ՀՅԴ Հայ դատի Քանատայի յանձնախումբին մօտ գոյութիւն ունի հիմնաւոր մտահոգութիւն մը, որ Քանատան կրնայ ջնջել Թուրքիոյ նկատմամբ սահմանուած` զինուորական արտադրութեան վաճառքի արգելքը: Այս քայլը կրնայ ձեռնարկուիլ Շուէտի` ՕԹԱՆ-ին անդամակցելու գործարքի ծիրին մէջ:
Թուրքիոյ նկատմամբ կիրարկուող զէնքի արգելքի վերացումը յատկապէս վտանգաւոր է քանատական-թրքական զինուորական առեւտուրի վերջին գայթակղալից բացայայտումներէն ետք, երբ 2019 թուականին Օթթաուան արտօնած էր անօդաչուներու մէջ կիրարկուող «Էլ3Հարիս/ՈՒԵՍՔԱՄ» ճարտարագիտութիւններու վաճառքը Անգարային, ինչ որ կը հանդիսանար «Պայրաքթար» անօդաչու թռչող սարքերու մրցունակութիւնը ապահովող առանցքային մանրամասնութիւններէն մէկը: Հետագայ հետաքննութիւնը ապացուցած էր այդ ճարտարագիտութիւններու փոխանցումը Ազրպէյճանին, ինչ որ արգիլուած էր: Բացայայտուած Էին թրքական այլ զեղծարարութիւններ եւս: Մասնաւորաբար, քանատական ճարտարագիտութիւնը, համապատասխան թրքական դիմումի, ենթակայ էր կիրարկման ոչ թէ յարձակողական, այլ հետախուզական անօդաչուներու համար:
Պետական այս հետաքննութենէն ետք, քանատական կողմը, Հայ դատի Քանատայի յանձնախումբի աշխատանքներուն շնորհիւ, Թուրքիոյ նկատմամբ կիրարկեց զինուորական արտադրանքի վաճառքի արգելք:
ՀՅԴ Հայ դատի Քանատայի յանձնախումբին դիրքորոշումով` Քանատան պէտք չէ մեղսակից ըլլայ թուրք-ազրպէյճանական զինուորական յանցագործութիւններուն` նպաստելով անոնց զինուորական զինանոցներու ընդլայնման: Խարդախ մտադրութիւններ ունեցող պետութիւններուն զէնքի վաճառքը կը խախտէ Քանատայի զէնքի արտածման կանոնները` զգալի վտանգ ներկայացնելով շրջանային կայունութեան: Շրջանային խաղաղութեան եւ անվտանգութեան պահպանման եւ մարդու իրաւունքներու պաշտպանութեան վերաբերեալ Քանատայի յայտարարած առաջնահերթութիւններուն համահունչ` Օթթաուան պէտք է ջնջէ զէնքի վաճառքի արգելքը:
Հաշուի առնելով թրքական նախկին զեղծարարութիւններն ու զէնքի ձեռքբերման կանոններու խախտումները, ինչպէս նաեւ Թուրքիոյ կողմէ Հայաստանի Հանրապետութեան տարածքային ամբողջականութեան ու գերիշխանութեան նկատմամբ սպառնալիքները` Հայ դատի յանձնախումբը Քանատայի կառավարութեան կոչ կ՛ուղղէ ցուցաբերելու առաւելագոյն զգուշութիւն եւ առաջնահերթութիւն տալու շրջանային կայունութեան, խաղաղութեան եւ մարդու իրաւունքներուն:
ՀՅԴ ԲԻՒՐՈՅԻ ՀԱՅ ԴԱՏԻ
ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ԳՐԱՍԵՆԵԱԿ