12-էն 14 յուլիսին Արցախ այցելած էր ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչ Յակոբ Տէր Խաչատուրեան: Արցախ այցելութեան առաքելութիւնը հիմնականին մէջ երկու ուղղութեամբ էր. նախ` քաղաքական հանդիպումներ Արցախի պետական տարբեր օղակներու պատասխանատուներուն հետ Արցախի կացութեան, տագնապի եւ օժանդակութեան առնչութեամբ, եւ ապա` ներքին կազմակերպական հարցեր, որոնք կը ներառէին Կեդրոնական կոմիտէի հետ որոշ աշխատանքներու ծրագրում, հանդիպումներ ՀՅԴ-ի շարքերուն հետ:
Այցելութեան ընթացքին ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչը հանդիպումներ ունեցած է Արցախի Հանրապետութեան նախագահին, պետական նախարարին, արտաքին գործոց նախարարին, Անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղարին, մարդու իրաւունքներուն պաշտպանին, ինչպէս նաեւ Արցախի Հանրապետութեան խորհրդարանին մէջ ներկայացուած քաղաքական գործընկեր ուժերու առաջնորդներու հետ: Արցախի իշխանութեան ներկայացուցիչներուն հետ քննարկուած են Արցախի հարցով Հայաստանի Հանրապետութեան կողմէ վարուող բանակցութիւններուն վերաբերեալ Արցախի տեսակէտը, Հայաստան-Թուրքիա յարաբերութիւնները եւ Հայաստան-Ազրպէյճան սահմանազատման ու սահմանագծման խնդիրները, որոնք սերտօրէն կ՛առնչուին Արցախի կարգավիճակին հետ:
Այցելութեան ընթացքին, արդիւնքներուն, Հայաստանի եւ Արցախի ներքին ու արտաքին քաղաքական շարք մը հարցերու շուրջ «Ապառաժ»-ը հարցազրոյց մը ունեցած է ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչին հետ:
Պատասխանելով այցելութեան արդիւնքներուն մասին հարցումին` Յակոբ Տէր Խաչատուրեան ըսաւ. «Արցախի իշխանութեան օղակներուն հետ քննարկեցինք Արցախի ներկայ իրավիճակը, անվտանգութեան խնդիրները, պետական առաջնահերթութիւնները, բանակցութիւններու գործընթացը, օտարերկրեայ պետութիւններու հետ յարաբերութիւններու կծիկը, ինչպէս նաեւ փոխադարձ գործակցութեան կարելիութիւնները, որպէսզի Արցախի ձայնը հասանելի դարձնենք աշխարհով մէկ: Այդ ուղղութեամբ ՀՅԴ-ն շարունակական ծրագիր ունի. Արցախի Հանրապետութեան նախագահը, պետական նախարարը եւ արտաքին գործոց նախարարը այցելած էին սփիւռքի տարբեր համայնքներ մեր հովանաւորութեամբ եւ օժանդակութեամբ: Այդ այցելութիւնները միայն ներազգային բնոյթ չունին, միայն գաղութներու հետ խօսելու նպատակ չեն հետապնդեր, այլ կը ներառեն նաեւ օտար հասարակութեան եւ տարբեր երկիրներու ղեկավարութեանց հետ յարաբերութիւններու ոլորտը: Պետական պաշտօնեաներու հետ հանդիպումներ ապահովելը խիստ կարեւոր է, հակառակ անոր որ իբրեւ չճանչցուած հանրապետութիւն` շատ երկիրներ կը խուսափին Արցախի հետ քաղաքական յարաբերութիւններ հաստատելէ:
Իշխանութիւններու ներկայացուցիչներուն հետ խօսած ենք նաեւ ՀՅԴ-ի մարմիններու եւ Հայ դատի կորիզներու հետ աշխատանքները համադրելու անհրաժեշտութեան մասին, որպէսզի շարունակենք տարիներէ ի վեր տարուող աշխատանքը Արցախի ինքնորոշման իրաւունքի հաստատման եւ անկախութեան ճանաչման համար: Այդ աշխատանքները կը կատարուէին պատերազմէն առաջ, շարունակուած են նոյնիսկ պատերազմի ընթացքին եւ անկէ ետք: Մեր շարունակական խորհրդակցութիւններուն ընթացքին տեղեկութիւններ կը փոխանակենք Արցախի իշխանութեան ներկայացուցիչներուն հետ եւ որոշ աշխատանքներու մէջ կ՛ակնկալենք գործնական օժանդակութիւն ու ջանքերու համադրում:
Ներկուսակցական իմաստով` ինծի համար ողջունելի է մեր շարքերուն հետ հաղորդակցիլը եւ անոնց բազկերակը շօշափելը: Արցախի բոլոր շրջաններէն մեր ընկերները հաւաքուած են Ստեփանակերտի մէջ, եւ ընկերական հաւաք ունեցած ենք: Այդ հաւաքի ընթացքին ներկայացուցած էի թէ՛ Բիւրոյի նախաձեռնութիւնները, թէ՛ ՀՅԴ-ի կեցուածքը ազգային եւ հայրենի հարցերու նկատմամբ եւ թէ՛ տարբեր ոլորտներու մէջ ճշդուած առաջնահերթութիւնները: Մարտ 2022-ին աւարտած է ՀՅԴ Ընդհանուր ժողովը եւ ձեւաւորուած է նոր Բիւրօ: Ծրագրման աշխատանքը աւարտած է, եւ մենք հիմա մարտավարական եւ գործնական ուղեցոյցի կը վերածենք այն, որպէսզի քայլ առ քայլ իրագործենք մեր առաքելութիւնը: Այդ առաքելութիւնը համահայկական է, բայց անոր մէջ խիստ կարեւոր տեղ ունի Արցախը: Իբրեւ Հայ դատի իրագործման առաջին փուլ` Դաշնակցութեան համար ընդունելի չէ Արցախի իրաւունքներէն որեւէ նահանջ: Ուրախ եմ արձանագրելու, որ Արցախի ընկերները, հակառակ ամէն տեսակ զրկանքներու, պատերազմի հետեւանքներուն, պատրաստ են նոր թափով լծուելու աշխատանքի»: