ՀՅԴ Բիւրոյի եւ ՀՕՄի Կեդրոնական Վարչութեան ատենապետը Սիտնիի մէջ

ՀՅԴ Բիւրոյի եւ ՀՕՄի Կեդրոնական Վարչութեան ատենապետը Սիտնիի մէջ

Երեքշաբթի 8 Հոկտեմբերին, ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչներ ընկերներ Յակոբ Տէր Խաչատուրեան, Խաժակ Մկրտիչեան եւ Ռաֆֆի Տօնապետեան, ինչպէս նաեւ ՀՕՄ- ի Կեդրոնական վարչութեան ատենապետ ընկհ Արուս Մելքոնեան , որոնք այս օրերուն կը գտնուին Աւստրալիա ՀՅԴ Աւստրալիոյ կառոյցի հիմնադրութեան 60 ամեակի տօնակատարութիւններուն իրենց մասնակցութիւնը բերելու համար, շրջանիս ՀՅԴ Կեդրոնական Կոմիտէի, ՀՄԸՄի Կեդրոնական Վարչութեան ներկայացուցիչ եղբայր Տիրան Վահրատեանի եւ շրջանիս ՀՕՄի Կեդրոնական Վարչութեան ներկայացուցիչ ընկերուհի Նորա Սեւակեանի եւ Շրջանային վարչութիւններու ներկայացուցիչներուն հետ կատարեցին այցելութիւններ Աւստրալիոյ Հայ Կաթողիկէ համայնքի Առաջնորդարան, ուր հանդիպում ունեցան Հայ Կաթողիկէ համայնքի Առաջնորդ Գերյարգելի Հայր Բարսեղ Ծայրագոյն Վարդապետ Սուսանեանի Եւ Եկեղեցւոյ Խորհուրդի անդամներուն հետ։

Հանդիպման ընթացքին, Գերյարգելի Սուսանեան Ծայրագոյն Վարդապետ մանարամասնօրէն զեկուցեց համայնքէն ներս եկեղեցւոյ ունեցած դերակատարութեան եւ գործունէութեան մասին։ Կողմերը փոխանակեցին նաեւ կարծիքներ սփիւռքահայութեան եւ հայրենի մեր ժողովուրդին դիմագրաւած մարտահրաւէրներուն մասին, անոնք ըլլան հոգեւոր թէ ազգային բնագաւառներէ ներս: Անոնք հաստատեցին որ Սփիւռքի մէջ ազգային ու հոգեւոր արժէքներու պահպանմանումը անհրաժեշտ է զօրաւոր Սփիւռք ունենալու գործընթացին, ինչպէս նաեւ հայապահպանման ի նպաստ տարուող աշխատանքներուն համար։

Նոյն օրը պատուիրակութիւնը այցելեց Սիտնիի Արեւմտեան շրջանի Հայ Առաքելական Ս. Երրորդութիւն Եկեղեցի, ուր եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Արժանապատիւ Տէր Միւռոն քահանայ Աւետիսեան, եկեղեցւոյ Ծխական, Վարչական, Տիկնանց, Երիտասարդական եւ Կիրակնօրեայ վարժարանի ներկայացուցիչներուն հետ միասին ջերմօրէն ընդունեց պատուիրակութեան անդամները։ Տէր Հայրը ներկաներուն լայն բացատրութիւն տուաւ եկեղեցւոյ պատմութեան մասին, անդրադարձաւ անոր ունեցած կարեւոր ներդրումին Սիտնիի Արեւմտեան շրջանի Հայ հաւաքականութեան կեանքին մէջ, կարեւորելով նաեւ անոր ունեցած դերակատարութիւնը շրջանի հոգեւոր ու ազգային աշխուժ գործունէութեան ի նպաստ։ Հիւրերը իրենց կարգին յաջողութիւն մաղթեցին եկեղեցւոյ մեծ ընտանիքին եւ գնահատեցին հայկական աւանդոյթները եւ հոգեւոր արժէքները պահպանելու գծով տարուած աշխուժ գործունէութիւնը։

Երեկոյեան, Սիտնիի Արեւմտեան շրջանի Բանոյեան կեդրոնէն ներս ընդունելութիւն տեղի ունեցաւ շրջանի ՀՅԴ «Քեռի» Կոմիտէութեան եւ իր յարակից մարմիններուն կողմէ, ուր ներկայ էին ուղեկից միութիւններու վարչական կազմերն ու իրենց անդամները, ինչպէս նաեւ հիւր պատուիրակութեան ընկերներն ու ընկերուհիները։

