Արամ Ա. Կաթողիկոսին այցելեց ՀՅԴ պատուիրակութիւնը

Արամ Ա. Կաթողիկոսին այցելեց ՀՅԴ պատուիրակութիւնը



Շաբաթ, 1 Փետրուար 2025-ին, Անթիլիասի Մայրավանքին մէջ, Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը ընդունեց Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութենէն  պատուիրակութիւն մը, որուն մաս կը կազմէին ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ Յովսէփ Տէր Գէորգեան, ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն Մարմնի ներկայացուցիչ Իշխան Սաղաթէլեան, ՀՅԴ Լիբանանի կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ Յակոբ Բագրատունի եւ կազմակերպական ներկայացուցիչ Ալպէր Պալապանեան:

Հանդիպումին արծարծուած հիմնական թեմաներն էին Հայաստանի ներկայ իրավիճակը, Հայաստան-Սփիւռք յարաբերութիւններու այսօրուան համապատկերը, Ցեղասպանութեան յղացքին մասին հնչող յայտարարութիւններու բացասական հետեւանքները, Միջին Արեւելքի մէջ տեղի ունեցող փոփոխութիւնները եւ յատկապէս լիբանանահայ համայնքի դիմագրաւած մարտահրաւէրները։

Share