Կենտրոնական Կոմիտէի խօսքը ՀՅԴ Օրուայ   Տօնակատարութեան

Կենտրոնական Կոմիտէի խօսքը ՀՅԴ Օրուայ Տօնակատարութեան

Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան Արեւմտեան Ամերիկայի Միացեալ Նահանգների Կենտրոնական Կոմիտէի Խօսքը ապրիլի 3-ին Գլենդելի «Ալեքս» թատրոնում Տեղի ունեցած ՀՅԴ Օրուայ տօնակատարութեան, որը փոխանցեց Կենտրոնական Կոմիտէի անդամ Խաչիկ Թազեանը:


Յարգարժան հիւրեր, Հոգեւոր հայրեր, Քաղաքական գործընկերներ եւ գործիչներ, յարակից միութիւններու Վարչական ներկայացուցիչներ, Սիրելի ընկերներ եւ համակիրներ:

Այսօր ինչպէս միշտ կը  յիշատակենք սովորութիւն դարձած Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան Արեւմտեան Ամերիկայի շարքերու գործունէութեան հաշուետուութիւնը մեր ժողովուրդին համակիրներու, ընկերներու եւ գործընկերներու ներկայութեամբ:

Անցեալ մէկ ու կէս տարին մեր շրջանին, Հայաստանի Հանրապետութեան, Արցախի եւ համայն հայութեան համար եղաւ դժուար օրերու յաջորդականութիւն մը: Սկսելով Գովիտի համաճարակի անդրադարձը գաղութային եւ կազմակերպական կեանքէն ներս…. հասնելով մինչեւ յարձակումներ Հայ ուսումնական եւ հասարակական հաստատութիւններու վրայ՝ Սան Ֆրանսիսքոյի եկեղեցւոյ կից ակումբին, ՔԶՎ ազգային վարժարանի եւ Էնսինոյի Ֆերահեան ազգային վարժարանի…. Ապա Լիբանանի եւ Սուրիոյ գաղութներու տագնապներ եւ ցնցումներ, Արցախեան քառասուն չորս օրեայ պատերազմ…Աննախադէպ գաղութային, եւ համաշխարհային աշխուժութիւն Արցախի պատերազմի օժանդակութեան… հասնելով բեմադրուած պարտութեան մը՝ առաջնորդելով յուսախաբութեան, յուսալքութեան եւ գաղութային լճացման:

Բայց եւ այնպէս Շրջանի կազմակերպուած գաղութի կեանքը պէտք էր որ շարունակուէր, պէտք էր վերականգնուէր, պէտք էր մէկ անգամ եւս պարտութիւնը թօթափել եւ անցնիլ գործի եւ հասնիլ անոնց որոնք կը կրէին պատերազմի հետեւանքները՝… ռազմագերիներ որոնք մինչ օրս պատանդ կը պահուին Ատրպէյճանի կողմէ, տեղահանուած Արցախահայութիւնը որ չի կրնար վերադառնալ Հադրութ ու այլ շրջաններ, թիւով 5000 իրենց նահատակուած զաւակներէն ու ամուսիններէն զրկուած ընտանիքներ:

Արցախի պատերազմին  յաջորդեց Հայաստանի սահմաններուն սպառնացող պատուհասը՝ Սիւնիքի շրջանին ու Հայաստանի այլ սահմաններուն, որը մինչեւ օրս կը մնայ վտանգ հայրենի հողին եւ անոր կառչած մեր հայրենակիցներուն:

Այսօր Ուկրանիոյ հողին վրայ տարուող արեւմուտքի եւ Ռուսիոյ միջեւ պատերազմը կը յուշէ Հայաստանին եւ Արցախին սպառնացող նոյն վտանգը, ուր Արեւմուտքը կը փորձէ չէզոքացնել Ռուսիոյ դերակատարութիւնը տարածաշրջանէն ներս որուն հետեւանքները անպայմանօրէն պիտի բախուին Հայաստանի եւ Արցախի անվտանգութեան շահերու հետ:

Հայաստանի եւ Թուրքիոյ միջեւ օրէ օր զարգացող «յարաբերութիւններու բնականոնացման» բանակցութիւնները յաւելեալ մտահոգութեան դաշտ կը բանան Թուրքիոյ կողմէ Հայկական ցեղասպանութեան հարցը մէկ անգամ ընդմիշտ թաղելու, հետը տանելով Հայ ժողովուրդի հողային եւ հատուցման արդար իրաւունքները:

ՀՅԴ Արեւմտեան Ամերիկայի միացեալ նահանգներու կեդրոնական կոմիտէի անունով կը յայտարարենք, որ անընդունելի եւ դատապարտելի կը գտնենք Հայաստանի ներկայ իշխանութեան անտարբերութիւնը Արցախցու տարրական կարիքներու ապահովման ուղղութեամբ միաժամանակ անընդունելի եւ դատապարտելի կը գտնենք իշխանութիւններու անկարողութիւնը տէր կանգնելու հայաստանաբնակ եւ աշխարհասփիւռ Հայ ժողովուրդի արդար իրաւունքներուն եւ մեր զոյգ պետութիւններու հողային ամբողջականութեան ու անվտանգութեան երաշխաւորման նկատմամբ:

