Ընտրել ազգային, հարազատ եւ մասամբ նորին

Ընտրել ազգային, հարազատ եւ մասամբ նորին

Յ. Պալեան

            Եթէ խորթացած չըլլայինք մեր արմատներէն եւ այսօ ՛ր ունկնդրէինք Պատմահայր Մովսէս Խորենացին, մե՛ր Մովսէսը, տարբեր կ’ըլլայինք, մեր ներկան եւ գալիքը տարբեր կ’ըլլային:

            Ճիգ ընել եւ լսել Խորենացին, նոյնիսկ եթէ ան մեր բարբառած համաշխարհային եւ ֆէյսպուքեան լեզուներով  չէ խօսած:

            Ան 16 դար առաջ ըսած է.

«Ողբամ զքեզ, Հայոց աշխարհ, ողբամ զքեզ, հանուրց հիւսիսականաց վեհագոյն. զի բարձաւ թագաւոր եւ քահանայ, խորհրդական եւ ուսուցող. վրդովեցաւ խաղաղութիւն, առատացաւ անկարգութիւն. դրդուեցաւ ուղղափառութիւն, կայկայեցաւ տգիտութեամբ չարափառութիւն»:

            «Կայկայիլ». բառարանը կ’ըսէ «ամրապնդուիլ»:

            Երեք բանալի բառեր. տգիտութիւն, ամրագրում, չարաբփառութիւն:

            Միթէ՞ Խորենացին յայտնատեսութի՞ւնը ունեցած էր մեր ներկայի «չարափառութեան»…

            Եթէ ԱԶԳը  ունենար ՂԵԿԱՎԱՐՈՒԹԻՒՆ, փոխան ղեկավարութիւններու, ան ճիշդ եւ անճապկում ընտրութիւն կատարած կ’ըլլար ազգայինի եւ ապազգայինի միջեւ, ան ըստ այնմ կը խօսէր եւ կ’առաջնորդուէր, համերաշխութիւն կը գոյանար, եւ մեր կեանքը փուճ խօսքերու հանդէս չէր ըլլար:

            Նախ պէտք է ճշդել թէ ո՞ւր է ղեկավարութիւնը, ի՞նչ են անոր ստորոգելիները: Կը խօսինք եւ կը գրենք այնպէս, որ կարծէք ան վերացական բան մը ըլլար, երգ կամ գիրքի էջ: Այս կամ այն դիրքերու վրայ յայտնուողներով անպայման ղեկավարութիւն չի յառաջանար, այլ կը կազմակերպուի երեւելիներու հանդէս, ինչպէս կ’ըսեն շաու (show), ճնճղուկ որսացողը կը բազմի սպայակոյտի նախագահի աթոռին, կամ կը խաղայ համակարգիչի պատուհանին վրայ, կողմնապաշտական կամ եսի գովերգութիւններով: Եթէ ըմբռնումով գնահատէինք մենք մեզ, անհատաբար, եւ ամէն գոյնի «ղեկավարութիւնները,-ի հարկէ յոգնակի, այնքա՜ն բազմաթիւ են անոնք,-չմոռնանք «ֆէյսպուք»եանները,նուազ յուսախաբութիւններ եւ պարտութիւններ կ’ունենայինք:

            Նախ պէտք է յստակացնել, թէեւ մինչեւ այսօր յստակացուցած պէտք էր ըլլայինք, ազգայինի եւ ապազգայինի տարբերութիւնը, ճշդելով չափանիշներ, ոմանք, նորոյթի հետեւողներ,  կ’ըսեն, հայեցակարգ: Աւելի պարզ հարցում. ո՞ւր եւ ե՞րբ ազգայինը իր տեղը կու տայ ապազգայինի եւ հակառակը:

            Ի՞նչ են այն առարկայական եւ ենթակայական հիմնաւորումները, որոնցմով մարդոց խմբաւորում մը կը դառնայ ինքնուրոյն ազգ, կ’առանձնանայ այլ խմբաւորումերու շարքէն: Ո՞ր յատկանիշներն են, որ անգլիացին, ֆրանսացին, արաբը, հնդիկը կամ չինացին կը բնորոշեն, զանոնք կ’ընդունինք որպէս տարբեր ինքնութիւններ, մէկը միւսին հետ չենք շփոթեր: Մեր կեանքին մէջ ո՞ւր կ’աւարտին ազգայինը եւ ընդունուած կարգը, կենցաղը, արժէքային ըմբռնումը եւ կը դառնան ապազգային, եւ իրենց տեղը կու տան մասնակիի, եսի, շահի եւ շահակցութեան համակարգի : Հուսկ՝ կը կորսուի վաւերականի եւ «the right man in the right place»-ի անկլօ-սաքսոն իմաստութիւնը:

