Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Մեւլութ Չաւուշօղլուն մեկնած է Սթրազպուրկ՝ մասնակցելու Եւրոպայի խորհուրդի խորհրդարանական վեհաժողովի (ԵԽԽՎ) խորհրդարաններու նախագահներու ժողովին։ Ermenihaber.am-ի տեղեկութիւններով՝ այցին ծիրէն ներս՝ ան թրքական հիւպատոսարանին մէջ հանդիպում ունեցած է թրքական համայնքի ներկայացուցիչներուն հետ, ուր անդրադարձած է նաեւ հայ-թրքական յարաբերութիւններուն։
Անդրադառնալով հայ-թրքական կարգաւորման գործընթացին՝ ան նշած է. «Մենք տարածաշրջանին մէջ կայունութիւն կ՝ուզենք։ Հայաստանի հետ կարգաւորման հարցով առիթ ստեղծուած է Ազրպէյճանի յաղթանակէն ետք»։
Թուրք նախարարը, նկատի ունենալով հայկական սփիւռքին կազմակերպուածութիւնը, ընդգծած է, որ արտերկրի մէջ ապրող թուրքերը պէտք է աւելի կազմակերպուած ըլլան։
«Ինչ կը վերաբերի Թուրքիոյ, մենք պէտք է քիչ մը աւելի միասնական ըլլանք։ ԱՄՆ-ի մէջ հիմնած ենք թուրք-ամերիկեան ղեկավար կոմիտէ, որ սկսած է շատ արդիւնաւէտ աշխատիլ մեր երկրին ուղղուած հայկական սփիւռքի զրպարտութիւններուն դէմ։ Մենք հնարաւոր ամէն ինչ պիտի ընենք, որպէսզի Եւրոպայի մէջ նոյնպէս զօրացնենք այդ համախմբուածութիւնը»։
Չաւուշօղլուի խօսքով՝ Ֆրանսայի մէջ, ուր կ՝ապրի 800 հազար թուրք, իրենք կրնան աւելի արդիւնաւէտ քաղաքականութիւն վարել։
«Դժբախտաբար, այստեղ ալ կայ հայկական սփիւռք, որուն մէկ մասը բարի նպատակներ չունի։ Անոնք դէմ են Թուրքիոյ եւ Հայաստանի, ինչպէս նաեւ Հայաստանի ու Ազրպէյճանի յարաբերութիւններու կարգաւորման։ Մենք կը խօսինք սփիւռքի մը մասին, որ դէմ է լաւ յարաբերութիւններու ձեւաւորման եւ թշնամական վերաբերմունք ունի։ Մենք կ՝ակնկալենք, որ դուք աւելի կազմակերպուած ձեւով ձեր ձայնը կը բարձրացնէք այս սփիւռքին դէմ»,- նշած է Չաւուշօղլուն։