horizonweekly.ca
Շաբաթ, 2 Սեպտեմբեր 2023-ին, Մոնթրէալի, Թորոնթոյի, Վանգուվըրի եւ Գեմպրիճի մէջ տեղի ունեցան SOS Artsakh կարգախօսով բողոքի ցոյցեր, 17 Դեկտեմբեր 2022-էն ի վեր Ատրպէյճանի կողմէ շրջափակուած Արցախի անվեհեր ժողովուրդին առ ի զօրակցութիւն:Մոնթրէալի մէջ տեղի ունեցաւ Ինքնաշարժներով երթ, կազմակերպութեամբ Քեպէգի Հայ Համայնքի Միացեալ Մարմնին: Մեկնումը կատարուեցաւ Լաւալի Հայ կեդրոնէն եւ պատկառելի թիւով ինքնաշարժներու մասնակցութեամբ երթը շարունակուեցաւ մինչեւ Մոնթրէալի Dorchester square, ուր տեղի ունեցաւ բողոքի ցոյց: Միացեալ մարմնին անունով խօսք առաւ կազմակերպիչ յանձնախումբէն Շանթ Գարայեան, որ հայերէն եւ ֆրանսերէն իր խօսքերուն մէջ խստօրէն դատապարտեց Ատրպէյճանի իրագործած անմարդկային շրջափակումը եւ աշխարհով մէկ ցրուած մեր հայ ժողովուրդին լիակատար զօրակցութիւնը յայտնեց Արցախի աներկիւղ մեր ժողովուրդին: Ապա ՀՅԴ ԳԵՄ-ի երիտասարդները իրենց բողոքի ձայնը բարձրացուցին եւ թռուցիկներ բաժնեցին անցորդներուն:Թորոնթոհայ համայնքը, կազմակերպութեամբ Օնթարիոյի Հայ Համայնքի Միացեալ Մարմնին, արցախահայոց ցեղասպանութեան իրազեկումի զօրակցական արշաւներու ծիրէն ներս, պաստառներ ցուցադրեց քաղաքի մայր պողոտաներու խաչմերուկներուն, ապա ինքնաշարժներով երթ իրականացուց քաղաքի բանուկ ճամբաներուն վրայ:Նոյնպէս Վանգուվըրի մէջ, կազմակերպութեամբ Պրիթիշ Գոլոմպիոյ Հայ Համայնքի Միացեալ Մարմնին, տեղի ունեցաւ ինքնաշարժներով երթ, որոնք կը կրէին յանցապարտ Ատրպէյճանի հասցէին ըմբոստութեան արտայայտութիւններ եւ Արցախահայութեան կողքին կանգնելու ու շրջափակման վերջ տալու կոչեր:Գեմպրիճի մէջ եւս, կազմակերպութեամբ ՀՅԴ ԳԵՄ-ի «Արամ Մանուկեան» մասնաճիւղին, տեղի ունեցաւ բողոքի արշաւ SOS Artsakh կարգախօսով եւ դատապարտումի ու զօրակցութեան պաստառներով: