Չաւուշօղլուն կը զգուշացնէ «սադրանք»ներէ

Չաւուշօղլուն կը զգուշացնէ «սադրանք»ներէ

Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Մեւլութ Չաւուշօղլուն որոշած է «նախազգուշացնել» Հայաստանը՝ «հետագայ սադրանքներու անթոյլատրելիութեան» մասին։

«Մենք անգամ մը եւս կը նախազգուշացնենք Հայաստանը, որ չմասնակցի նոր սադրանքներու»,-ըսած է ան՝ ելոյթ ունենալով Անգարայի մէջ Թուրքիոյ դեսպաններու 13-րդ համաժողովին։

«Մենք կասկածի տակ դրած ենք  «սառեցուած հակամարտութիւն» եզրոյթը՝ յիշեցնելով, որ սառոյցներու հալիլը կը նշանակէ որեւէ պահու հակամարտութիւն սկսիլ»,- նշած է ան։

Չաւուշօղլուն հաւաստիացուցած է, որ Արցախի դէմ ատրպէյճանական յարձակումէն ետք Թուրքիան «դիմած է տարածաշրջանային խաղաղութեան ջանքերու»։ «Այսպիսով, մենք այսօր կը խօսինք տարածաշրջանային խաղաղութեան եւ համագործակցութեան, այլ ոչ թէ բռնագրաւուած հողերու, տեղահանուած անձանց, փախստական գաղթականներու եւ հակամարտութեան մասին։ Անգարան կը շարունակէ Հարաւային Կովկասի մէջ խաղաղութեան եւ կայունութեան ապահովման, համագործակցութեան մթնոլորտի ձեւաւորման ջանքերը։ Մենք դարձեալ կը նախազգուշացնենք Հայաստանը հետագայ սադրանքներու անթոյլատրելիութեան մասին»,-ըսած է ան։

Share