Լիբանանի մէջ 2024-ի Սեպտեմբերին սկիզբ առած պատերազմական վիճակը ի վերջոյ իր աւարտին հասաւ հրադադարի համաձայնութեամբ։ Երկար ամիսներու վրայ երկարող պատերազմը սակայն, ծանր հարուած հասցուց Լիբանանի տնտեսական եւ ընկերային մարզերուն։ Տագնապին դէմ յանդիման, լիբանանահայ բարեսիրական կազմակերպութիւնները կը դիմագրաւեն աննախընթաց մարտահրաւէրներ։ Բազմաթիւ ընտանիքներ այսօր դարձած են կարօտ դեղորայքի եւ այլ ընկերային ծառայութիւններու։ Անհրաժեշտ է ձեռք երկարել կարիքաւորներուն։
Միաժամանակ, Սուրիոյ մէջ ռազմական կացութիւնը արագընթաց զարգացումներ արձանագրեց, որուն հետեւանքով Հալէպի հայութիւնը կը գտնուի ճգնաժամի մէջ։
Կոչ կ՚ուղղենք Գանատայի մեր հայրենակիցներուն, աջակցելու Լիբանանի եւ Հալէպի հայ համայնքներուն, որպէսզի յաղթահարեն այս նոր ճգնաժամը։ Վստահ ենք, որ անգամ մը եւս, Գանատայի մեր հայրենակիցները անվերապահօրէն պիտի աջակցին Լիբանանի եւ Սուրիոյ հայութեան դրամահաւաքի օժանդակութեան աշխատանքներուն:
Նուիրատուութեան մասին յաւելեալ մանրամասնութիւններ յառաջիկային կը յայտարարուի։
ՀՅԴ Գանատայի Կեդրոնական կոմիտէ
Գանատայի Հայոց Թեմի Ազգային Առաջնորդարան
ՀՕՄ-ի Գանատայի Շրջանային Վարչութիւն
ՀՄԸՄ Գանատայի Շրջանային Վարչութիւն
Համազգայինի Գանատայի Շրջանային Վարչութիւն
ՀՅԴ ԳԵՄ Կեդրոնական Վարչութիւն
ՀՅԴ ԳՊՄ Ընդհանուր Վարիչ Մարմին