Հայաստանի Եւ Սէուտական Արաբիոյ միջեւ դիւանագիտական յարաբերութիւններ հաստատուեցան

Հայաստանի Եւ Սէուտական Արաբիոյ միջեւ դիւանագիտական յարաբերութիւններ հաստատուեցան

25 նոյեմբերին Հայաստանի Հանրապետութեան եւ Սէուտական Արաբիոյ թագաւորութեան միջեւ ստորագրուած է դիւանագիտական յարաբերութիւններ հաստատելու մասին արձանագրութիւն: Այս մասին հաղորդեց Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը:

Արձանագրութիւնը ստորագրուած է Ապու Տապիի մէջ` Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպան Կարէն Գրիգորեանի եւ Սէուտական Արաբիոյ դեսպան Սուլթան պըն Ապտալլայ Անքարի կողմէ:

Երկու երկիրները հաստատած են դիւանագիտական յարաբերութիւններ` առաջնորդուելով երկկողմանի յարաբերութիւնները ամրապնդելու եւ համագործակցութեան ծիրը ընդլայնելու, միջազգային անվտանգութեան եւ խաղաղութեան ապահովման աջակցելու ձգտումով:

Դիւանագիտական յարաբերութիւններու հաստատման մասին փաստաթուղթը կ՛արձանագրէ երկու երկիրներու ցանկութիւնը` «ամրապնդելու արդիւնաւետ համագործակցութեան կապերը քաղաքական, տնտեսական, ճարտարագիտական, զարգացման, առեւտուրի եւ մշակոյթի ոլորտներուն մէջ` տարբեր բնագաւառներու մէջ ջերմ յարաբերութիւններու հաստատման երկուստեք ձգտումները իրականացնելու նպատակով»:

Share