Նիւ Եորքի Քաղաքապետ Էրիք Էտըմզ. «Թոշակի Անցնելէ Ետք Պաքու Պիտի Ապրիմ»

Նիւ Եորքի Քաղաքապետ Էրիք Էտըմզ. «Թոշակի Անցնելէ Ետք Պաքու Պիտի Ապրիմ»

Յարութ Սասունեան

«Քալիֆորնիա Քուրիըր» թերթի հրատարակիչ

www.TheCaliforniaCourier.com

Վերջին ամիսներուն, ամերիկեան լրատուական միջոցները հրապարակած են քանի մը յօդուածներ Նիւ Եորքի քաղաքապետ Էրիք Էտըմզի վիճայարոյց յայտարարութիւններուն, արտասահմանեան ճամբորդութիւններու եւ դրամահաւաքներու մասին:

Մինչեւ 1 Յունուար 2022-ին քաղաքապետ դառնալը՝ Daily News 6 Փետրուար 2021ին հրապարակեց յօդուած՝ «Նիւ Եորքի քաղաքապետի թեկնածու Էրիք Էտըմզ արտասահմանեան ճամբորդութիւններ կատարած է դեպի կաշառակերութեան պատմութիւն ունեցող երկիրներ» վերնագիրով։ Թերթը գրած է, որ «Պրուքլինի աւանի նախագահ Էրիք Էտըմզ հազարաւոր տոլարներու ճամբորդական եւ այլ շահեր  ստացած է Չինաստանէն, Թուրքիայէն եւ Ատրպէյճանէն՝ երեք երկիրներ, որոնք իրենց քաղաքացիները ճնշելու լաւ ապացուցուած պատմութիւն ունին»:

Էտըմզ խոստովանած է, որ ութ անգամ մեկնած է Թուրքիա։ Օգոստոս 2015ին թրքական կառավարութիւնը հազարաւոր տոլարներ վճարած է Պրուքլինի  աւանի  նախագահ Էտըմզի, վեց օրով Թուրքիա այցելելու համար, ուր ան ստորագրած է քոյր քաղաքի պայմանագիր, Սթամպուլի Ուսքիւտար շրջանին հետ: Թրքական հիւպատոսութիւնը մինչեւ 4999 տոլար վճարած է անոր օդանաւի տոմսերուն, պանդոկային ծախսերուն եւ գետնէն վեր օգտագործած փոխադրամիջոցներուն համար՝ համաձայն Էտըմզի բացայայտման՝ քաղաքի Շահերու բախման խորհուրդին (COIB)։ Համաշխարհային զբօսաշրջութեան հիմնադրամ կոչուող կազմակերպութիւնը, որ հիւրընկալած էր Էտըմզը Անթալիոյ մէջ (Թուրքիա), նշուած էր իբրեւ մինչեւ 4999 տոլար ճամբորդական ծախսեր վճարող, բացայայտած է Daily News:

2016ին, «Ատրպէյճանի զբօսաշրջութեան նախարարութիւնը վճարած է մինչեւ 4999 տոլար, որպէսզի Էտըմզ չորս օրով այցելէ իր մայրաքաղաք Պաքու, համաձայն աւանի  նախագահի բացայայտման, Շահերու բախման խորհուրդին», կը հաղորդէ Daily News: «Ինծի համար մեծ պատիւ է ժամանել Ատրպէյճանի մեր քոյր քաղաքը», ըսած է Էտըմզ, յայտարարութեան մէջ:

Նիւ Եորքի լուրերու ծառայութիւնը բացայայտած է, որ ըստ քարոզարշաւի ֆինանսաւորման արձանագրութիւններու, «անհատներու նուիրատուութիւնները, որոնք կ՛առնչուին ներգաղթեալներու համայնքներու կազմակերպութիւններուն, զորս ան սիրաշահած էր այս ճամբորդութիւններով, հետագային ուղղուած են Էտըմզի քաղաքապետի քարոզարշաւին»։

Մարտ 2018ին, քաղաքապետի նախընտրական իր յանձնախումբը ստեղծելէն անմիջապէս ետք, «Էտըմզ մասնակցած է պարսկական Նոր  Տարին՝ Նովրուզը տօնող երեկոյթին, Baku Palace  ճաշարանը, Sheepshead Bay (Նիւ Եորք)», ըստ  Նիւ Եորք քաղաքի  լուրերու ծառայութեան։ Էտըմզ ըսած է ատրպէյճանցիներու ցնծացող բազմութեան. «կառավարութեան պաշտօնէն թոշակի անցնելէ ետք ես կը պատրաստուիմ  ապրիլ  Պաքու»: Ան ստացած է 7000 տոլար արժողութեամբ նախընտրական նուիրատուութիւն:

Յուլիս 2018ին, Էտըմզ դրամահաւաք կազմակերպած է Մենհեթընի «Ալի Պապա» թրքական ճաշարանին մէջ՝ հաւաքելով 16,000 տոլար։ Թուրք գործարար Մուրատ Կիւզել, 12 Յուլիս 2018ին, Էտըմզի տուած է 5000 տոլար, իսկ յաջորդ ամիս՝ լրացուցիչ 5100  տոլար։ Այսուամենայնիւ, Էտըմզի նախընտրական խումբը ստիպուած եղած է վերադարձնելու 8100 տոլարը Կիւզելի, քանի որ գերազանցուած էր 2000 տոլարի  նախընտրական նուիրատուութեան սահմանը: Նաեւ Յուլիսին, «Թիւրքէն» հիմնադրամի տնօրէններու խորհուրդի նախագահ Պեհրամ Թուրան 3000 տոլար նուիրած է Էտըմզի, կը հաղորդէ Նիւ Եորք քաղաքի լուրերու ծառայութիւնը:

Թրքական «Անատոլու» գործակալութիւնը մէջբերած է Էտըմզի խօսքերը. «Թուրքիա մեծ դեր խաղացած է մարդկութեան ձեւաւորման գործին մէջ… Ես թուրք ժողովուրդին բարեկամն եմ»:

Քաղաքապետ Էտըմզի ամենամօտ ընկերներէն է քրէական անցեալ ունեցող հայ  ճաշարանապետ Ժան «Ճոնի» Պետրոսեանց։ Politico հաղորդած է, որ ան «ութ տարի առաջ մեղադրուած է դրամի լուացման գործով, դաշնակցային դատարանին մէջ: Ան եւ իր երկուորեակ եղբայրը՝ Ռապըրթը, մեղադրուած են 11 յօդուածներով՝ վճարագրերու (չէք) կանխիկացման ծրագրին մասնակցելու համար, որ կը ներառէր բժշկական վճարային ընկերութիւնները: Ճոնի Պետրոսեանց ինքզինք մեղաւոր համարած է այդ մեղադրանքներէն մէկուն կապուած եւ դատապարտուած՝ պայմանական ազատազրկման եւ հասարակական աշխատանքի, իսկ անոր եղբայրը դատապարտուած է վեց ամսուան բանտարկութեան, դաշնակցային բանտի մէջ: Ուրիշ մեղադրեալի մը հետ անոնցմէ բռնագանձած են մօտաւորապէս 700 հազար տոլար»։ Պետրոսեանց եղբայրները եւ քաղաքապետ Էտըմզը յաճախ միասին կը տեսնեն մասնաւոր ակումբներու եւ  ճաշարաններու մէջ։

22 Օգոստոս 2022ին, «Նիւ Եորք Թայմզ» թերթը ծաւալուն յօդուած մը հրապարակած է՝ «Էրիք Էտըմզ մթննալէն ետք․ մասնաւոր սեղան եւ արատաւոր ընկերներ» վերնագիրով։ Թերթը գրած է, որ Յունիսին, քաղաքապետը առնուազն 14 գիշեր անցուցած է Մենհեթընի հեղինակաւոր «Լա Պայա» ճաշարանը, զոր կը ղեկավարեն Պետրոսեանց եղբայրները։ Էտըմզ սովորաբար հոն կ՛անցընէ օրական երեքէն չորս ժամ եւ կը հեռանայ փակուելէն շատ յետոյ: «Նիւ Եորք Թայմզ» գրած է, որ եթէ քաղաքապետը չէ վճարած իր ճաշերուն համար, ուրեմն խախտած է քաղաքի բարոյագիտութեան կանոնները։ Աւելին, «Առանց անդամավճարներ վճարելու մասնաւոր ակումբներու մուտքի հնարաւորութիւնը կրնայ յանգեցնել բարոյագիտութեան կանոններու խախտումներու», ըսած է (Ռիչըրտ) Պրիֆֆոն՝ Շահերի բախման խորհուրդի նախկին նախագահը»:

«Լա Պայա»  ճաշարանի խմիչքի արտօնութիւնը արձանագրուած է Մարիաննա Շահմուրատեանի անունով, որ քանի մը զաւակ ունի Ռապըրթ Պետրոսեանէն, կը նշէ «Նիւ Եորք Թայմզ»։ Ապրիլ 2018ին, Շահմուրատեան 5000 ԱՄՆ տոլար նուիրած է Էտըմզի քարոզարշաւին. գումարին 3000 տոլարը վերադարձուած է իրեն՝ 2000 տոլար նուիրատուութեան սահմանը անցնելուն համար։

Քաղաքապետի հայկական կապերէն մէկն ալ Ռոն Թորոսեանի հետ է, որ PR ընկերութիւն ունի Մենհեթընի մէջ։ Ան խնդրայարոյց դէմք է, որ լոպիիստական աշխատանք կատարած է Թուրքիոյ կառավարութեան համար, ինչպէս ես յայտնած եմ 2017ին։

Daily Beast յօդուած մը հրապարակած է Թորոսեանի մասին՝ «Ինչո՞ւ Նիւ Եորքի քաղաքապետ Էրիք Էտըմզ կցուած է այս «թունաւոր» PR կուրու»ի վերնագրով: Զայն նկարագրած են իբրեւ «յարձակողական PR ղեկավար», որ «յայտնի է իր փողոցային կռուարար գործելաոճով»։ Քաղաքապետի ընտրութիւններու գիշերը ան յաղթական շքեղ երեկոյթ մը կազմակերպած է՝ միայն անդամներու համար նախատեսուած յատուկ ակումբի մը մէջ, ուր քաղաքապետ Էտըմզ բազմիցս մասնակցած է իբրեւ Թորոսեանի անձնական հիւրը: Քաղաքապետը եւ Թորոսեանը ներկայացուցած է Ժան Պետրոսեանց, հաղորդած է Daily Beast: «Եօթը նախկին աշխատակիցներ, որոնք առանց ներկայանալու զրուցած են Daily Beastի հետ՝ վախնալով Թորոսեանի հաշուեյարդարէն, զայն բնութագրած են իբրեւ «թունաւոր» մարդ, որմէ պէտք է հեռու կենայ Նիւ Եորքի ապագայ քաղաքապետը»։

«Նիւ Եորք Թայմզ» գրած է, որ «քաղաքապետ ըլլալու իր կարճ ժամանակամիջոցին Էտըմզ երբեմն խրուած է բարոյագիտութեան պղտոր ջուրերուն մէջ: Ան թէեւ խոստացաւ վճարել դէպի Փորթօ Ռիքօ իր ճամբորդութեան համար, բայց անկէ ետք խոստովանեցաւ, որ թռած է ձեռնարկատիրոջ անձնական ինքնաթիռով: Աւելի ուշ ըսաւ, որ վճարած է իր աթոռին համար, սակայն փաստաթուղթեր չներկայացուց»: Աւելին, «Շահերու բախման խորհուրդը որոշած է, որ Էտըմզ չի կրնար իր եղբօր՝ Պեռնարտի տալ 210,000 տոլար վարձատրութեամբ աշխատանք՝ իբրեւ քաղաքապետի աապահովութեան բաժինի ղեկավար: Պեռնարտ Էտըմզ այնուհետեւ վերստին յղուեցաւ խորհրդատուի պաշտօնին՝ 1 տոլար ամսականով»:

Կը մնայ տեսնել, թէ արդեօք բազմաթիւ «պղտոր» իր գործարքներով քաղաքապետ Էտըմզ պիտի կարենա՞յ աւարտել իր պաշտօնավարման ժամկէտը եւ իրականացնել իր երազանքը՝ թոշակի անցնելով Պաքուի մէջ…

Հայերէնի թարգմանեց՝ Ռուզաննա Աւագեան

Share