Դոկտ. Գէորգ Յակոբճեան
Մինչ այս պահը, իրապաշտ ըլլալու համար, միջազգային դատարանները տկար գործիքներ են արդարութիւն վերականգնելու եւ պետութիւնները պատասխանատուութեան ենթարկելու համար: Տկար է անոնց ազդեցութիւնը, որովհետեւ, տեղական դատարաններու նման, միջազգային դատարաններու վճիռները գործադրելու կայացած իրաւական լծակներ ու միջոցներ չկան: Այսինքն, նոյնիսկ եթէ միջազգային կամ տարածաշրջանային դատարան մը վճիռ արձակէ, գրեթէ պետութիւններուն այդ պահու քաղաքական քմահաճոյքէն ու շահերէն կախուած է անոնց ամբողջական գործադրման հաւանականութիւնը: Իսկ չգործադրելու պարագային, միջազգային ընտանիքին, այս պարագային` գերտէրութիւններուն, հետապնդած աշխարհաքաղաքական շահերէն կախեալ են տուեալ պետութեան վրայ գործադրուելիք ճնշումներն ու պատժամիջոցները (ինչպէս, օրինակ, ֆինանսական, դիւանագիտական, քրէական կամ միջազգային կազմակերպութիւններու անդամակցութենէ առկախելու պատիժներ):
Բազմաթիւ օրինակներու շարքին, կ՛արժէ վերյիշել, օրինակ, Արդարութեան միջազգային դատարանի (ԱՄԴ.) 22 փետրուար 2022-ի պահանջը Ազրպէյճանէն` Բերձորի միջանցքը բանալու, որ չգործադրուեցաւ վերջինիս կողմէ: Ազրպէյճան ոչ միայն չենթարկուեցաւ դատարանի որոշումին, այլ 7 ամիս աւելի շարունակեց շրջափակումը, ապա նախայարձակման յանցագործութեան (crime of agression) դիմեց, բռնագրաւեց Արցախը ու բռնի տեղահանութեան ճամբով հայրենազրկեց արցախահայութիւնը: Ո՛չ ԱՄԴ-ն, ո՛չ ալ ուրիշ դատարաններ կրցան կացութիւն փոխել ու կանխարգիլել ցեղային մաքրագործման ճամբով Ազրպէյճանի ցեղասպանական քաղաքականութիւնն ու արարքը:
Այս իրականութեան կողքին, պէտք չէ մոռնալ նաեւ, թէ ինչպէս որեւէ դատական հայց, նոյնպէս միջազգային դատական հայցերը դժուար է կանխորոշել: Միշտ հաւանականութիւն կայ, որ դատական վճիռը անարդար կամ կիսատ ըլլայ ու չբաւարարէ դատական հայցը ներկայացնողին բոլոր պահանջներն ու ակնկալիքները: Այսինքն որեւէ երաշխիք չկայ, որ Հայաստանի Հանրապետութեան (ՀՀ) կամ անհատներու կողմէ ներկայացուած միջազգային դատական հայցերը անպայման հայանպաստ վճիռներ պիտի ունենան ու մանաւանդ` գործադրուին: Ուրեմն ինչո՞ւ մեծ կարեւորութիւն տալ այս դատական գործընթացներուն: Ինչո՞ւ ընդդիմանալ եւ դատապարտել Նիկոլ Փաշինեանի վերջերս կատարած յայտարարութիւնը, թէ Հայաստանի Հանրապետութիւնը պատրաստակամ է միջազգային դատական գործընթացներէն հրաժարելու:
Երրորդ` միջազգային դատարանները կը տարբերին տեղական դատարաններէն նաեւ պետութիւններուն վայելած յաւելեալ իրաւասութիւններով ու ճկունութիւններով: Օրինակի համար միայն չորս ճանապարհ կայ Արդարութեան միջազգային դատարանը միջպետական հարցի մը մէջ ներգրաւելու.
1.- Երկու պետութիւնները համաձայն են իրենց խնդիրը ԱՄԴ տանելու եւ կ՛ընդունին անոր իրաւասութիւնը,
2.- ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդին կողմէ խնդիրը փոխանցուած է ԱՄԴ,
3.- Տուեալ պետութիւնը անդամ է միջազգային պայմանագիրի մը, որուն յօդուածներուն խախտման համար դատ կը յարուցուի,
4.- Տուեալ պետութիւնը սիրայօժար կ՛ընդունի դատարանին իրաւասութիւնը (Յօդ. 36(2)):
Այսինքն ո՛չ որեւէ պետութիւն, ո՛չ ալ ԱՄԴ-ն լայն հնարաւորութիւններ ունին հարց մը ԱՄԴ-ի կողմէ ըստ էութեան քննութեան եւ դատավարութեան տալու: Օրինակի համար, Հայաստանի դատական հայցը ընդդէմ Ազրպէյճանին` Ցեղային խտրականութեան վերացման միջազգային պայմանագիրի խախտումներու լոյսին տակ ներկայացուած է, այս պատճառով այստեղ դատարանի իրաւասութիւնը ընդունելու խնդիր չկայ, որովհետեւ ե՛ւ Հայաստանը ե՛ւ Ազրպէյճանը վաւերացուցած են պայմանագիրը:
Վերոնշեալ երեք տրամաբանութիւններէն մեկնած` թերեւս կարելի է տեղ մը ընդունիլ, որ միջպետական յարաբերութիւններու կարգաւորման եւ խաղաղութեան բանակցութիւններու ծիրին մէջ կողմերը հաւանաբար քննարկեն միջազգային իրաւական հայցերէն հրաժարելու խնդիրը: Կարելի է նաեւ քննարկել, որ եթէ իսկապէս տկար գործիք են միջազգային դատական գործընթացները, ինչո՞ւ չհրաժարիլ անոնցմէ` յանուն խաղաղութեան եւ յարաբերութիւններու կարգաւորման:
Պատասխանը պարզ ու բարդ է միաժամանակ: Հայաստանի նման խոցուած ու խոցելի պետութեան մը համար հնարաւոր իրաւական միջոցներէ առանց յստակ եւ կայուն ձեռքբերումներու զիջիլը անդառնալի հետեւանքներ կրնայ ունենալ: Այսօր Հայաստանը ինչպիսի՞ այլընտրանքային միջոցներ ունի` Ազրպէյճանը պատասխանատուութեան ենթարկելու, զոհերուն եւ վերապրածներուն իրաւունքները ապահովելու, արդարութիւնը վերականգնելու, նմանատիպ յանցագործութիւններ չկրկնելու երաշխիք ստանալու եւ կայուն խաղաղութիւն ապահովելու: Հայաստանը խորքին մէջ երեք ճամբայ ունի զանոնք իրականացնելու.
1.- Ռազմական ուժի ճամբով, ինչ որ անհնար է այսօրուան դրութեամբ` ուժերու անհամաչափ ու անհաւասար յարաբերակցութեան պատճառով:
2.- Քաղաքական-դիւանագիտական ու բանակցային ճանապարհներով, ուր դարձեալ Հայաստանի իշխանութիւնները անկարող են, որովհետեւ քաղաքական կամք ու հմտութիւն չունենալու կողքին`
Ա) հաւասար-հաւասարի իրաւասութիւններով չէ, որ բանակցութեան սեղան կը նստի, այլ` յաղթած ու պարտուածի, ուժեղ ու տկարի, պարտադրող ու ենթարկուողի յարաբերակցութեամբ, ինչպէս նաեւ` Բ) ռազմավարական ազդեցիկ դաշնակիցի բացակայութեան եւ աշխարհաքաղաքական յարափոփոխ ներքին եւ արտաքին բազմաթիւ պատճառներու բերումով: Ազրպէյճանը կարծէք վստահ է, որ Հայաստանին դէմ փակած է երկու միջոցներուն ճանապարհները ու ի՛նք տակաւին կը տիրապետէ ե՛ւ ռազմական ուժի ե՛ւ քաղաքական-դիւանագիտական ուղիներուն:
Նոյնպէս մանկամտութիւն է հաւատալ, որ Ազրպէյճանը մէկ օրէն միւսը պիտի ընդունի իր պատասխանատուութիւնը, ներողութիւն խնդրէ, վնասուց հատուցում կատարէ, գերիներն ու պատանդները վերադարձնէ, Հայաստանի ինքնիշխան տարածքներէն դուրս գայ, Արցախի ժողովուրդին անվտանգ վերադարձն ու ինքնորոշման իրաւունքը երաշխաւորէ եւ հայատեաց ցեղապաշտ քաղաքականութեան վերջ տայ ու բարի դրացիական համերաշխ յարաբերութիւններ ստեղծէ: Եթէ իսկապէս այս բոլորը կատարելու պատրաստակամ ըլլար Ազրպէյճանը, ապա բոլոր դատական գործընթացներուն կարիք պիտի չըլլար… Բայց ոչ իսկ նշոյլ մը կայ, որ Ազրպէյճանը իր յարձակողապաշտ ու հայատեաց պետական քաղաքականութենէն զիջելու պատրաստակամութիւն ունի: Իսկ այս պահուան դրութեամբ միջազգային իրաւական միջոցները կարծէք այն ազդու զսպիչներն են, որոնք որոշ չափով կը սանձեն կամ կրնան սանձել Ազրպէյճանի ախորժակները:
Հետեւաբար, այս պահու եւ պայմաններու լոյսին տակ, իրաւական ճանապարհը անփոխարինելի (կամ` այլ ճանապարհներու զուգահեռ) միջոց մըն է, որ հակառակ վերը նշուած բոլոր բացթողումներուն` կ՛անհանգստացնէ, կը մտահոգէ ու նեղ կացութեան կը մատնէ Ազրպէյճանը: Ու ահա այս տրամաբանութեան պատճառով է, որ Ազրպէյճանը մէկ կողմէ Հայաստանէն կը պահանջէ իրաւական հայցերէ հրաժարիլ, միւս կողմէ` կը շարունակէ անհիմն հայցեր ներկայացնել Հայաստանի դէմ միջազգային իրաւական ատեաններու մօտ, ներառեալ` Միջազգային իրաւարար դատարանին մօտ 1979-ի` Պեռնի Եւրոպայի շրջակայ միջավայրի եւ բնակատեղիի դաշնագիրի շրջանակներուն մէջ ներկայացուած հայցը: Եթէ Ազրպէյճան մտադիր էր ինք եւս հրաժարելու Հայաստանի դէմ յարուցուած հարցերէն, 2023 յունուարին յարուցած իրաւարար գործընթացին միայն քանի մը օրեր առաջ` 12 փետրուար 2025-ին, դատական հայցի վերածելու ընթացք պիտի չտար…
Այստեղ պէտք չէ մոռնալ նաեւ անհատական դատական հայցերուն պարագան: Բազմաթիւ օրինակներու շարքին, կարելի է յիշել, որ հարիւրէ աւելի ռազմագերիներ, որոնք անցնող տարիներուն ազատ արձակուեցան ու հայրենադարձուեցան, անհատական իրաւական հայցեր ներկայացուցած են Եւրոպայի մարդկային իրաւանց դատարանին (ԵՄԻԴ) մօտ` իրենց իրաւունքները վերականգնելու: Այդ դատական հայցերը, ըստ էութեան, քննութեան տակ են, եւ Հայաստանի Հանրապետութեան ներկայացուցած պետական իրաւական հայցերէն հրաժարիլը անուղղակի (նոյնիսկ ուղղակիօրէն) բացասական ազդեցութիւն կրնայ ունենալ անհատական դատական գործընթացներուն վրայ:
Պէտք չէ մոռնալ նաեւ, որ Ազրպէյճանի հետ նման գործարքի եւ նոր ու դատապարտելի զիջումի երթալու պարագային, Թուրքիան եւս նման նախապայման պիտի պահանջէ այս անգամ Հայաստան-Թուրքիա յարաբերութիւններու շրջագիծին մէջ եւ պատմական անդառնալի վնաս պատճառէ 1915-ի Հայոց ցեղասպանութեան հետեւանքներու վերացման համար ամէն տեսակի հաւանական իրաւական գործընթացներուն:
Աւելի պարզ. նկատի առած Հայաստանի ներկայ պահու ռազմական, քաղաքական ու դիւանագիտական խոցուած իրավիճակը` բացարձակապէս անընդունելի է, նոյնիսկ` ճնշման տակ, իրաւական միջոցներով արդարութեան վերականգման այս գործիքը բանակցային սեղան տանիլ: Ընդհակառակն, անիկա միջազգային օրէնքի հիմնարար յենասիւն է եւ անհրաժեշտ նախապայման` իրական արդարութեան եւ ժողովուրդներու հաշտութեան համար: Տեսականօրէն, նոյնիսկ եթէ Ազրպէյճանն ու Հայաստանը հրաժարին իրենց իրաւական հայցերէն, դատական գործընթացի բացակայութիւնը չի ջնջեր գործուած յանցագործութիւնները: Ընդհակառակը, անարդարութիւնն ու պատասխանատուութեան բացակայութիւնը կը շարունակուին, անպատժելիութեան մշակոյթը կը խորանայ, ու նոր յանցագործութիւններ կը կրկնուին:
Կը պատկերացնէ՞ք ամբողջ աշխարհին փոխանցուելիք ապշեցուցիչ պատգամը, եթէ Հայաստանը` առանց արդարութեան վերականգման ու Ազրպէյճանի կողմէ գործադրուած յանցագործութիւններու հետեւանքներու վերացման, հրաժարի դատական հայցերէն… Պատգամը հետեւեալը պիտի ըլլայ. Ազրպէյճանը իրաւունք ունէր իր տասնամեակներուն հայատեաց քաղաքականութեան, հայասպանութեան, Արցախն ու անոր պատմամշակութային ժառանգութիւնը ոչնչացնելու, եւ թէ` Հայաստանը այլեւս չի պատրաստուիր որեւէ բան ընել այդ ուղղութեամբ:
Ազրպէյճանը միջազգային պայմանագիրներ ու համաձայնութիւններ խախտելու, Հայաստանի ու հայութեան նկատմամբ յարձակողական եւ ցեղապաշտ քաղաքականութիւն վարելու, Արցախի ու Հայաստանի ինքնիշխան տարածքները բռնագրաւելու, Արցախի ժողովուրդին բռնի տեղահանութեան ենթարկելու տասնամեակներու վարքագիծ ունի: Ո՛չ մէկ երաշխիք կայ, որ իրաւական հայցերէ հրաժարումը կայուն խաղաղութեան պիտի առաջնորդէ: Ընդհակառակը, պատասխանատուութեան բացակայութիւնը ապագայ խախտումները պիտի խրախուսէ: Ճշմարիտ եւ կայուն խաղաղութիւնը արդարութեան վերականգնում կը պահանջէ, ինչպէս նաեւ իրաւական երաշխիքներ` ապագայ ոճիրները կանխարգիլելու համար:
Հայաստանի իշխանութիւնները պարտաւոր են հնարաւոր բոլոր միջոցները օգտագործելու (ներառեալ` վերջերս վաւերացուցած Միջազգային քրէական դատարանի տրամադրած հնարաւորութիւնները)` Ազրպէյճանը պատասխանատուութեան ենթարկելու եւ արդարութիւնը վերականգնելու համար: Ընդունելով հանդերձ թէ միջազգային դատական գործընթացները իտէալական չեն ու բացթողումներ եւ վտանգներ կը պարունակեն, Հայաստանի իշխանութիւնները իրաւունք չունին այդ միջոցներէն հրաժարելու, ոչ թէ` անոնց ազդեցիկութեան եւ անմիջական կիրարկման հաւանականութեան պատճառով, այլ որովհետեւ ազերիական պետական յանցագործութիւններուն իրաւական փաստագրումը կենսական է պատմական հաշուետուութեան, համամարդկային եւ նոր սերունդներու յիշողութեան, պատմական արդարութեան, դիւանագիտական ու բանակցային կարեւոր լծակի, հաւաքական արժանապատուութեան վերականգման, ապագայ հատուցումներու ու մանաւանդ` կայուն հաշտութեան համար: