Արեւմտեան թեմի քահանայութեան թեկնածուներ

Արեւմտեան թեմի քահանայութեան թեկնածուներ

Ուրախութեամբ կու գանք հաղորդելու, թէ Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ Արեւմտեան Թեմի հովանաւորութեամբ եւ Առաջնորդ Սրբազան Հօր անմիջական հետեւողականութեամբ՝ հինգ յանձնառու երիտասարդ սարկաւագներ, որպէս Թեմի քահանայութեան թեկնածուներ Ս․ Ներսէս Ընծայարանէն ներս շարունակելով իրենց աստուածաբանական ուսումնակրթական ծրագիրը կը պատրաստուին մեր եկեղեցւոյ ու ժողովուրդի ծառայութեան:

Կարեն Սարկաւագ Համամճեանը երրորդ տարին է որ իր ուսումը կը շարունակէ Սուրբ Ներսէս Ընծայարանէն ներս: Համաձայն Ընծայարանի ծրագրին, ներկայիս ան կը գտնուի Լոս Անճելըսի մէջ, ուր կը գործէ LA USC County Hospital-ին մէջ: Մօտաւորապէս երկու ամիսներուն վրայ երկարող ծրագիրը ամբողջացնելէ ետք, ստանալով համապատասխան վկայագիր ամբողջացուցած պիտի ըլլայ քահանայագործութեան պայմաններէն մին, զոր կը կոչենք գործնական կամ հովուական աստուածաբանութիւն: Նշուած հիւանդանոցին մէջ Կարեն սարկաւագ զանազան հիւանդութիւններով տառապող պարագաներու հետ ըլլալով փորձառական մեծ հանգրուան մը պիտի թեւակոխէ, ինչ որ մեծապէս պիտի նպաստէ իր կազմաւորման ու ապագայ առաքելութեան:

Արեւմտեան Թեմի քահանայութեան երկրորդ թեկնածուն Կարօ Դպիր Պօյաճեանն է, որ ներկայիս կը հետեւի Ս. Ներսէս Ընծայարանի ամառնային խտացեալ դասընթացքին: Ընծայարանէն ներս իր կեցութեան ժամանակաշրջանին Կարօն պիտի հետեւի մասնաւոր դասընթացքներու, դասախօս  ունենալով փորձառու ու մասնագէտ հոգեւորականներ: Ան Ընծայարանի յառաջիկայ տարուայ  ուսումնակրթական ծրագրի նոր ուսանողներէն մին է:

Քահանայութեան երրորդ թեկնածուն Արին Դպիր Պարսանեան է, որ այս տարի բոլորեց Սուրբ Ներսէս Ընծայարանի երկրորդ տարին: Այս ամառ ան իր մասնակցութիւնը բերելով  Ֆրեզնոյի «Հայ Ճամբար»էն ներս կ’աւարտէ Ընծայարանի դասընթացքներն ու պահանջուած արտադասարանային գործնական ծրագիրները եւ կը մեկնի Հայաստան հոն մասնակցելու F.A.R.ի մատուցած բարեգործական աշխատանքներուն: Հայաստան կեցութեան օրերուն ան ծառայութիւններ պիտի մատուցէ նաեւ որբանոցի մը մէջ: Վերջապէս յիշենք, որ Արի սարկաւագը օգտակար կը հանդիսանայ Արեւմտեան թեմի գրադարանի ցուցակագրման աշխատանքներուն:

Մեր չորրորդ թեկնածուն Զարեհ Դպիր Միրզայանն է, որ երրորդ տարին է որ կը հետեւի Ընծայարանի դասընթացքներուն: Այս ամառ ան ծառայական իր բաժինը պիտի բերէ Թեմի «Մանուկներու Ձայն» ճամբարէն ներս, դասարանային եւ արտադասարային զանազան պաշտօններ ստանձնելով: Ան նաեւ օգտակար պիտի դառնայ  Ֆրեզնոյի «Հայ Ճամբար»ին:

Քահանայութեան հինգերորդ թեկնածուն Գագիկ Սարկաւագ Մարտիրոսեանն է, որ ներկայիս կը ծառայէ Լաս Վեկասի Ս. Կիրակոս եկեղեցւոյ մէջ: Յառաջիկայ շրջանին ան պիտի մասնակցի մասնաւոր անգլերէն լեզուի դասընթացքներու՝ տեղւոյն համալսարաններէն մէկուն մէջ:

Ահաւասիկ քահանայութեան հինգ երիտասարդ թեկնածուներ, որոնք հետեւելով Ս. Ներսէս Ընծայարանի Ս. Գրային, Ծիսական, Շարականագիտական եւ աստուածաբանական դասընթացքներուն ինչպէս նաեւ իրենց ժամանակէն հիմնական բաժին մը նուիրելով հովուական-փորձառական ծրագիրներու ամբողջացման, կը պատրաստուին ըլլալու լիիրաւ հովիւներ, ծառայելով Աստուծոյ ու մեր ժողովուրդին:

Վերոյիշեալ սարկաւագներու հետ միատեղ անցնող տարւոյ ընթացքին Արեւմտեան թեմի կեանքէն ներս պաշտօնավարութեան են կանչուած նաեւ Արթուր Սրկ. Վարդանեանը դպրապետ Մայր Տաճարի եւ Արտակ Սրկ. Թադեւոսեանը ժամկոչ Կլենտէյլի նորակառոյց Հայց. եկեղեցւոյ։

Դիւան Առաջնորդարանի

Share