Յարութ Սասունեան
Վերջերս հայկական շրջանակներուն մէջ թէժ բանավէճեր ծաւալեցան Հայոց ցեղասպանութեան վերաբերեալ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի վիճայարոյց յայտարարութիւններուն շուրջ:
Փաշինեանի կողմնակիցները կը պնդեն, որ ան չէ ժխտած Հայոց ցեղասպանութիւնը, այլ պարզապէս հարցումներ ուղղած է: Մինչդեռ անոր ընդդիմախօսները կը դատապարտեն զայն՝ Ցեղասպանութիւնը ժխտելուն կամ պատմական փաստագրուած իրողութեան վերաբերեալ անտեղի հարցումներ բարձրացնելուն համար:
Սակայն ներհայկական բանավէճերէն աւելի կարեւոր է այն վնասը, զոր Փաշինեան կրնայ հասցնել Հայ դատին` կրկնելով Թուրքիոյ եւ Ազրպէյճանի կողմէ ուղղուած նմանատիպ հարցումներ` նպատակ ունենալով կասկածի տակ դնել Ցեղասպանութեան հաւաստիութիւնը:
Նախորդ ամիս Ամերիկայի թրքական միութիւնը հրապարակեց յօդուած մը՝ «Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի յայտարարութիւնը Տաւոսի, Ցիւրիխի մէջ. Ցեղասպանութիւնը Մոսկուայի ստեղծագործութիւնն է» վերնագիրով:
Թրքական միութիւնը կ՛աւելցնէ. «Փաշինեան ակնարկութիւն կ՛ընէ անոր, որ 1915 թուականին Օսմանեան կայսրութեան մէջ Հայոց ցեղասպանութեան մնայուն մեղադրանքները կրնան շինծու ըլլալ, եւ որ՝ այդ թեման ինքնին յառաջ մղուած է Մոսկուայի կողմէ Պաղ պատերազմին ժամանակ… Աւելի՛ն. Փաշինեան կը պնդէ, որ 1915 թուականի ողբերգութեան արմատները հայերուն տրուած կեղծ խոստումներուն եւ անոնց անտեղի ակնկալութիւններուն մէջ են… Առաջին անգամը չէ, որ Փաշինեան «Ցեղասպանութեան» նիւթին կ՛անդրադառնայ աւանդական ազգային պատմութենէն շեղող ձեւերով»:
Ազրպէյճանական եւ հրէական լրատուամիջոցները եւս օգտագործած են Փաշինեանի անիմաստ հարցումները` ժխտելու Հայոց ցեղասպանութիւնը: Ազրպէյճանական «Թրենտ» լրատու գործակալութիւնը 25 փետրուարին հրապարակած է յօդուած մը՝ մէջբերելով THEJ.CA-ի (Հրէական միջազգային լուրեր Քանատայի մէջ) ծաւալուն յօդուածէն` գրուած իսրայէալցի յայտնի ժխտողական Ռախէլ Աւրահամի կողմէ, որ ինքնիրեն կը բնութագրէ՝ իբրեւ «Պաքուի ձայնը»: Աւրահամի յօդուածին խորագիրն է՝ «Նիկոլ Փաշինեանը եւ 1915 թուականի իրադարձութիւնները»: Աւրահամը «Տոնա կրասիա դիւանագիտութեան կեդրոնի գործադիր տնօրէնն ու իսրայէլաբնակ լրագրող է»:
Աւրահամ կը գրէ. «Փաշինեան բացաւ հայկական փանտորայի արկղը, բան մը, որ հարցադրումէ վեր է եւ կասկածի տակ չի դրուիր` Հայոց ցեղասպանութիւնը: Փաշինեանը կասկած յայտնեց հայերուն կողմէ 1915 թուականի իրադարձութիւններու մեկնաբանութեան վերաբերեալ եւ քննադատեց այն երեւոյթը, թէ ինչպէ՛ս անոնք տարիներ շարունակ կառչած մնացած են իրենց պատմութեան»:
Հետեւեալ երկու նախադասութիւններուն մէջ Աւրահամ կը հակասէ ինքնիրեն՝ Հայոց ցեղասպանութեան ոգեկոչման մէջ Խորհրդային Միութեան ենթադրեալ դերակատարութեան մասին: Ան նախ կը գրէ. «Ցեղասպանութեան» հայկական պատմութիւնը, անոր վրայ աւելցուած առասպելներուն հետ, յօրինած է Խորհրդային Միութիւնը, եւ յառաջ մղած է Խորհրդային Հայաստանի Կոմկուսի Կենտկոմի անդամ Կարէն Դեմիրջեանը»: Այնուհետեւ ան ճիշդ հակառակը կը պնդէ. «Հակառակ անոր որ սովետները խթանեցին հայկական պատմութիւնը եւ առասպելներ աւելցուցին իրադարձութիւններուն իրենց մեկնաբանութեան, բայց եւ այնպէս հայկական պատմութիւնը յօրինուած էր ոչ թէ սովետներուն, այլ ինքնին հայերուն կողմէ»:
Այնուհետեւ Աւրահամ այլ հակասական յայտարարութիւն մը կը կատարէ. «1985 թուականի 27 փետրուարին Խորհրդային Միութեան Քաղաքական պիւրոն՝ Միխայիլ Կորպաչովի ղեկավարութեամբ, քննարկեց «Հայոց ցեղասպանութեան 70-րդ տարելիցին կապուած ձեռնարկները»… Կորպաչով համաձայնեցաւ հայերուն պահանջներուն, սակայն ստիպուած եղաւ հակառակ որոշում տալ Համայնավար կուսակցութեան վեթերաններու` Թիխոնովի, Կրոմիքոյի եւ Կրիշինի հակադրութեան պատճառով: Անոնք կը պնդէին, որ աջակցիլը հայկական պատմութեան, ուր թուրքերը կը մեղադրուին ցեղասպանութեան մէջ, կը փճացնէ Թուրքիոյ հետ յարաբերութիւնները, որոնք այն ժամանակ սկսած էին ջերմանալ: Այդ հանդիպման Կորպաչով կողմ եղաւ երեք վեթերաններուն՝ յանուն խորհրդային ներքին քաղաքականութեան, սակայն մէկ ամիս ետք, երբ Կորպաչով նշանակուեցաւ Ընդհանուր քարտուղար, ան երեքն ալ հեռացուց Քաղաքական պիւրոյէն եւ զանոնք փոխարինեց Հայկական հարցին նկատմամբ աւելի բարեացակամ վերաբերմունք ունեցող մարդոցմով»։
Այնուհետեւ Աւրահամ կը կատարէ ծիծաղելի յայտարարութիւն մը, որ Ուրուկուէյը 1965 թուականին ճանչցած է Հայոց ցեղասպանութիւնը միայն Մոսկուայէն կանաչ լոյս ստանալէ ետք: Ան աւելի հեռուն երթալով՝ կ՛ըսէ, որ ոչ մէկ երկիր ճանչցած է Հայոց ցեղասպանութիւնը մինչեւ Հայաստանի 1991 թուականի անկախացումը: Ան կը սխալի, որովհետեւ Արժանթինը Հայոց ցեղասպանութիւնը ճանչցած է 1985 թուականին, Հայաստանը` 1990 թուականին, Կիպրոսը` 1982-ին, նախագահ Ռոնալտ Ռիկընը՝ 1981 թուականին, իսկ Միացեալ Նահանգներու կառավարութիւնը 1951 թուականին` Համաշխարհային դատարան ներկայացուած պաշտօնական փաստաթուղթին մէջ:
Փաշինեան կարծես թէ չի գիտակցիր, որ ինք Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետն է: Իբրեւ այդպիսին՝ անոր խօսքերը հետեւանքներ ունին Հայաստանի Հանրապետութեան, աշխարհասփիւռ հայութեան եւ Հայ դատի համար: Աւելի՛ն, ամբողջ աշխարհը կը հետեւի անոր յայտարարութիւններուն՝ թէ՛ բարեկամներ, եւ թէ՝ թշնամիներ: Ազրպէյճանի եւ Թուրքիոյ կառավարութիւնները միշտ պատրաստ են շահարկելու անոր արտասանած ամէն մէկ բառ` վնասելու Հայաստանի շահերուն: Ուստի Փաշինեան պէտք է շատ զգուշ ըլլայ իր հրապարակային յայտարարութիւններուն մէջ: Ան կարիք ունի արհեստավարժ ճառագիրներու եւ փորձագէտ խորհրդատուներու օգնութեան: Հարցը այն է, որ ան անփորձ է եւ ոչ ոքի ականջ կու տայ։ Վերջերս Հայաստանի խորհրդարանին մէջ անոր հարցուցին, թէ որոշում կայացնելէ առաջ որո՞ւ հետ կը խորհրդակցի, ան պատասխանեց՝ «Ոչ ոքի»:
Փաշինեան օր մը պիտի հեռանայ իր պաշտօնէն, բայց այն վնասը, զոր ան կը հասցնէ Հայաստանին եւ հայ ժողովուրդին, պիտի յամենայ տասնամեակներ: Այդ իսկ պատճառով ան որքան շուտ հրաժարական տայ, այնքան աւելի լաւ՝ Հայաստանի համար:
Իսկապէս, հայ ժողովուրդին համար աղէտալի է, որ Հայաստանի վարչապետը կը միանայ Ազրպէյճանի եւ Թուրքիոյ նախագահներուն՝ Հայոց ցեղասպանութեան վերաբերող հարցադրումներ կատարելու մէջ։