aztagdaily.com
(Ուիլսընի իրաւարար վճիռի 101-ամեակին առիթով)
Ուիլսընի իրաւարար վճիռի 101-ամեակն է։ Իրաւարար վճիռի ստորագրման հերթական նշումը ծանր պայմաններու մէջ է, որ կ՛արձանագրուի։ Հայաստանի տարածքային ամբողջականութիւնը միջազգայնօրէն ամրագրող այս փաստաթուղթի հետ կապուած ուղերձները քննարկելու պահուն կը գիտակցինք, որ ոչ միայն մեր տարածքներու վերատիրացման փուլային ընթացքէն շեղած ենք, այլ մեր վերահսկողութեան տակ եղող տարածքները զիջելու ընթացքին մէջ ենք։Եւ դժբախտբար խօսքը չի վերաբերիր միայն Արցախին։
Ուիլսընի ունեցած դերին մասին միատեսակ արժեւորումներ չկան մեր պատմագիտական եւ քաղաքական շրջանակներուն մէջ։ Վճիռի իրաւաընթացակարգային ձգձգումները կը վերագրուին նոյնինքն իրաւարար նախագահին․ աշխարհաքաղաքական նոր դրութեան գոյառման առընթեր վճիռի իրականացման մէջ պատասխանատուութիւն չստանձնելու իրականութեամբ իրաւարար վճիռի փաստացի չեղարկումը եւս կը վերագրուին նոյնինքն իրաւարար նախագահի ներկայացուցած կողմին։Աւելին․ կ՛ընդգծուի առաջին Հանրապետութեան օրերուն ամերիկեան օժանդակութիւններուն զուտ մարդասիրական բնոյթը։Այսինինք՝ ոչ ռազմականը։
Այս օրերու իրադարձութիւններուն աշխարհաքաղաքական պատասխանատուներուն հետ կապուած քննարկումները կը ծաւալին։ Այդ քննարկումները կ՛երկարին մինչեւ Սեւր, մինչեւ Ուիլսըն եւ մինչեւ Միացեալ նահանգներ։ Նոյն հետեւողութեամբ, այսօրուան պայմանաւորուածութիւնները ռուսական գործօնի ուղղակի ներգրաւումը, սահմանազատման եւ սահմանագծման գործընթացներու ուղղութեամբ կատարուող ճնշումները տեղի կու տան արեւելումներու որդեգրման, դաշնակիցներէ ձերբազատման եւ նոր դաշնակիցներ որոնելու քննարկումներուն։
Հիմնովին սխալ է սակայն Սեւրն ու այս պարագային իրաւարար վճիռը այս արեւելումներու ճշդումի քննարկումին համար գերքաղաքականցնելը։ Իրաւարար վճիռը մեր միացեալ Հայաստանի առաջադրանքի իրաւական հիմքն է․միջազգայնօրէն ընդունուած փաստաթուղթը, որ կը սահմանազատէ ու կը սահմանագծէ Հայաստանը Թուրքիոյ յարաբերակցութեամբ։ Միջազգայնօրէն նաեւ իրաւաչափ է այս գործընթացը մանաւանդ, որ Ազգերու Լիկան յատուկ յանձնաժողով նշանակած էր իրականացնելու համար Ուիլսընի սահմանագծումը։ Այստեղ ներքաղաքական պարանաձգութիւնները առաջնային չեն․ համազգային գաղափարախօսութեան իրաւական յենասիւնի մասին է խօսքը։
Հետեւաբար Ուիլսընի աքթը պէտք չէ ծառայեցնել դաշնակիցներու արմատական շրջադարձումը հիմնաւորելու համար։ Ոչ ալ նսեմացնել անշուշտ՝ արձանագրելու համար, որ Սեւրն ու Ուիլսընը (իմա՛ Արեւմուտքը կամ Միացեալ նահանգները) Թուրքիոյ եւ Ռուսիոյ յանձնած են մեր երկիրը եւ այդպիսով պատճառ դարձած անկախութեան խորտակման։ Պարզ․չնսեմացնել կամ չհարուածել վճիռը՝ քաղաքական արեւելումի կամ նոյնիսկ իշխանական պայքարի համար։
Դժբախտաբար մոռացութեան տրուած է Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակի համահայկական հռչակագրին մէջ տեղ գտած հետեւալ արձանագրութիւնը․
«Արժևորելով 1915 թուականին միջազգային հանրութեան կողմից Անդանդի պետութիւնների մայիսի 24-ի համատեղ հռչակագրով հայ ժողովրդի դեմ իրականացուած ծանրագոյն յանցագործութիւնը պատմութեան մեջ առաջին անգամ որպէս «մարդկութեան և քաղաքակրթութեան դէմ իրականացուած յանցագործութիւն» որակումը և օսմանեան իշխանութիւններին պատասխանատուութեան կանչելու հանգամանքի շեշտադրումը, ինչպէս նաև 1920 թուականի օգոստոսի 10-ի Սևրի հաշտութեան պայմանագրի և 1920 թուականի նոյեմբերի 22-ի` ԱՄՆ-ի Նախագահ Ուոտրօ Ուիլսընի Իրաւարար վճռի դերը և նշանակությունը Հայոց ցեղասպանության հետևանքների յաղթահարման հարցում».
Ահա ա՛յս է համազգային մօտեցումը եւ ընկալումը իրաւարար վճիռին։ Ցեղասպանութեան հետեւանքներու վերացման իրաւական հիմքը կը վերաբերի անշուշտ նաեւ մեր տարածքային պահաջներուն։ Իրաւարար վճիռի գաղափարախօսական հենքը շատ աւելի առաջնային է։ Անտեղի են համազգային առաջադրանքներու միջազգային յենասիւներու շահարկումը։