            Միշտ պէտք է մտածել եւ գործել նկատի ունենալով ինքնութիւն ամրագրած ժողովուրդներու օրինակով: Երբ կը բաղդատեմ հայերէնի ներկայի պատկերը ֆրանսերէնի, եւ այլ լեզուներու, կը յանգիմ այն եզրակացութեան, որ մեր լեզուն կը համարենք խոպան, ուստի կարելի է խօսիլ եւ գրել այնպէս ինչպէս որ կրնանք եւ կը ցանկանք: Այս կացութեան վառ պատկերը համացանցի վրայ երեւցող հայատառ էջերն են եւ Հայաստան խօսուած եւ գրուած, օտար բառերով վայրագ կերպով  տեւաբար ներխուժուող լեզուն:

            Այսօր հայերէնը ազգային հարազատութիւն նուաճելու համար պէտք ունի համազգային համոզուածութեամբ քաղաքական կամքիՕտար բառերու գործածութինը ֆրանսերէնի մէջ չեն որոշեր մի ոմն լրագրող, քաղաքական գործիչ կամ տեսաբան, այլ, դարերու պատմութիւն ունեցող կաճառը, ակադեմիան, որ պատահական թուղթ մրոտողներէ եւ խօափող զբաղեցնողներէ չէ բաղկացած: Նոր, կամ           Ակադեմիայի որոշումով որդեգրուած բառերու ցանկը կը հրատարակուի:  Ֆրանսացին կը հետեւի իր իմաստասէրի այն ըմբռնումին, որ «բառերու ժառանգութիւնը գաղափարներու ժառանգութիւն» է: Այսինքն ազգ, հայութիւն, ինքնութիւն մտածելու համար, երբ հայերէն բառերու ժառանգութեան պատուանդանին վրայ չենք գտնուիր, հայկական մտածողութիւնը կ’այլասերի:

            Այս մասին կրկին մտածեցի, երբ հեռատեսիլի ամենագէտ քաղաքական մեկնաբան մը խօսեցաւ «պանիկա»-ի մասին: Անիջապէս չանդրադարձայ թէ ի՞նչ կ’ըսուէր: Վարժուած էի «տինամիկա»-ին, «տեխնոլոկիա»-ին, «ստրատեկիա»-ին:

            «Պանիկա՜»:…

            Քիչ մը ուղեղս քերելէ ետք, հետեւցուցի, որ ֆրանսերէն panique բառն էր, որ եղած էր  «պանիկա»: Միթէ՞ «զարհուրանք» ըսել տգիտութիւն պիտի ըլլար…Այս հայաստանեան մոդեռնիզացիա է:

Սփիւռքէն Հայաստան գացող-եկողներ ալ, ետ չմնալու, ընդունելի ըլլալու եւ հաճոյանալու համար, կը հետեւին նոյն ուղիին, կը խօսին «ակցիա»յով, «դիսկուրս»ով: Քալեցէ՛ք Երեւանի Հրաչեայ Քոչար փողոցով, «հոն պիտի գտնէք տեխնոլոկիական բաց բառարան, եւ հայերէնը «վուլկանիզիցիա» պիտի ընէք:

            Հայը, երբ այլեւս հրաժարած է իր բառերու ժառանգութենէն եւ անոնց հետ հասած մտածողութենէն, ինչպէ՞ս ուրոյն «ազգային մտածողութիւն» պիտի ունենայ: Օտար բառերով օտար գաղափարներու ժառանգութեան վրայ, հայը ազգային ինքնուրոյնութեան ճապկումներ պիտի ընէ: Կ’ընէ: Այս ընթացքը «պանիկա» չի ստեղծեր, ո՛չ ներսը եւ ո՛չ դուրսը: Իրաւ աազգային ղեկավարութիւնը հասկցած պիտի ըլլար, որ այս «մոդեռնիզացիա»ն կ’առաջնորդէ ամէն տեսակի այլասերումներու:

