Ա.Մ.Նահանգներու Արեւմտեան Թեմի Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Գեղամ Ս. Արք Խաչերեան, Հոգեւորականաց դասը, Կրօնական ժողովն ու Ազգային վարչութիւնը կը գուժեն մահը Հայկարամ Առաքելեանի, որ պատահեցաւ Շաբաթ, 24 Օգոստոս 2024-ին, յետ երկարատեւ հիւանդութեան:
Հանգուցեալը երկար տարիներու եկեղեցանուէր ու ազգանուէր ծառայութիւն ունեցած է Միացեալ Նահանգներու Արեւելեան, ապա Արեւմտեան Թեմերէն ներս: Ան Արեւելեան թեմի իբրեւ ներկայացուցիչ մասնակցած է Արեւմտեան մեր Թեմի Երեսփոխանական ժողովներու, եղած է Արեւմտեան Թեմի Ազգային վարչութեան անդամ, ինչպէս նաեւ բարերար, զօրակից Ազգ. Առաջնորդարանի զանազան ծրագիրներու եւ գաղութի նուիրեալ անդամներէն:
Իր հաւատացեալ նկարագրին, ազգանուէր վաստակին եւ կատարած իշխանական բարերարութեանց համար՝ 1983 թուականին արժանացած է Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան «Կիլիկեան Իշխան» շքանշանին, ձեռամբ՝ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսին: Այս տխուր առիթով, ցաւակցութիւն կը յայտնենք հանգուցեալի այրիին՝ Ալիսին, դուստրերուն, թոռներուն, ընտանեկան պարագաներուն եւ համայն հարազատներուն ու բարեկամներուն:Պիտի կատարուի Ազգային թաղում, որ տեղի պիտի ունենայ Ուրբաթ, 6 Սեպտեմբեր, կ.ե. ժամը 1-ին, Կլենտէյլի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ:
Յիշատակն արդարոյն օրհնութեամբ եղիցի։
ԴԻՒԱՆ ԱԶԳԱՅԻՆ ԱՌԱՋՆՈՐԴԱՐԱՆԻ