Սեդօ Պոյաճեան
Օգոստոս 17, 2022
Հայաստանի պարտուած եւ ձախողած կառավարութեան «Սփիւռքեան հարցերու գլխաւոր յանձնակատարի» գրասենեակը որոշած է Հոկտեմբեր ամսուան վերջերը կազմակերպել «Համաշխարհային հայկական գագաթաժողով» մը։ Գրասենեակը այս ուղղութեամբ արդէն հրաւէրներ ղրկած է Սփիւռքի կարգ մը կազմակերպութիւններու եւ անհատներու։
Սփիւռքահայութեան համար նորութիւն չէ հայրենի ներկայ իշխանութիւններու մեր ազգային կեանքի ղեկավարումը նախ զաւեշտի ու ապա ողբերգութեան վերածելու անհատնում ձիրքը։ Հետեւաբար, Սփիւռքի հայ մարդուն պատկերացումով այս ապիկար իշխանութեան նշեալ «գագաթաժողովը» զաւեշտախառն ողբերգութենէն տարբեր վախճան պիտի չունենայ։
Պէտք չէ սխալ հասկնալ։ Սփիւռքի հայ մարդուն համար, լուրջ ու բնական պայմաններու տակ, գիտակից ու յանձնառու հայրենի իշխանութեան մը կողմէ որեւէ Սփիւռքեան նախաձեռնութիւն տեւաբար եղած է ողջունելի։ Բայց ինչպէս կարելի է ողջունել, ուր մնաց մասնակից դառնալ բութ ու անպատասխանատու իշխանութեան մը Սփիւռքեան այս նախաձեռնութեան, երբ անցնող չորս տարիներու փորձառութիւնը լաւագոյն ապացոյցն է այս մարդոց ձախաւերութեան՝ մեր հայրենական կեանքի բոլոր մակարդակներու վրայ ու բոլոր բնագաւառներէն ներս։
Այս նոր նախաձեռնութեան անուանումը ինքնին լաց պատճառելու աստիճան ծիծաղաշարժ է։ Նախ կ՚ըսուի «համաշխարհային», ապա՝ «հայկական», եւ վերջապէս՝ «գագաթաժողով»։
«Համաշխարհային» հայութիւն գոյութիւն չունի։ Ունինք մէ՛կ հայութիւն՝ ներառուած ներկայի փոքրացած Հայաստանի, աւելի փոքրացած Արցախի եւ Սփիւռքեան գաղթօջախներու մէջ։ Հայ մարդը, ուր ալ գտնուի, կը պատկանի Հայաստանին, եւ փոխադարձաբար։ Բոլորս միասնաբար աշխարհին կը ներկայանանք ու կը գործենք իբրեւ համահայկական, եթէ կ՚ուզէք՝ իբրեւ համազգային միաւոր։ «Համաշխարհային»ով զբաղողները մեծապետական ուժերն են, որոնք միշտ դէմ եղած են որեւէ փոքր ժողովուրդի ազգայինին։ Կայսերապաշտական ու գաղութատիրական ուժերն են որ կը փորձեն, ուղղակի թէ իրենց կամակատարներու միջոցով, պարտադրել փոքրերուն «համաշխարհային»ը։ Ժամանական է անդրադառնանք, թէ ներկայ Հայաստանն ու հայրենի ժողովուրդը զոհն են այս «համաշխարհային»ին։ Սփիւռքի հայութեան կարելի չեղաւ եւ կարելի պիտի չըլլայ «համաշխարհային»ի նոյն ճակատագրին ենթարկել։
«Հայկական» կը կոչուի այս նախաձեռնութիւնը։ «Հայկական» կը նշանակէ համայն հայութեան վերաբերող, համայն հայ ազգը յուզող, ազգային արժէքներով, գիտակցութեամբ ու գաղափարախօսութեամբ հիմնաւորուող ու գործադրուող աշխատանք։ Այս ձախողած իշխանութիւնը, ի բացառեալ իրենց անուն-մականունէն, «հայկական»ին ո՛չ առնչութիւն եւ ո՛չ ալ ծանօթութիւն ունին։ Ընդհակառակը, անոնք «հայկականէն», իմա՛ մեր ազգային պատմութենէն, աւանդութիւններէն, արժէքներէն ու հայրենի հողէն խորթացած մարդիկ են։ Ինչպէս ամէն փայլող բան ոսկի չէ, նոյնպէս այս մարդոց պարագային ամէն հայանուն հայկական չէ։
