Վստահութիւն` երիտասարդութեան ուժին, կամքին եւ կարողութեան

Վստահութիւն` երիտասարդութեան ուժին, կամքին եւ կարողութեան

ՀՅԴ ԼԵՄ. Մեր Խօսքը

Ահաւասիկ հասած ենք 2024 տարուան աւարտին` մեր մտքերուն եւ սրտերուն մէջ ունենալով բազմաթիւ մտահոգութիւններ ու յոյսեր, ակնկալութիւններ ու ըմբոստութիւն, ինչպէս նաեւ` անպատասխան հարցադրումներ:

Ընդհանուր գիծերու մէջ 2024 տարին իր ամէնօրեայ տեսակով կրնայ չնմանիլ 2020 տարուան: Սակայն, համազգային եւ համասփիւռքեան մակարդակներով, աւելի ծանր տարի էր, քան` 2020-ը: Առաջին հերթին, յունուար 2024-ին միջազգային ընտանիքի մեծամասնութեան եւ ազրպէյճանաթրքական դաշինքին համար Արցախի Հանրապետութեան էջը փակուեցաւ: Արցախի մեր ժողովուրդը մնաց անտէր եւ անօթեւան: Այս իմաստով, Հայաստանի իշխանութիւնները ամենայն հպարտութեամբ եւ ամբողջական գիտակցութեամբ շարունակեցին իրենց ազգադաւ քաղաքականութիւնը եւ արդէն իսկ ոսկորին հասած դանակը յաւելեալ ուժգնութեամբ ա՛լ աւելի մխրճեցին համայն հայութեան սրտին մէջ: Բնականաբար, պատմութիւնը վկայ, ներքին դաւաճանը շա՛տ աւելի վտանգաւոր է, քան` արտաքին թշնամին: Դժբախտաբար վիճակը կը մնայ նոյնը:

Երկրորդ` Լիբանանի վրայ ազրպէյճանաթրքական դաշինքի հաւատարիմ դաշնակից Իսրայէլի յարձակումներէն մեծապէս ազդուեցաւ նաեւ Լիբանանի հայ գաղութը: Թէեւ հայ գաղութը զոհեր կամ վիրաւորներ չունեցաւ, սակայն լիբանանահայը տառապեցաւ ու կրեց հոգեբանական, տնտեսական եւ ընկերային վնասներ: Այսօր զինադադարը ի զօրու է, սակայն` մինչեւ ե՞րբ:

Երրորդ` Սուրիոյ մէջ բռնկեցան Թուրքիոյ աջակցութիւնը եւ ֆինանսաւորումը վայելող զինեալ խմբաւորումներու յանկարծակի յարձակումները Սուրիոյ իշխանութեան վերահսկողութեան տակ գտնուող տարածքներուն վրայ: Հալէպը այսօր ահաւոր վիճակ կը պարզէ: Սուրիահայ գաղութը դարձեալ կը կանգնի տեղահանման կամ ցեղասպանութեան վտանգին դէմ յանդիման:

Հետեւաբար հարկ է հաստատել, որ համազգային մակարդակով հայ ազգը վտանգուած է: Մեր թշնամիները բազմաճակատ պայքար կը մղեն մեզի դէմ: Իսկ մե՞նք: ՀՅԴ-ի հիմնադիրներէն եւ անոր կամքը խորհրդանշող Ռոստոմը կ՛ըսէ. «Յեղափոխութիւնը նախ գործ է, յետոյ` գաղափար, սա է ճշմարտութիւնը: Աւելի ճիշդ` յեղափոխութիւնը գործ է գաղափարի համար»: Այսինքն ներկայիս մենք կարիքը ունինք վերակազմակերպուելու եւ վերատեսութեան ենթարկելու մեր նախկին բոլոր քայլերն ու մօտեցումները:

ՀՅԴ ԼԵՄ-ը եւ դաշնակցական երիտասարդութիւնը պատրաստ են ամէն տեսակի պատասխանատուութիւն վերցնելու: Սակայն, այս ընթացքին նախապայման է վստահութիւնը: Վստահութիւն` երիտասարդութեան ուժին, կամքին եւ կարողութեան: Վստահութիւն` գաղափարի հանդէպ երիտասարդութեան անկեղծութեան եւ հաւատարմութեան: Վստահութիւն` տասնամեակներ շարունակ արձակուած «Երիտասարդութիւնը ապագան է» լոզունգին: 2025-ին լոզունգները վերածենք իրականութեան…

Share