Հաւաքի ընթացքին խօսք առին Կոմիտէութեան, Համազգայինի, ՀՕՄի եւ ՀՄԸՄի վարչութիւններու ներկայացուցիչները եւ ընդհանուր պատկեր մը ներկայացուցին իրենց կազմակերպութեանց աշխատանքներուն մասին։

Խօսք առաւ ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչ ընկեր Յակոբ Տէր Խաչատուրեան, որ նախ բարձր գնահատեց Արեւմտեան Սիտնիի քոյր միութիւններու տարած աշխուժ գործունէութիւնը եւ իր գնահատանքը արտայայտեց կեդրոնի բարերարներ Բանոյեան ընտանիքներու կատարած վեհանձն նուիրատուութեան համար, որուն որպէս արդիւնք այսօր Արեւմտեան շրջանը ունի իր շքեղ կեդրոնը: Ընկերը լուսարձակի տակ առաւ Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան խաղցած կարեւոր դերը սփիւռքահայութեան կեանքէն ներս եւ շեշտեց թէ ան աշխարհատարած հայկական քաղաքական միակ կազմակերպութիւնն է, որ իր ուղեկից միութիւններով կը գործէ եւ իր ամբողջական ծառայութիւնը կը բերէ քաղաքական, մարզական, մշակութային եւ բարեսիրական բնագաւառներու մէջ: Ան յորդորեց ներկաները որ սփիւռքեան մեր բոլոր կառոյցները հաւատան բայց մանաւանդ գործեն «Մէկ ազգ եւ մէկ դատ» գաղափարի հիմքերով եւ իրենց տեսլականը կերտեն սփիւռք եւ հայրենիք միասնականութեան եւ մէկ ամբողջականութեան սկզբունքներով:

Հաւաքի աւարտին տեղի ունեցաւ հիւրասիրութիւն, ուր ներկաները մտերմիկ մթնոլորտի մէջ վայելեցին հիւրերու ներկայութիւնը եւ աւելի մօտէն ծանօթացան անոնց:

Յաջորդ օրը Չորեքշաբթի 9 Հոկտեմբերին պատուիրակութիւնը այցելեց Աւստրալիոյ Հայ Դատի յանձնախումբի գրասենեակը, ուր հանդիպում ունեցաւ գործադիր տնօրէնին ու աշխատակազմին հետ: Գործադիր տնօրէն Մայքըլ Գոլոգոսեան ներկաներուն մանրամասն բացատրութիւն տուաւ Յանձնախումբի տարած լայնածաւալ գործունէութեան ու իրականացուցած ծրագիրներուն մասին: Ներկաները բարձր գնահատեցին Յանձնախումբի տարած աշխատանքը ու յաջողութիւն մաղթեցին անոր ազգանպաստ առաքելութեան: Պատուիրակութիւնը նաեւ այցելեց Ցեղասպանութիւնն ու Արցախը ճանչցող NSW նահանգի խորհրդարան եւ յարգանքի տուրք մատուցեց Հայոց Ցեղասպանութեան նահատակ սուրբերուն, անոնց յիշատակին նուիրուած յուշարձանին առաջ:

Երեկոյեան, պատուիրակութիւնը այցելեց Սիտնիի Հայ Աւետարանական Եկեղեցի, ուր հանդիպում ունեցաւ եկեղեցուոյ հոգեւոր հովիւ Վերապատուելի Յակոբ Սարգիսեանի, Հայ Աւետարանչական Ընկերակցութեան Աւստրալիոյ մասնաճիւղի նախագահ Վերապատուելի Գրիգոր Եումուշաճըքեանի եւ Սիտնիի Աւետարանական եկեղեցւոյ վարչութեան, երիտասարդական միաւորի եւ տիկնանց յանձնախումբի ներկայացուցիչներուն հետ: Հանդիպումի ընթացքին, վերապատուելիներ ընդարձակ եւ մանրամասն բացատրութիւն տուին Եկեղեցուոյ եւ Ընկերակցութեան տարած աշխատանքներուն մասին, յատկապէս անդրադառնալով ՀՅԴ եւ անոր ուղեկից միութիւններու հետ համագործակցաբար տարուած աշխատանքներուն: Իր կարգին, ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչը բարձր գնահատեց Աւետարանական եկեղեցուոյ դերը համայնքէն ներս ու քաջալերեց նոյն թափով շարունակել միասնական աշխատանքները: ՀՕՄի Կեդրոնական Վարչութեան ատենապետուհին ներկայացուց ՀՕՄի ծրագիրները, օրինակներ ներկայացնելով զանազան շրջաններու մէջ ՀՕՄի եւ Հայ Աւետարանչական Ընկերակցութեան համագործակցութեան մասին:

Share