Լրագրողներու Եւրոպական ֆետէրասիոնը (EFJ) միացած է Հայաստանի Ժուռնալիստներու միութեան (ՀԺՄ) յայտարարութեան՝ դատապարտելով Հայաստանի կառավարութեան աջակիցներուն կողմէ հասարակական ցանցերու եւ որոշ առցանց լրատուամիջոցներու մէջ Լեռնային Ղարաբաղի մէջ լարուած իրադարձութիւններուն վերաբերեալ նիկոլ փաշինեանի՝ Յուլիս 25-ին տեղի ունեցած մամուլի ասուլիսէն ետք սկսած վիրաւորանքներուն եւ ոտնձգութիւններուն արշաւը:
«Կոչ կ՝ընենք Հայաստանի իշխանութիւններուն հրապարակայնօրէն դատապարտելու այդ սպառնալիքները եւ պատասխանատուութեան ենթարկելու եւ պատժելու մեղաւորները: Մահուան եւ ֆիզիքական բռնութեան սպառնալիքներու թիրախ դարձած են որոշ մարդիկ, ներառեալ՝ լրագրողներ Անի Գէորգեանն ու Հռիփսիմէ Ջեբեջեանը:
Ժուռնալիստներու միութիւնը դատապարտած է կառավարութեան մօտ կանգնած ակտիւիստներու եւ որոշ պետական պաշտօնեաներու կողմէ կազմակերպուած կանխամտածուած յարձակումը: Հայաստանի ժուռնալիստներու միութիւնը նաեւ մեղադրած է վարչապետը՝ ատելութեան այդ առցանց քարոզարշաւը խրախուսելու մէջ: Միութիւնը հարցը փոխանցած է ՀՀ մարդու իրաւունքներու պաշտպան Անահիտ Մանասեանին:
«Լրագրողները կ՝աշխատին իրական ահաբեկչութեան պայմաններու մէջ,- ըսած է ՀԺՄ նախագահ Սաթիկ Սէյրանեանը,- «Անօնք իսկապէս վտանգի տակ են»:
Լրագրողներու Եւրոպական ֆետէրասիոյնի գլխաւոր քարտուղար Ռիգարտօ Կուդիերեսը կոչ ըրած է Հայաստանի իշխանութիւններուն՝ հրապարակայնօրէն դատապարտելու այդ սպառնալիքները եւ բացայայտելու, հետապնդելու եւ պատժելու մեղաւորները, յատկապէս, եթէ անօնք պետական իշխանութիւններու պաշտօնական ներկայացուցիչներ են»,- ըսուած է յայտարարութեան մէջ: