Կոչ – Հ­րա­ւէր հա­մայն ­Յու­նա­հա­յու­թեան

Կոչ – Հ­րա­ւէր հա­մայն ­Յու­նա­հա­յու­թեան

­­Սի­րե­լի՛ հայ­րե­նա­կից­ներ,

2022ի Ապ­րիլ ա­մի­սը կը նշա­նա­ւո­րէ հայ ազ­գին դէմ թրքա­կան պե­տու­թեան գոր­ծադ­րած ­­Ցե­ղաս­պա­նու­թեան 107-րդ ­տա­րե­լի­ցը։

­­Հա­յաս­տա­նի, Ար­ցա­խի եւ Ս­փիւռ­քի մէջ ապ­րող ամ­բողջ հա­յու­թեան հա­մար ճա­կա­տագ­րա­կան այս ժա­մա­նա­կաշր­ջա­նին՝ Ար­ցա­խի պա­տե­րազ­մի ծանր պար­տու­թե­նէն ու ան­կէ ետք յա­մե­ցող հար­ցե­րէն ետք, բայց մա­նա­ւանդ վեր­ջին շա­բաթ­նե­րուն Ատր­պէյ­ճա­նի նո­րա­նոր սադ­րանք­նե­րու լոյ­սին տակ, հայ­րե­նի եւ սփիւռ­քի ժո­ղո­վուր­դը ա­չա­լուրջ ու պատ­րաս­տա­կամ՝ ոտ­քի է ու լրջօ­րէն մտա­հո­գո­ւած, հա­մայն հա­յու­թեան ի­րա­ւունք­նե­րուն ի խնդիր պայ­քա­րե­լու պատ­րաս­տա­կա­մու­թեամբ։ Հա­յոց ­­ցե­ղաս­պա­նու­թեան յա­ջոր­դած տա­րի­նե­րուն, ե­թէ մեր ա­մէ­նէն ազ­դու կար­գա­խօս­նե­րը մեր վե­րապ­րու­մին ու Ս­փիւռ­քեան պայ­ման­նե­րու մէջ հա­յա­պահ­պա­նու­մին վե­րա­բե­րող լո­զունգ­ներն էին, ա­պա՝ այ­սօր, 107 տա­րի­ներ ետք, կանգ­նած ենք դար­ձեալ ճա­կա­տագ­րա­կան պա­հե­րու առ­ջեւ, երբ ­­Ցե­ղաս­պան ­­Թուր­քիան եւ Ատր­պէյ­ճա­նը ցե­ղաս­պա­նա­կան ծրա­գի­րը կը շա­րու­նա­կեն գոր­ծադ­րել հա­յու­թեան դէմ։ Ազ­գո­վին կը գտնո­ւինք մեր հայ­րե­նի­քի լի­նե­լու­թիւ­նը պա­տու­հա­սող ճգնա­ժա­մա­յին կա­ցու­թեան մէջ։ ­­Հա­յաս­տա­նի եւ Ար­ցա­խի սահ­ման­նե­րը շա­րու­նա­կա­բար են­թա­կայ են ատր­պէյ­ճա­նա­կան մշտա­կան ոտնձ­գու­թիւն­նե­րուն։ ­­Թուրք-ա­զե­րիա­կան ճնշում­ներն ու յար­ձա­կո­ղա­պաշ­տու­թիւ­նը մէկ նպա­տակ ու­նին. Ար­ցա­խը շնչա­հեղձ պա­հել եւ հա­յա­թափ­ման մղել։ Ա­ւե­լին, ըն­ձե­ռո­ւած ո­րե­ւէ ա­ռի­թով՝ շա­րու­նա­կել ցե­ղաս­պա­նա­կան մո­լուց­քը եւ հա­յաջնջ­ման ծրա­գի­րը։

­­Միայն պա­հան­ջա­տէր եւ ի­րա­ւա­տէր հա­յու­թիւնն է որ կրնայ ազ­դա­րա­րել մի­ջազ­գա­յին հան­րու­թեան, թէ ­­Ցե­ղաս­պա­նու­թեան դա­տա­պար­տու­մի ու ա­նոր կան­խար­գի­լու­մի ձա­խո­ղու­թիւ­նը՝ մարդ­կու­թեան դէմ նոր ո­ճիր­նե­րու գոր­ծադ­րու­թեան ա­ռիթ կը դառ­նայ, այն­պէս ինչ­պէս կը տես­նենք ար­դէն Ար­ցա­խի հե­րոս ժո­ղո­վուր­դի դէմ շա­րու­նա­կա­բար գոր­ծադ­րո­ւող ճնշում­նե­րը։

­­Հա­յու­թիւ­նը պար­տա­ւոր է ազ­գա­յին ար­ժա­նա­պա­տո­ւու­թեամբ ա­ռե­րե­սո­ւե­լու իր ա­պա­գա­յին հետ։ ­­Պահ­պա­նե­լու հա­մար մեր ժո­ղո­վուր­դի ի­րե­րա­յա­ջորդ սե­րունդ­նե­րու ի­րա­ւունք­նե­րը, Ար­ցա­խի գո­յու­թիւ­նը եւ հա­յու­թեան ապ­րե­լու ե­րաշ­խի­քը։

­­Մեր սուրբ ա­ռա­քե­լու­թեան հա­ւա­տա­րիմ մնա­լով, միա­ցած եւ ու­ժեղ՝ դար­ձեալ կը հա­մախմ­բո­ւինք մեր ազ­գա­յին պատ­մա­կան թո­ւա­կա­նին ըն­դա­ռաջ։

­­Հայ­րե­նա­կից­ներ,

Հ.Յ.Դ. ­­Հայ դա­տի յանձ­նա­խում­բը կոչ կ’ուղ­ղէ իւ­րա­քան­չիւր պա­հան­ջա­տէր հա­յու՝ ներ­կայ գտնուե­լու եւ ազ­գա­յին զգօ­նու­թեամբ ու հա­մա­խումբ նե­րու­ժով մաս­նա­կից դառ­նա­լու ­­Հա­յոց ցե­ղաս­պա­նու­թեան 107-ա­մեա­կի ո­գե­կոչ­ման ձեռ­նարկ­նե­րուն Ա­թէն­քի, ­­Թե­սա­ղո­նի­կէի, Ք­սան­թիի, ­­Քա­լա­մա­թա­յի մէջ։

Հ.Յ.Դ. ­­Հայ ­­Դա­տի ­­Յանձ­նա­խումբ

Share