Սիրելիներ, անգամ մը եւս եկած է այն ժամը ուր ժողովուրդը պէտք է պարտադրէ իր կամքը այս բոլորին: Ժամանակը հասած է ուր մեր նոր սերունդը, ուս ուսի տուած աւագ սերունդի փորձառու զինուորագրուածներուն պիտի հռչակէ վերանորոգ եւ յարատեւ պայքար:

Մեր պայքարը յարատեւ է քանի մեր դատն է արդար: Մեր կռիւը գոյատեւման կռիւ եւ ուրիշ ոչինչ: Պայքար որու միակ մղումն այն հանգամանքն է թէ Հայը պիտի ապրի, յարատեւէ եւ զարգանայ իր հայրենի հողի վրայ:

Այսօրուայ Ազերի Թուրքը ոչինչով կը տարբերի անցեալէն: Նոյն գազանութեամբ եւ անգթութեամբ վերաբերուելով թէ պատերազմի ընթացքին եւ թէ «խաղաղութեան» շրջանին: Ռմբակոծելով խաղաղ ժողովուրդը, գլխատելով գերի ինկած զինուորներ, խոչնդոտելով գազի մատակարարում դէպի Արցախ եւ ամեն օր խախտելով զինադադարը, զաւթելով նոր տարակարծներ եւ բարձունքներ կիզակէտ ունենալով Արցախի հայաթափումը:

Այսօր կու գանք հաստատելու թէ Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան շարքերը չեն կրնար զլանալ մաս կազմել այն պայքարին որը անգամ մը եւս պարտադրուած է Հայ ժողովուրդին:

Մենք այսօր կ’ուգանք մարտահրաւէրը ընդունելու, եւ հռչակելու վերանորոգ պայքարի վճռակամութիւն, ընդլայնուած դաշտ, արագացուած թափ եւ յաւելեալ կազմակերպուածութիւն:

Ժամն է հասած միասնականութեան եւ մերժելու բոլոր այն փորձերը եւ դաւադրութիւնները որոնք կը միտին տկարացնել մեր կամքը, մեր վճռականութիւնը եւ կարողականութիւնը:

Ժամն է հասած համախմբուելու եւ անգամ մը եւս վերականգնելու մեր հաւաքական արժանապատուութիւնը:

Ժամն է հասած որ անգամ մը եւս մեծ թէ փոքր երկիրներ եւ ժողովուրդներ տեսնեն  Հայութեան ուժն ու կարողականութիւնը:

Մենք համակերպուելու եւ կամ նահանջելու տեղ չունինք որքան ալ անյաղթելի թուին ըլլալ մեր թշնամիները եւ գերպետութիւններու շահերը:

Մենք այն ժողովուրդն ենք որուն նախահայրերը վերապրելով ցեղասպանութենէն իր մէջ ուժն ու կամքը տեսած է կերտելու Սարդարապատի յաղթանակը եւ հռչակած է անկախ Հայաստանի Հանրապետութիւն:

Մենք այն ժողովուրդն ենք որ ազատագրած է Արցախը եւ Շուշին, նոյն Շուշին ուր այսօր Ազերի Ասկեարն է տեղակայուած, այդ նոյն Շուշին ուր մենք ու մեր թոռները մէկ անգամ եւս պիտի կոչենք Հայկական:

Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան Արեւմտեան Ամերիկայի Կեդրոնական Կոմիտէի անունով կ’ուգանք ըսելու հոս եւ ամենուրեք՝ Արցախի եւ Հայաստանի լինելիութիւնը մեզի համար անսակարկելի է:

Ուստի՜ ոտքի ժողովուրդ արդէն ուշ ենք:

Ոտքի՜ ժողովուրդ մեր կռիւը նոր կը սկսի, Ոտքի՜ մեր գերիներու իրավիճակին տէրութիւն ընելու, Ոտքի՜ ժամանակն է աղմուկ բարձրացնելու, Ոտքի՜ Արցախի եւ Արցախցու շունչ տալու, Ոտքի՜ ի զօրակցութիւն հայկական բանակին: Ոտքի՜ ի պատիւ մեր նորագոյն նահատակներուն: Ոտքի՜ զէնքը ձեռին սահմանի վրայ կանգնելու: Ոտքի՜ գրիչը ձեռին բողոքելու: Ոտքի՜ դէպի արդարութիւն, Ոտքի՝ դէպի Հայրենիքի հզօրացում: Ոտքի՜ դէպի համախմբում ու միասնականութիւն:

Ոտքի՜ դէպի յարատեւ պայքար, Ոտքի՜ դէպի յաղթանակ…

Share