Ցոյց Ուաշինկթընում Ատրպէյճանի դեսպանատան առջեւ

Ցոյց Ուաշինկթընում Ատրպէյճանի դեսպանատան առջեւ

ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ. Փետ-23-2025

Հայ Երիտասարդաց Դաշնակցութեան «Անի» մասնաճիւղը, համայնքի հայորդիներու  հետ հաւաքուած է Ատրպէյճանի դեսպանատան մօտ` բողոքելու Սումկայիթի մէջ տեղի ունեցած զանգուածային սպանութիւններու, Պաքուի, Կիրովապատի եւ Մարաղայի ջարդերու 37-րդ տարելիցի կապակցութեամբ:

Հաւաքին մասնակցողները պահանջեցին Ատրպէյճանին պատասխանատուութեան ենթարկելու Արցախի մէջ էթնիկ զտումներիու, ինչպէս նաեւ հայ ռազմագերիներու ազատ արձակման համար:

Հայ Երիտասարդաց Դաշնակցութեան «Անի» մասնաճիւղի գործադիր անդամ Նարեկ Սաքայեանը դատապարտեց  Ատրպէյճանի գործողութիւնները` յայտնելով. «Արցախի ժողովուրդը` ուժեղ եւ վճռական, դեռեւս չէ դրոշմուած պատմութեան դասագիրքերու էջերուն մէջ: Այն ընտանիքները, որոնք կ՛ապրէին  Ստեփանակերտի մէջ, դեռ ողջ են: Շուշի ծնած երեխաներն ալ կը շարունակեն ապրիլ: Իսկ, տեղացի արցախցիները, որոնք պայքարած են խաղաղութեան եւ ինքնորոշման իրաւունքի համար, կը շարունակեն իրենց կեանքը: Մեր պարտքն է պայքարիլ իրենց հետ այժմ եւ ընդմիշտ»:

Այս բողոքի հաւաքը աւարտեցաւ աղօթքով` ի յիշատակ զոհուածներու եւ հայ ռազմագերիներու ազատութեան:

Share