12-14 Ապրիլ 2024-ին, Թեհրանի մէջ, Հ.Յ.Դ. Բ.-ի Երիտասարդական Գրասենեակին կազմակերպութեամբ գումարուեցաւ Հ.Յ.Դ. Պատանեկան Միութիւններու պատանիներու յատուկ խորհրադաժողովը, որուն կը մասնակցէին Հայաստանի, Արցախի, Թեհրանի, Նոր Ջուղայի, Սուրիոյ եւ Լիբանանի պատանեան միութիւններէն 23 պատանիներ ու վարիչներ, Հ.Յ.Դ. Բ.-ի Երիտասարդական խորհուրդէն անդամներ եւ հիւրընկալող շրջանէն ներկայացուցիչներ:
Եռօրեայ խորհրդաժողովին պատանիները քննարկեցին ազգային ինքնութեան ու արժեհամակարգին, հայրենասիրական ու ազգային դաստիարակութեան, միութենական կեանքի եւ պատանիի տիպարին ու առաքելութեան առնչուած օրակարգեր: Պատանիները իրազեկ դարձան նաեւ անցնող հնգամեակին Արցախի քաղաքական անցուդարձերուն եւ արցախցիներուն հայրենի տուն վերադառնալու անկոտրում կամքին: Պատանիները հաստատեցին, որ Արցախի հարցը փակուած կարելի չէ համարել մինչեւ անոր արդար լուծումը:
Միջին Արեւելքի քաղաքական, ապահովական, ընկերային թէ այլ բազմաբնոյթ կացութիւններու, իրավիճակներու ու մթնոլորտի մէջ հասունցած պատանիները` դրսեւորեցին լրջախոհ կեցուածք եւ որպէս դաշնակցական պատանի իրենց կոչումը արդարացուցին:
Մարդուժի պատրաստութեան շրջագծէն ներս կազմակերպուած այս գործունէութիւնը հիմնականօրէն կը նպատակադրէր պատանիներու ներկազմակերպական տեղեկութիւններու, գիտելիքներու ու հմտութիւններու տարածքը ընդարձակել ընդգրկելով՝ (ա.)տարածաշրջանի Հ.Յ.Դ. պատանեկան միութիւններուն վերաբերող կազմակերպական քննարկումներ ու սերտողութիւններ, (բ.)ծանօթանալ տարածաշրջանի պատանիներու մտահոգութիւններուն, ազգային ու միութենական հարցերու մօտեցումներուն, մտահորիզոնին եւ հեռանկարներուն, (գ.)նպաստել պատանիներու կազմակերպական փորձառութեան ձեռքբերման եւ տարածաշրջանի պատանեկան միութիւններու ու պատանիներու միջեւ ընկերական յարաբերութիւններու սերտացման:
Խորհրդաժողովը նաեւ կը միտէր խորացնել Հ.Յ.Դ. պատանեկան միութիւնները մէկ ընտանիքի պատկանելու գաղափարը եւ մեր գաղափարական դաստիարակութիւնը ներթափանցելի դարձնել պատանիներու կրթութեան մէջ, միաժամանակ պատրաստելով ապագայ մարդուժի տուեալներու անձնադարան:
Այս օրերուն, մեր ազգին ու հայրենիքին դիմագրաւած դժուար պայմաններուն մէջ, խորհրդաժողովը պատանիներու ազգային ու հայրենասիրական դաստիարակութեան վերաբերող ծրագիրներ քննարկեց, կեդրոնանալով նորարար, պատանիները հետաքրքրող եւ միաժամանակ ազգային արժէքները գերագոյն արժէքները համարող ու անոնց դրսեւորումը պատանիներու առօրեային մէջ զգալի դարձնող նախագիծերու վրայ:
Նկատառելով, որ նմանօրինակ գործունէութիւններ մեծապէս կը նպաստեն պատանիներու փորձառութեան կրկնապատմկան, աշխարհայեացքի ընդլայնման եւ նոր տեսլականներու ձեւաւորման` խորհրդաժողովը կարեւորեց անոնց յաճախակի կազմակերպումը: Քարոզչական բնագաւառի մէջ ժողովը հաստատեց Հ.Յ.Դ. պատանեկան միութիւններու աշխատանքները լուսարձակի ներքեւ պահելը եւ համացանցի ընձեռած հնարաւորութիւններէն օգտուելով յարաբերական ու քարոզչական աշխատանք ծաւալելը: Արցախի պատանեկան միութեան գործունէութեան սատար հանդիսանալու համար խորհրդաժողովը սերտեց եւ առաջարկեց տարածաշրջանային թէ համահայկական նախաձեռնութիւններու տարբերակներ:
Խորհրդաժողովի օրակարգերու քննարկման եղանակը, որ կը յատկանշուէր բծախնդրութեամբ եւ խորքայնութեամբ, ցուցանիշ էր, որ Միջին Արեւելքի Հ.Յ.Դ. պատանեկան միւթիւնները տասնամեակներու ընթացքին իրենց ծաւալած գործունէութեամբ` իրենց հիմնադրութեան թիրախը նուաճած են:
Խորհրդաժողովը հիւրընկալող Թեհրանի կազմակերպական շրջանը իր ցուցաբերած ջերմ մօտեցումով ու ընդունելութեան հարազատութեամբ վերահաստատեց Դաշնակցութեան աշխարհասփիւռ կառոյցներու միահամռութիւնը:
Յառաջիկայ ամիսներուն պիտի կազմակերպուի Եւրոպայի եւ Ամերիկաներու պատանեկան միութիւններու նմանաբնոյթ խորհրդաժողովներ:
Հ.Յ.Դ. Բ.Ի ԵՐԻՏԱՍԱՐԴԱԿԱՆ ԳՐԱՍԵՆԵԱԿ