Եւ, ամենայն մեծամտութեամբ, նախաձեռնութիւնը կը կոչեն «գագաթաժողով»։ Ո՞վ է «գագաթը», պէտք է հարց տալ։ Գիտենք, Հայաստանի մէջ հայրենի ժողովուրդը վախի, ահի, սարսափի եւ աղքատութեան մէջ պահող «գագաթներ» կան՝ յանձինս իշխող համակարգին ու իրեն մէջքին կանգնած մենաշնորհի մաֆիոզներն ու պետական կառոյցի պաշտօնատարները։ Հայրենի ղեկավարութեան մակարդակի վրայ կը յամենայ պոլշեւիկեան ղեկավարման դրութեան «գագաթներու» մենիշխանութիւնը։ Սակայն Հայկական Սփիւռքը «գագաթներ» չունի։ Ունի իր հայեցի ինքնութեան ամրօրէն կառչած հայ մարդը, ունի իր քաղաքական, մշակութային, մարզական, բարեսիրական ու կրօնական կառոյցները եւ այդ կառոյցներու գործը կատարող կամաւորները։ «Գագաթ» հասկացողութիւնը յոռի ու մերժելի է Սփիւռքահայուն համար, որ ունի ծառայողներ ու պատասխանատուներ, որոնք «գագաթներ» չեն եւ չեն ուզեր ըլլալ։
Տակաւին երէկ Հայութեան, Հայաստանին ու Հայ Դատին ծառայող Սփիւռքահայերուն «անբաղձալի մարդիկ» համարելով սեփական հայրենիք մուտք արգիլող այս ողորմելի իշխանութիւնը, այսօր աներեսութիւնը ունի Սփիւռքի մէջ «համաշխարհային» մակարդակով ու «հայկական» պիտակով «գագաթներ» որոնելու։
Ոմանք պիտի ըսեն այս նախաձեռնութիւնը Սփիւռքը պառակտելու նոր փորձ մըն է։ Կրնայ ըլլալ։ Բայց ատիկա Սփիւռքահայութեան մտահոգութիւն չի պատճառեր։ Սփիւռքը կրնայ քիչ մը թուլցած երեւիլ, բայց ատիկա արդիւնքն է վերանկախացած հայրենիքին հանդէպ իր տածած անհուն հաւատքին ու սէրին։ Այդ հաւատքն ու սէրը անպառակտելի են։ Աւելի՛ն, Սփիւռքը ունի իր յատուկ օրակարգը, որ երբեք ընդունելի չէ եղած այս պարտուած իշխանութեան։ Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան իր սեփական մաշկին վրայ զգած Սփիւռքեան օրակարգն ու անպառակտելիութիւնը, երբ մի քանի անգամ այցելութիւն տուաւ Սփիւռքի կարգ մը գաղթօճախներուն։ Յատկապէս, տակաւին լաւ կը յիշէ իր Լոս Անճելըսեան այցելութիւնը, որ կատակերգութեան վերածուեցաւ Լոս Անճելըսահայութեան անտարբերութեան պատճառով։
Անշուշտ կայ նաեւ «գլխաւոր յանձնակատար»՝ Զարեհ Սինանեանի պարագան։ Իր բթամտութեամբ՝ ողորմելի, իր ծուլութեամբ՝ ողբալի եւ իր ցուցամոլութեամբ՝ ծիծաղելի, Պրն. Սինանեան պիտի շարունակէ իր կամակատարութիւնը՝ հոգ չէ, թէ ինչպիսի ցաւալի ընդունելութեան արժանանայ Սփիւռքահայ գաղութներու մէջ։ Սինանեանի պարագային զաւեշտայինը այն է, որ այցելութենէն առաջ իսկ կ՚ենթարկուի մերժումի։
Այս նոր նախաձեռնութիւնը ո՛չ «համաշխարհային» է, ո՛չ «հայկական» է, եւ ո՛չ ալ «գագաթի ժողով» է։ Ասիկա լաւագոյն պարագային կարելի է որակել իբրեւ «յատակաժողով»։
Ուստի, այս «յատակաժողովը» պարզապէս ապիկար իշխանաւորներու բթացած յանձնակատարին կառավարման ձախողութեան մէկ նոր ձախողութիւնն է։
Սպասեցէ՛ք, Հոկտեմբերին ականատես կ՚ըլլաք։
Հայաստանի մենատէրերը պիտի շարունակեն սորվիլ, թէ իրենց համազգային ձախողութիւնը չեն կրնար Սփիւռք փոխադրել՝ նոյնիսկ իրենց թրքական, ազերիական եւ օտար ուժերու նիւթաբարոյական աջակցութեամբ։