Չորեքշաբթի, 16 Հոկտեմբեր 2024-ին, մարոնիթ եկեղեցւոյ կեդրոնատեղի Պքէրքէի մէջ գումարուեցաւ քրիստոնեայ-իսլամ հոգեւոր արտակարգ վեհաժողով, որուն սկիզբը մարոնիներու Ռայի պատրիարքը խօսք մը արտասանելով՝ յայտնեց, որ լիբանանեան տագնապը անհրաժեշտ է դիմագրաւել միասնակամ ճիգերով։ Խօսք առին նաեւ ներկայ հոգեւոր պետերէն ոմանք, որոնք նոյնպէս ընդգծեցին միասնաբար դարմանելու Լիբանանի կրած ողբերգութիւնը։
Նշենք, որ վեհաժողովէն քանի մը օր առաջ, մարոնիթ պատրիարքը, որ նախաձեռնողը եղաւ յիշեալ հաւաքին, հեռաձայնային հաղորդակցութեամբ կապ հաստատեց Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին հետ, որ օրերս հովուապետական այցելութեամբ կը գտնուի Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու արեւելեան թեմ, եւ խորհրդակցեցաւ վեհաժողովին կողմէ հրապարակելի յայտարարութեան շուրջ։
Յայտնենք, որ վեհաժողովին Վեհափառ Հայրապետը ներկայացուց Լիբանանի Հայոց Թեմի առաջնորդ Գերշ. Տ. Շահէ Արք. Փանոսեան:
Վեհաժողովի աւարտին հրապարակուեցաւ յայտարարութիւն մը, ուր ըսուած է, թէ իսրայէլեան բարբարոս յարձակումը կը թիրախաւորէ ամբողջ Լիբանանն ու բոլոր լիբանանցիներուն արժանապատուութիւնը, «եւ լիբանանցիները իրենց միասնականութեամբ, զօրակցութեամբ եւ իրենց հողին ու հայրենիքին կառչածութեամբ կրնան տոկալ ու ետ մղել թշնամին` շեշտելով, որ Լիբանանի մէջ լուծումները պիտի ըլլան ու պէտք է որ ըլլան միայն միասնական ազգային լուծումներու ճամբով, որոնք հիմնուած են լիբանանեան սահմանադրութեան, Թաէֆի համաձայնութեան, լիբանանեան պետութեան ու անոր միակ իշխանութեան, անոր ազատ որոշումներուն, հայրենիքի ու ազգային գերիշխանութեան պաշտպանութեան անոր պատասխանատու դերին եւ իր ժողովուրդին, անոր անվտանգութեան, կայունութեան ու բարգաւաճման երաշխաւորման կառչելուն վրայ»:
Ինչ կը վերաբերի հաղորդագրութեան, ապա վեհաժողովը նախ եւ առաջ կոչ ուղղեց` ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդը անմիջապէս հրաւիրելու ժողովի` զինադադարի հաստատման վճռական որոշում որդեգրելու եւ դադրեցնելու Լիբանանի դէմ գործուող ջարդը:
Երկրորդ` բոլոր լիբանանցիներուն կոչ ուղղեց` «փրկելու իրենց հայրենիքը, որովհետեւ ներկայ պահը ամուլ վէճի պահը չէ, պահանջներու եւ շահերու ապահովման պահը չէ: Ներկայ պահը փաստելու համար է մեր միասնական լիբանանցիներ ըլլալու կարողութիւնը եւ այս հայրենիքին պատկանելու արժանի ըլլալը: (…) Ներկայ պահը փոխհասկացողութեան, համագործակցութեան եւ միախմբուելու պահն է, որովհետեւ լիբանանեան գոյացութիւնը վտանգներու եւ կորսուելու վտանգի ենթակայ է, որովհետեւ իսրայէլեան թշնամիին ախորժակները անսահման են, թէ՛ ժամանակի, թէ՛ վայրի առումով: Այժմ պահը Լիբանանը փրկելու համար զոհողութիւն կատարելու պահն է, զօրակցութեան պահն է, թեւ-թիկունք կանգնելու եւ միասնութեան պահն է: Պէտք է ամրապնդենք իրարու նկատմամբ վստահութիւնը եւ գործակցինք կառուցելու համար կարող ու արդար պետութիւնը, ամրապնդենք անոր հաստատութիւնները, որպէսզի լիբանանցի ժողովուրդի միասնականութիւնը մնայ ամէնէն ուժեղ զէնքը` պաշտպանելու Լիբանանը եւ հաստատելու անոր ազատութեան, անկախութեան ու գերիշխանութեան իրաւունքը»:
Երրորդ` բոլոր լիբանանցիներուն կոչ ուղղեց` կատարելու իրենց հայրենիքին նկատմամբ իրենց պարտականութիւնները, որոնց առաջինը սահմանադրական հաստատութիւններու վերակազմումն է, մասնաւորաբար խորհրդարանի անմիջապէս ձեռնարկելը ընտրելու հանրապետութեան նախագահ մը, որ բոլոր լիբանանցիներուն վստահութիւնը կը վայելէ, եւ այդ մէկը կատարել կառչելով սահմանադրութեան կէտերուն եւ «կարելի առաւելագոյն չափով փոխհասկացողութեամբ ու համաձայնութեամբ», լիբանանցիներու կամքով, Ազգային ուխտի ոգիով եւ ազգային շահերը արտաքին շահերէն բարձր նկատելով:
Չորրորդ` անմիջապէս ձեռնարկել ամբողջական գործադրութեանը ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի թիւ 1701 որոշումին, ներառեալ աջակցելով լիբանանեան բանակին, ամրապնդելով Լիբանանը պաշտպանելու անոր կարողութիւնը եւ ընդգծելով Լիթանի գետէն հարաւ ու լիբանանեան տարբեր շրջաններու մէջ անոր ընդարձակ տեղակայումը: Լիբանանեան կառավարութիւնն ալ պէտք է ամբողջովին տէր կանգնի իր պարտաւորութիւններուն եւ սահմանադրութեան համաձայն գործակցի խորհրդարանին հետ` արաբ եղբայրներու եւ աշխարհի տարածքին բազմաթիւ բարեկամներուն Լիբանանի փրկութեան մասնակցութիւնը ապահովելու:
Հինգերորդ` ընդգծել լիբանանցիներուն միասնականութիւնն ու զիրար ընդունելու կարեւորութիւնը, մասնաւորաբար ներկայ դժուար փուլին: Ուստի պէտք է վերստին կազմեն մէկ ու միասնական խումբ, յօգուտ իրենց միացեալ շահին ու Լիբանանի շահին, եւ այդ ալ լիբանանեան պետութեան պայմաններով եւ անոր հովանաւորութեամբ, ինչ որ կը նշանակէ, թէ պետութիւնը իր ձեռքը կ՛առնէ ազգային որոշումը եւ կը պաշտպանէ ազգային գերիշխանութիւնն ու ժողովուրդին արժանապատուութիւնը, ինք կ՛ըլլայ լիբանանեան բոլոր հողերուն վրայ իշխանութեան միակ տէրը:
Վեհաժողովը նաեւ շնորհակալութիւն յայտնեց արաբական եղբայրական պետութիւններուն ու ՖԻՆԻՒԼ-ին` ընդգծելով, որ արաբական շրջանին մէջ գլխաւոր դատը Պաղեստինի արդար դատն է։