Անթիլիաս, 11 Սեպտեմբեր 2023
Վսեմաշուք Տիար Սամուէլ Շահրամանեան
Նորընտիր Նախագահ Արցախի Հանրապետութեան
Ստեփանակերտ
Սիրելի՛ Պրն. Նախագահ,
Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Անթիլիասի մայրավանքէն հայրապետական օրհնութեամբ եւ ջերմ սիրով կʼողջունենք Ձեր ընտրութիւնը, որպէս Նախագահ Արցախի Հանրապետութեան։ Այս առիթով ջերմօրէն կը շնորհաւորենք Ձեզ եւ կը մաղթենք, որ Արցախի պատմութեան ճգնաժամային հանգրուանին Ձեր ստանձնած պատասխանատուութիւնը վերանորոգ հաւատքով ու նուիրումով կարենաք լիովին արդարացնել՝ ի խնդիր Արցախի մեր սիրելի ժողովուրդին ինքնորոշման արդար իրաւունքին։
Արդարեւ, Արցախի հայութեան կեանքի մշուշապատ այս օրերուն, Արցախի ապաշրջափակումը եւ անոր իրաւունքներու տիրացման հետապնդումը հարկ է որ դառնայ առաջնահերթ նպատակը իւրաքանչիւր հայու եւ համայն հայութեան։ Մենք անձնապէս, Մեր բոլոր կարելիութիւնները ի գործ դրած ենք ու պիտի շարունակենք դնել միջազգային մակարդակով հետապնդելու Արցախի ժողովուրդին ինքնորոշման իրաւունքը։ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը իր թեմերով միշտ եղած է Արցախի պետութեան, անոր քաջարի բանակին ու հերոսական ժողովուրդի կողքին։ Կը վստահեցնենք Ձեզ, որ նոյն ոգիով պիտի շարունակենք մեր Սուրբ Աթոռին զօրակցութիւնը Արցախի Հանրապետութեան։
Անգամ մը եւս, անձնապէս եւ յանուն մեր Սուրբ Աթոռի միաբանութեան, ժողովականութեան, թեմերուն եւ մեր ժողովուրդին ջերմօրէն կը շնորհաւորենք Ձեր ընտրութիւնը։ Թող Ամենաբարին Աստուած Իր հովանին անպակաս ընէ Արցախի Հանրապետութեան վրայէն, եւ Արցախի հայութեան շնորհէ խաղաղ ու բարօր տարիներ։
Հայրապետական օրհնութեամբ,
Աղօթարար՝
ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ
ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