Յարութ Սասունեան
«Քալիֆորնիա Քուրիըր» թերթի հրատարակիչ
Ի՜նչ բացառիկ ապաշնորհ մարդ պէտք է ըլլայ «Ուոլթ Տիզնի» ընկերութեան ղեկավարը՝ հանդէս գալու համար շարժապատկերի այնպիսի նախագիծով մը, որ սաստիկ զայրացնէր թէ՛ հայերը, թէ՛ թուրքերը: Այդ պաշտօնեան պէտք է հեռացուի աշխատանքէն՝ ընկերութեան գանձարանին, ինչպէս նաեւ հեղինակութեան վնաս պատճառելուն համար։
«Տիզնի Փլաս» հոսքային ծառայութիւնը նախատեսած էր պատրաստել վեց մասէ բաղկացած հաղորդաշար, որ կը պատմէ Թուրքիոյ Հանրապետութեան հիմնադիր հայր Քեմալ Աթաթուրքի կեանքի մասին, որուն կ՛երկրպագեն գրեթէ բոլոր թուրքերը։ Աթաթուրքը անարգելը կը պատժուի մինչեւ երեք տարուան բանտարկութեամբ։ Յունիսին, Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը (ANCA) արշաւ մը սկսաւ՝ ի նշան բողոքի, «Տիզնի»ի շարժանկարային նախագիծին դէմ։
ANCA «Տիզնի Փլաս»ին կոչ ըրաւ «ջնջել հաղորդաշարը, որ կը փառաբանէ թուրք բռնապետ եւ ցեղասպան մարդասպան Մուսթաֆա Քեմալ Աթաթուրքը, որուն ձեռքերը թաթխուած են միլիոնաւոր յոյներու, հայերու, ասորիներու, քաղդէացիներու, սուրիացիներու, արամէացիներու, մարոնիներու եւ քրիստոնեայ այլ նահատակներու արեան մէջ»։
Զարմանալիօրէն, հակառակ յանցագործութիւններու եւ հակահայկական գործողութիւններու իր բաժինին, Աթաթուրք բաւական անկեղծ գտնուած է եւ խոստովանած՝ 1 Օգոստոս 1926ին, «Լոս Անճելըս Էքզեմինըր» թերթին տուած հարցազրոյցի ժամանակ՝ ըսելով. «Նախկին երիտթուրքերու կուսակցութեան այս մնացորդները, որոնք պէտք է պատասխան տան միլիոնաւոր մեր քրիստոնեայ հպատակներու կեանքին համար, որոնց անխղճօրէն զանգուածաբար վտարած են իրենց տուներէն եւ կոտորած, անհանգիստ են եղած հանրապետական իշխանութեան ներքոյ: Անոնք մինչ այսօր ապրած են թալանով, կողոպուտով եւ կաշառակերութեամբ եւ թշնամացած են օգտակար աշխատանքի մէջ ներգրաւուելու ու իրենց ճակատի ազնիւ քրտինքով իրենց ապրուստը վաստկելու որեւէ գաղափարի կամ առաջարկի հանդէպ»։ Ցաւօք, քանի մը այլ առիթներով Աթաթուրք ինքնիրեն հակասած է՝ արդարացնելով Հայոց Ցեղասպանութիւնը:
«Տիզնի»ի շարժապատկերին դէմ հայկական առարկութեան մասին լուրը, ընկերութեան ծրագիրներուն հետագայ փոփոխութիւնն ու թրքական զայրացած արձագանգը դարձան անթիւ յօդուածներու թեմա ամբողջ աշխարհի մէջ՝ հանրայնացնելով Հայոց Ցեղասպանութեան հարցը։ Թրքական լրատուական միջոցները մեղադրած են ANCA-ը՝ ԱՄՆի «հայկական հզօր լոպի»ն, «Տիզնի» ընկերութեան վրայ յաջողութեամբ ճնշում գործադրելուն համար։
Ի սկզբանէ «Տիզնի» յայտարարած էր, որ Աթաթուրքը փառաբանող հաղորդաշարը կը ցուցադրուի «Տիզնի Փլաս» ցանցին վրայ, 29 Հոկտեմբեր 2023էն սկսեալ՝ նուիրուած Թուրքիոյ Հանրապետութեան հիմնադրման 100ամեակին։ Փոխելով իր ծրագիրները՝ «Տիզնի Փլաս» այժմ կը նախատեսէ շարժապատկերը սփռել երկու մասով. առաջին մասը կը հեռարձակուի «Տիզնի»ի պատկանող Fox TV հեռատեսիլային ալիքով, Թուրքիոյ մէջ, Հոկտեմբեր 29ին, իսկ երկրորդը՝ թրքական շարժապատկերի սրահներէն ներս, Դեկտեմբեր 22ին: Երկու շարժապատկերները կրկին կը ցուցադրուին յաջորդ ամառ։ «Աթաթուրք» շարժապատկերի արտադրութիւնը «Տիզնի»ի արժած է 8 միլիոն տոլար։
Թուրքիոյ Ձայնասփիւռի եւ հեռատեսիլի բարձրագոյն խորհուրդի նախագահ Էպուպեքիր Շահին յայտարարած է, որ պաշտօնական քննութիւն պիտի սկսի «Տիզնի»ի որոշման մասին։ Թուրքիոյ խորհրդարանի թուային լրատուական միջոցներու յանձնախումբի նախագահ Հուսէյն Եայման սպառնացած է խիստ պատժամիջոցներ կիրարկել «Տիզնի»ի դէմ։
