«Մեզանից է կախուած, որ այս եկող տարին իսկապէս նոր լինի` նա նոր է լինում մեր նոր գործերով ու խոհերով, ծրագրերով ու երազներով: Մեզանից է կախուած, որ նա լաւ լինի, նա լաւ է լինում մեր լաւ ձգտումներով ու արարքներով»:
Գէորգ Էմին
(1919-1998)
Տարբեր ակնոցով պէտք է դիտենք տարեվերջէն նոր տարեմուտ տանող այս օրերը։
Ամանորը միայն մանուկին ու պարման-պարմանուհիին համար չէ, այլ մեր բոլորին համար է։
Նուէրը՝ միայն գոյնզգոյն թուղթին մէջ փաթուած անակնկալը չէ, որուն կը սպասէ անմեղ մանուկը, ա՛յն օրէն, երբ երկար-բարակ նկարագրած էր Կաղանդ Պապուկին իր յղած նամակին մէջ եւ կը ցանկար ունենալ։ Նուէրը ամէն բանէ առաջ իղձ մըն է, որ անհատ մը կը փափաքի իրագործել։
Հայորդիին իղձը այս օրերուն բազմատեսակ եւ առաջնահերթ է։ Հետզհետէ իրարու վրայ դիզուող մտահոգութիւնները կը յորդեցնեն բաժակը։ Փափաքներն ու սպասումները երբեք ալ դիւրութեամբ չեն իրագործուիր։
Տարբեր է մանուկի մը ստացած ամանորեայ նուէրը, մտահոգ հայորդիի իղձէն։
Այսօր, մեր հայրենիքը լուրջ վտանգի տակ է, այնքան մը, որ նա՛եւ ներկայ տօնական օրերուն, շքեղ տօնածառերու եւ զարդարանքներու կողքին, յատկապէս երեւանցին պէտք է գիտակցի վտանգի ծանրութեան եւ ըստ այնմ դիմաւորէ նոր տարին, որ խոր ու մտահոգիչ հարցադրումներու դուռ կը բանայ։
Ամանորեայ մարմաջ մըն է մեր լեզուն՝ մեսրոպաշունչ հայերէնը պահպանելն ու պաշտպանելը։ Լեզու մը, որ շարունակ կ՛ողողուի օտար բառերով եւ անհեթեթ եւ անտեղի «հայերէն»-ով։ Կացութիւնն ու իրավիճակը այնքան մը մտահոգիչ է, որ կարդացողն ու լսողը դիւրութեամբ կը նկատէ, թէ նախադասութեան մը հազիւ քանի մը բառերը հայերէն են, իսկ մնացեալը՝ խառնուրդ մը հիւսիսէն եւ արեւմուտքէն։ Իսկ եթէ վաղը հնդկերէնի, չինարէնի ու ճափոներէնի ծանօթները բազմանա՞ն…
Տեղին է կրկին յիշել Գէորգ Էմինն ու իր մէկ այլ խօսքը․
«Այսքան դարերի ու այսքան արհաւիրքների միջով անցած մեր պահպանիչը` մեր մայրենի լեզուն, տափաստանի վտակի պէս չկորչի ուծացման ամուլ աւազներում, այլ բոլոր գաղութներից գետերի պէս հոսելով ու կարկաչելով գայ, լցուի մեր մայրենի լեզուի Սեւանը»: Էմին իր օրերուն արդեօք երեւակայա՞ծ էր, թէ Սեւանը կրնայ կորստեան մատնուելու վտանգին տակ իյնալ…
Ամանորեայ մարմաջ մըն է վերականգնել մեր կրթութիւնը, որ հետզհետէ սկսած է կորսնցնել իր ուղին։ Կրթութիւն ըսելով՝ կը հասկնանք ոչ թէ միայն ընտանեկան, այլ նաեւ՝ դպրոցական, ազգային, ներազգային, կրօնական, մշակութային եւ այլն։ Իսկ ամենէն ահաւորն ու զարհուրելի, այն է, որ երկրին ղեկը ստանձնած մարդիկ կ՛աղաւաղեն Հայոց Պատմութիւնը, աշխարհագրութիւնն ու մէկ խօսքով՝ մեր ազգին լինելութիւնը։
Ամանորեայ մարմաջ մըն է, արցախահայութեան վերադարձը՝ պապենական հող եւ դեռ, աւելին, Պաքուի մէջ մինչեւ օրս արգելափակուած հայորդիներուն ազատ արձակումը։ Տեղին է մէջբերել միջազգային քրէական դատարանի հիմնադիր եւ առաջին ընդհանուր դատախազ Լուիս Մորենօ Օքամփոյի խօսքերը․ «Պէտք է շարունակել պայքարիլ: Կը պարտուինք այն օրը, երբ կը դադրեցնենք պայքարը»:
Ամանորեայ իղձ մըն է թիկունք կանգնիլ հայահոծ սփիւռքահայ գաղութներուն, յատկապէս դաժան պայմաններու տակ ապրող Լիբանանի եւ մանաւանդ Սուրիոյ հայութեան։ Կարելի չէ նկարագրել անոնց անցուցած արհաւիրքը. իսկ ինչպէ՞ս մոռնալ, որ այդ երկու գաղութները որքա՜ն ներդրում ունեցած են հայութեան կեանքին մէջ, Սփիւռքի արարման ճամբուն, իրենց նիւթաբարոյական լուման տրամադրելով, առանց անտեսելու հայրենիքին օգտակար ըլլալու հրաւէրները։
Հուսկ, ամանորեայ մեր իղձը եւ մարմաջն է որ մեր մայր հայրենիքին անիւները վերագտնեն ճիշդ ուղին, եւ ճշմարի՛տ ախոյեան հեծելանւորդը ստանձնէ հեծիկին ղեկը։ Կովկասեան բարձրավանդակի բնութեան գիրկին մէջ, գետինին կառչած հեծիկով մը, շա՜տ տարբեր այն երեւակայական հեծանիւէն, որ ներկայացուցած էր հանճարեղ բեմադրիչ Սթիւըն Սփիլպըրկ, Արտերկրային երեւակայական արարածը (E.T.) դէպի անջրպետ տանող տեսարանին մէջ:
Ցանկանք, որ այս տարի ով նուիրական իղձ ունի` կատարուի՜…
Խմբագրական «Հայրենիք»