            Թէեւ արդար պէտք է ըլալ: Հայաստան կայ լեզուի պաշտպանութեան օրէնք եւ կարելի է դատի յանձնել լեզուն այլասերողները: Սփիւռքը չունի այդպիսի օրէնք: Ինչպէ՞ս ունենայ: Ինչպէ՞ս Հայաստան ընդունուած այդ օրէնքը կարելի է գործադրել, երբ ախտը համատարած է, իշխանութիւն, լրատուամիջոց, գիտնականներ, գրողներ, կրթութիւն, մեղսակից են: Հայերէնի բառապաշարը ինտերնացիոնալիզացուած է, հիմա, կոմպիւտըրը եւ ինտերնետը Մաշտոցի այբուբենն ալ մոդերնիզացնելու լապորաթորիա են, սփիւռքն ալ կրնկակոխ կը հետեւի, ազգը (չ)միացնելու համար: Ո՛չ ոք կ’ահազանգէ, «պանիկա» չկայ:  Ինչո՞ւ կասեցնել յառաջդիմութիւնը եւ քայլ չպահել:

            Դատարկաբանութիւն է խօսիլ լեզու, բառ, երբ զանոնք կրող հող պիտի չըլլայ, երբ այդ բոլորի պաշտպան ըլլալու կոչուած առաջնորդին պաշտպանութեան իրենք զիրենք կը կոչեն ցեղասպանը, ներխուժողը, հայը ապրելու իրաւունքէ զրկողը: Իսկ մենք կ’ուրախանանք խօսելով եւ գրելով բոլոր անոնց լեզուներով որոնք մեզ խաբած եւ ծախած են, եւ կը շարունակենք «թեմաննահ»  ընել եւ «սալամ ալէք» ըսել: Մինչեւ ե՞րբ եւ ո՞ւր հասնելու համար:

            Միթէ՞ չենք շեփորեր, որ համաշխարհային ազգ ենք:

            Միթէ՞ մեր բազմահազարամեայ ազգի արգանդը չորցած է եւ ծնունդ չի տար իր ժողովուրդը Կարմիր ծովէն անցուցած Մովսէսի մը, եզակի, ո՛չ բազմաթիւ: Բայց մինչ այդ, մենք պահա՞ծ ենք  միացման, լսելու եւ հետեւելու առաքինութիւնը, հռոմէացիի վիրթուսը, հոգեկան ուժը, որ կը պատգամէր՝ վահանի ետին կամ վահանին վրայ: Այս ըսել եւ մտածել. արտագաղթ-հայրենալքում եւ հայրենադարձութիւն-հայրենատիրութիւն, իմացումներուն, մեր հարազատութեան ժառանգութիւններուն, կառչելով անոնց. անցնինք մեզի պարտադրուած եւ պարտադրուող ԿԱՐՄԻՐ ԳԻԾԵՐէն անդին, ինչպէս Մովսէս իր ժողովուրդը անցուց ԿԱՐՄԻՐ ԾՈՎէն:

            Միշտ նայիլ մեր շուրջը, աջ, ձախ, առջեւ, ետեւ, եւ յաջողելու համար ընել այնպէս, որ իրականացնենք «the rihgt man in the right place»ի մեծ իմաստութիւնը, մի՛շտ՝ ներսը եւ դուրսը, ովկիանոսին այս եւ այն կողմը, թաղելով հրէի եւ հեթանոսի յոգնակիացած տարբերութիւնները, եւ կծկուելով չգոռանք՝ ՊԱՆԻԿԱ՜…:

            Կ’ազատի՞նք ՊԱՆԻԿԱՆԵՐէն, կը դադրի՞նք նահանջը քաղաքականութիւն եւ մարտավարութիւն համարելու  մարդորսական թարանթելլա պարելէ:

            ՊԱՆԻԿԱ՜ ՜

            Հեղեղը կը տանի հայերէնը եւ մենք օթեակներու մէջ նստած հանդիսատեսներ ենք:

            Կրկին եւ բարձրաձայն ընթերցել, որպէսզի իրաւ եւ հոգեբանական խուլերը իմանան.

            Ողբամ զքեզ, Հայոց աշխարհ, ողբամ զքեզ, հանուրց հիւսիսականաց վեհագոյն. զի բարձաւ թագաւոր եւ քահանայ, խորհրդական եւ ուսուցող. վրդովեցաւ խաղաղութիւն, առատացաւ անկարգութիւն. դրդուեցաւ ուղղափառութիւն, կայկայեցաւ տգիտութեամբ չարափառութիւն:       

            Միթէ՞ Խորենացին յայտնատեսութիւնը ունեցած էր մեր ներկայի «չարափառութեան: Այսօր աւելի ճիշդ պիտի ըլլայ ըսել՝ չարափառութիւններուն, յոգնակիացած:

Share