ աչալուրջ հսկողութիւն կը բանեցնեն, սակայն կան (տ)մարդիկ, որոնք պատրաստ են նման ողբերգութիւններէ շահ ապահովել, կողոպել այն բնակարանները, ուրկէ բնակիչներ լոկ անմիջական պէտքերով հեռացած են ու տանիք մը գտած՝ բարեկամներու մօտ, պանդոկներու կամ հանրային ապաստանարաններ մէջ:
Նուազ դատապարտելի չեն, ընդհակառակն՝ աւելի՛ դատապարտել եւ անոնք, որոնք այս ու նման աղէտներ կը վերածեն քաղաքական շահեր ապահովելու (եւ ի՜նչ շահ): Եւ հարց կը ծագի, թէ արդեօք որքա՞ն պէտք է հաւատալ այն մեղադրանքներուն, ըստ որոնց, Քալիֆորիա իր հրշէջ սարքերէն մաս մը… Ուքրանիա ղրկած է: Տարակուսանքը ունի հիմնաւորում, որովհետեւ անդին, աղաղակող իրականութիւն է, որ այս երկրի տնտեսական եւ նիւթական կարողականութիւնները կը մաշին, որպէսզի Ուքրանիոյ եւ Կազայի նման սպանդանոցներու զէնք հայթայթուի: Ո՛չ մէկ մխիթարանք պէտք է փնտռել այն իրողութեան մէջ, որ նման մաշում Միացեալ Նահանգներու «մենաշնորհը» չէ, նոյնը կը պատահի բազմաթիւ հզօրներու, հիմնական պատճառներէն է հոս-հոն տեղի ունեցող քաղաքական երկրաշարժներու…:
Քաղաքական եւ յարակից մտահոգութիւններուն մասին աւելին արձանագրելու կարիք չենք զգար, այլ միայն աւելցնենք, որ եթէ Լոս Անճելըսի շրջակայքի հրդեհներէն մեծագոյն տուժողը պարզ քաղաքացին է, կործանարար պատերազմներու զոհերն ալ մեծ մասամբ քաղաքայիններ են: Բնականաբար կ’արժէ մտածել նաեւ բազմահազար զինուորներու սպանդին մասին, իսկ անոնց մեծ մասը մատղաշ երիտասարդներ են, ունին ծնողներ, ընտանիք, պատերազմի երթալէ առաջ, երազներ ունէին իրենց ապագային մասին…
Եկէ՛ք, պահ մը ողբերգութենէն եւ քաղաքական ձաբռտուքներէն անդի՛ն նայինք եւ հարց տանք, թէ արդեօք հրդեհները աւելի արագ եւ ազդու կերպով սանձելու միջոցներ կա՞ն: Ինչ որ կը հաղորդուի պաշտօնատարներու եւ լրատու աղբիւրներու կողմէ, այն է, որ բազմահազար հրշէջներ, նաեւ՝ դրացի նահանգներէ, տիւ եւ գիշեր կը պայքարին կիզող պատուհասին դէմ, կ’օգտագործուին օդանաւեր, ուղղաթիռներ եւ հրշէջ սարքեր: Կամաւորներ ալ իրենց ձեռքերը միացուցած են պայքարին: Շա՛տ բարի: Եւ անկասկած, որ իրենց կեանքը վտանգի տակ դնողները բացայայտօրէն կ’աշխատին անթերի կերպով, որքան որ կարելի է մարդկօրէն:
Եւ ահա հո՛ս է որ կը ծագի հարց մը, որուն մասին որեւէ լուր կամ տեղեկութիւն չենք ստանար: Այդ ալ, ԲԱՆԱԿԻ ԵՒ ԱՆՈՐ ՍԱՐՔԵՐՈՒՆ ՕԳՏԱԳՈՐԾՄԱՆ կարելիութիւնն է (եթէ մեզմէ վրիպած տեղեկութիւն կայ, պէտք է մեր ըսելիքը մասամբ ետ քաշել…):
Հրդեհի երրորդ օրուան երեկոյեան, հաղորդուեցաւ, որ «դաշնակցային որոշ միջոցներ» տրամադրուած են Քալիֆորնիոյ: Այդ ալ ընդունինք «շատ բարի» ըսելով, սակայն հարցումը կը մնայ. պետութիւնը ինչո՞ւ գործի չի լծեր բանակայիններ եւ բանակի սարքերը, սկսելով ջրատար բեռնատարներէ՝ մինչեւ հսկայական օդանաւեր եւ այլ զինուորական փոխադրամիջոցներ, որոնց իբրեւ հրշէջ մեքենայ վերափոխումը այդքան ալ դժուար բան պէտք չէ ըլլայ: Բանակը արդեօք չի՞ կրնար ՔԱՆԻ ՄԸ ՀԱԶԱՐ ԶԻՆՈՒՈՐՈՎ մասնակցութիւն բերել այս մարդկային-մարդասիրական գործին, թէ՞ անիկա սահմանուած է միայն… այլ երկիրներ թափանցելու եւ կայսերական ծրագիրներու գործիքի վերածուելու (օրինակներ չթուենք): Անցեալին, թէ՛ այս երկրին, թէ՛ եւրոպական աղէտեալ երկիրներու մէջ եւ այլուր, բանակային գունդեր գործի լծուած են՝ հրշէջներու եւ քաղաքային պաշտպանութեան սպասարկութեան տարրերու կողքին: Այդպէ՛ս եղած է հրդեհներու, ողողումներու եւ բնական այլ աղէտներու առիթով, եւ տեսնուած է, որ գործը շատ աւելի արագ ու արդիւնաւոր եղած է: Եթէ բանակին գլխաւոր դերը երկիր ու քաղաքացի պաշտպանելն է, նման աղէտներու դիմակայման մասնակցութիւն բերելն ալ նոյն առաքելութեան մաս կը կազմէ:
Եթէ այս մասին մտածող կայ, արդէն ուշացած է: Իսկ եթէ գործոի անցնելու համար կայ այն տարածքը, թէ բանակայիններու փրկարար պայքարի դաշտ բերելը պէտք է անցնի դիւանակալական եւ… քաղաքական հակամարտութիւններու բովերէն, ատիկա արդէն ՊԵՏԱԿԱՆ ՄԱՐԴՈՑ ձախողութեան, ապիկարիութեան յաւելեալ փաստ է, ո՛ր կուսակցութեան ալ որ պատկանին տուեալ պատասխանատուները, պաշտօնի վրայ եղող մարդիկը:
Ժողովուրդին կեանքն ու վաստակը պաշտպանելը, նա՛եւ բնական աղէտներու դէմ՝ կը կարօտի ներկայիս տեսնուածէն շատ աւելի խոր ու ընդարձակ հասունացումի, քիչ մըն ալ… ուղեղի: Ճի՛շդ է, որ բնական աղէտներու դէմ պայքարը շատ դժուար է, սակայն նման «լուռ» թերացումներ, մասնաւորաբար քաղաքական չարաշահում՝ ո՛չ մէկ արդարացում ունին, ո՛չ Միացեալ Նահանգներու, ո՛չ ալ աշխարհի որեւէ այլ երկրի մէջ: