Էրտողան. «Ղարաբաղը Կը Գտնուի Ազրպէյճանի Միջազգայնօրէն Ճանչցուած Սահմաններուն Մէջ»

Էրտողան. «Ղարաբաղը Կը Գտնուի Ազրպէյճանի Միջազգայնօրէն Ճանչցուած Սահմաններուն Մէջ»

Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան 6 օգոստոսին Ռուսիայէն Թուրքիա վերադառնալու ճամբուն վրայ օդանաւին մէջ պատասխանելով լրագրողներուն հարցումներուն անդրադարձած է նաեւ Ղարաբաղի մէջ ստեղծուած լարուածութեան:

Ան կրկնած է իր դիրքորոշումը ըսելով. «Ղարաբաղը կը գտնուի Ազրպէյճանի միջազգայնօրէն ճանչցուած սահմաններուն մէջ»: Այս մասին կը հաղորդէ «Ազատութիւն»-ը` յղում կատարելով թրքական «Տէյլի Սապահ»-ին:

Էրտողան հաւաստած է, որ Թուրքիան պիտի նպաստէ Սեւծովեան շրջանի խաղաղութեան: Ան յայտնած է, որ Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինին առաջարկած է Թուրքիոյ մէջ հանդիպիլ Ուքրանիոյ նախագահ Վոլոտիմիր Զելենսքիի հետ: Ռուսիոյ եւ Ուքրանիոյ միջեւ զինադադարը ան նկատած է հաւանական, «եթէ կողմերը զգայուն մօտենան տրուած խոստումներուն»:

Պնդելով, թէ Սուրիոյ մէջ տակաւին ահաբեկչական խմբաւորումներ կան, Էրտողան ըսած է, որ այդ խնդիրին առնչուած խնդրած է Ռուսիոյ աջակցութիւնը:

«Ռուսիոյ նախագահ Փութին արդար մօտեցում կը պահպանէ Թուրքիոյ հանդէպ: Ան միշտ մեզի հետ պիտի ըլլայ ահաբեկչութեան դէմ պայքարին մէջ», ըսած է Էրտողան:

Յիշեցնենք, որ Թուրքիոյ նախագահը 5 օգոստոսին աւելի քան չորս ժամ բանակցած էր Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի հետ:

Ազրպէյճանական «Թրենտ» լրատու գործակալութեան համաձայն, Էրտողան Ռուսիայէն իր վերադարձէն ետք յայտնած է. «Նախ եւ առաջ, Թուրքիան վճռական կերպով կը դատապարտէ հայկական ապօրինի զինեալ կազմաւորումներու կողմէ Ազրպէյճանի տարածքին մէջ յարձակումը, որ պատճառ դարձաւ ազրպէյճանցի զինուորի մը մահուան: Ղարաբաղը Ազրպէյճանի հողն է: Ազրպէյճանի` իր հողերէն ապօրինի զինեալ ստորաբաժանումներու հեռացումը պահանջելը պէտք չէ զարմացնէ: Եռակողմանի յայտարարութեան որդեգրումէն շուրջ երկու տարիներ անցած են, ուստի Հայաստանի կողմէ ատոր կէտերուն գործադրումը չափազանց կարեւոր է»:

ԱԶԴԱԿ

Share