Թուրք յայտնի գործիչները, որոնց շարքին՝ քաղաքական գործիչներ, արուեստագէտներ եւ լրագրողներ, զայրացած դատապարտած են «Տիզնի»ն եւ ջնջած իրենց բաժանորդագրութիւնները «Տիզնի Փլաս»ի, որ Թուրքիոյ մէջ ունի 50 հազար բաժանորդ։ Թուրքիոյ մէջ իշխող «Արդարութիւն եւ զարգացում» կուսակցութեան խօսնակ Օմեր Չելիք «ամօթալի» կոչած է «Տիզնի»ի ծրագիրներու փոփոխութիւնը եւ պնդած, որ ընկերութիւնը զիջած է «հայկական լոպի»ին: Ան նաեւ յայտարարած է, որ ANCA-ի նպատակն է կանխել Թուրքիա-Հայաստան յարաբերութիւններու կարգաւորումը: Թուրքիոյ մէջ դեսպան Սերտար Քըլըչ, որ պատասխանատու է Հայաստանի հետ իր երկրի կարգաւորման գործընթացին համար, նոյնպէս չեղեալ յայտարարած է «Տիզնի Փլաս»ի իր բաժանորդագրութիւնը։ Թուրքիոյ կառավարութեան լրատուական «Անատոլու» գործակալութիւնը հրապարակած է Եորքի համալսարանի Պուրաք Չալըսքանի մեկնաբանութիւնը՝ «Հայկական լոպին գրաւա՞ծ է «Տիզնի Փլաս»ը» վերնագիրով:
Թուրքիա նոյնիսկ ճնշում գործադրած է իր հայ համայնքին վրայ, որպէսզի վերջինս ընդդիմանայ «Տիզնի»ի որոշման: Թրքական վարչակարգի պատանդ, Թուրքիոյ հայկական հիմնադրամներու ընկերակցութեան նախագահ Պետրոս Շիրինօղլու հանդէս եկած է ամօթալի յայտարարութեամբ՝ քարոզելով Թուրքիոյ մէջ գոյութիւն չունեցող խօսքի ազատութիւնը եւ կոչ ընելով «ամերիկահայ կազմակերպութիւններուն աւելի պատասխանատու գործել»։ Նաեւ, խորհրդարանի անդամ Սեւան Սիվաճըօղլուն, որ կը ներկայացնէ Էրտողանի կուսակցութիւնը, մտահոգութիւն յայտնած է, որ «Տիզնի»ի որոշումը կը խոչընդոտէ Թուրքիա-Հայաստան յարաբերութիւններու կարգաւորման եւ կը խաթարէ երկու երկիրներու միջեւ բարեկամական կապերու զարգացման ներուժը։
Ըստ Middle East Eye-ի՝ «Յունիսին, «Տիզնի» հեռացուց բազմաթիւ ելոյթներ եւ շարժապատկերներ «Տիզնի Փլաս»էն՝ ընթացիկ մնացորդները եւ իր հարկային հաշիւը նուազեցնելու համար: Այս ռազմավարութիւնը նաեւ յանգեցուցած է թրքական ութ հեռատեսիլային ելոյթներու եւ շարժապատկերներու հեռացման, որոնք արտադրուած են բացառապէս «Տիզնի»ի թրքական հոսքային հարթակի համար՝ կասեցնելով թրքական նոր բովանդակութեան թողարկումը»: «Տիզնի Փլաս» (Թուրքիա) հաստատած է, որ անիկա այսպիսի որոշում կայացուցած է։
Այս բոլոր վիճաբանութիւններէն կարելի էր խուսափիլ, եթէ «Տիզնի» փոքր ուսումնասիրութիւն մը կատարէր՝ նախքան նման անհիմն արկածախնդրութեան երթալը: «Տիզնի» իրաւունք չունի պատրաստելու վաւերագրական շարժապատկեր՝ Աթաթուրքի կամ քաղաքական այլ գործիչի մասին։ «Տիզնի» կուրօրէն ստանձնած է այս նախագիծը՝ զայրացնելով բազմաթիւ հայեր ամբողջ աշխարհի տարածքին: Եւ յետոյ, հասկնալով իր սխալը՝ «Տիզնի» լուաց իր ձեռքերը եւ վաւերագրական շարժապատկերը խորամանկօրէն նետեց Թուրքիոյ Fox TV-ի եթեր:
Այսուամենայնիւ, ճակատամարտը մասամբ շահուած է։ Թէեւ վիթխարի «Տիզնի» ընկերութիւնը փոխած է իր ծրագիրները, աշխարհասփիւռ հայութիւնը այժմ պէտք է հետամուտ ըլլայ այս խնդիրին՝ «Տիզնիի» բարձրագոյն ղեկավարներու հետ, երեք պատճառով.
1․ Ամբողջութեամբ ջնջել Աթաթուրքի վաւերագրական շարժապատկերը եւ զայն չյանձնել Թուրքիոյ Fox-TV-ին.
2․ Համոզուիլ, որ «Տիզնի» ընկերութիւնը այլեւս երբեք չի մտածեր թրքական քարոզչական շարժապատկեր ստեղծելու մասին.
3․ Կոչ ընել «Տիզնի»ի՝ հայկական թեմայով վաւերագրական շարժապատկեր նկարահանելու, օրինակ՝ Հայոց Ցեղասպանութեան եւ Հայաստանի ու Արցախի Հանրապետութիւններու մասին:
Ցաւօք, անգամ մը եւս ամերիկահայ համայնքը մինակ մնաց թրքական ամենազօր կառավարութեան դէմ պայքարին մէջ` առանց դոյզն օգնութեան Հայաստանի ղեկավարներու, որոնք իրենք զիրենք այնպես կը պահեն, կարծես հայկական հարցերը զիրենք չեն հետաքրքրեր:
Թարգմանեց՝ Ռուզաննա Աւագեան