Նորին Վսեմութիւն Տիար Դաւիթ Իշխանեան
Նախագահ Արցախի Հանրապետութեան Ազգային Ժողովի
Մեծարգոյ Պրն Նախագահ,
Ջերմապէս կը շնորհաւորեմ Ձեր ընտրութիւնը Արցախի Հանրապետութեան Ազգային Ժողովի Նախագահի պաշտօնին:
Արցախի ճակատագրական այս օրերուն, Ձերի վստահուած այս պատասխանատուութիւնը եւ յանձնառութիւնը ծանր է: Բայց կը հաւատամ, որ դուք ձեռնհասօրէն կրնաք կատարել, յանուն Արցախի ինքնութեան պահպանման եւ գոյատեւման:
Ձեր ճանապարհը թէեւ փշոտ է, բայց աննկուն կամքով ու հաստատ հաւատքով պիտի յաղթահարէք ամէն խոչընդոտները:
Յաջողութեան լաւագոյն մաղթանքներով՝
Ի Դիմաց
Սուրիոյ Խորհրդարանի Անդամ
Սուրիոյ եւ Հայաստանի Բարեկամական Խումբի
Նախագահ՝ Դոկտ Լիւսի Իսկէնեան