Պոսթըն․- Հայոց Ցեղասպանութեան 110-ամեակի Նշում՝ Յարութ Սասունեանի Մասնակցութեամբ

Պոսթըն․- Հայոց Ցեղասպանութեան 110-ամեակի Նշում՝ Յարութ Սասունեանի Մասնակցութեամբ

Կիրակի, Ապրիլ 6-ին Հայոց Ցեղասպանութեան 110-ամեակը նշուեցաւ Ուաթըրթաունի Հայ Մշակութային եւ Կրթական կեդրոնին մէջ, կազմակերպութեամբ շրջանի կազմակերպութիւններուն եւ միութիւններուն։ Շուրջ 150 հայորդիներ ներկայ եղան, այս ձեռնարկին։

Պոսթընի «Սարդարապատ» կոմիտէութիւնը, Արեւելեան Ա․Մ․Ն․-ի Հայ Դատի յանձնախումբը, Հ․Օ․Մ․-ի «Լէոլա Սասունի» եւ «Շուշի» մասնաճիւղերը, Հայ Երիտասարդաց Դաշնակցութեան «Նժդեհ» մասնաճիւղը, տեղւոյն Հ․Մ․Ը․Մ․-ի եւ «Համազգային»-ի մասնաճիւղերը, Հայ Մշակութային եւ Կրթական կեդրոնը, Նիւ Ինկլընտի Հ․Բ․Ը․Մ․-ը, Ուաթըրթաունի Սուրբ Ստեփանոս եկեղեցին, «Թէքէեան» մշակութային միութիւնը եւ «Շահպազեան» հիմնարկը կազմակերպած էին այս ձեռնարկը,  որուն բանախօսն էր «California Courier» թերթի խմբագիր , «Արցախ Ֆոնտ»-ի հիմնադիր եւ տարիներ շարունակ Քըրք Գրիգորեանի «Լինսի» հիմնարկի փոխնախագահ՝ Յարութ Սասունեան։

Օրուան հանդիսավարն էր «Սարդարապատ» կոմիտէութեան երիտասարդ անդամներէն՝ Անի Խաչատուրեան, որ նշեց յարատեւ պայքարի եւ Հայոց Ցեղասպանութեան գծով հետեւողական աշխատանքի կարեւորութիւնը։ Խօսք առաւ, նաեւ Հ․Բ․Ը․Մ․-ի Նիւ Ինկլընտի նախագահ Արա Պալիքեան, որ իր կարգին շեշտեց, թէ դիւանագիտական բեմահարթակէն պէտք է շարունակ գործել, մանաւանդ երբ Ցեղապանութէնէն 110 տարի ետք, այս անգամ Արցախն ալ, իր գրաւուած տարածաշրջանով եւ բանտարկեալներով կը մտահոգէ հայորդին։

Ապա խօսք առաւ օրուան բանախօսը։ Հայոց Ցեղասպանութեան 110-ամեակին առթիւ, Սասունեանի դասախօսութեան նիւթն էր․- «Մոռցուած անմոռանալին․- Մ․Ա․Կ․-ի Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման 40-ամեակ»։  Ան հետաքրքրական տեղեկութիւններ եւ մանրամասնութիւններ փոխանցեց այս նիւթին առնչութեամբ։

Ան շեշտեց, թէ Օգոստոս 29, 1985-ին Մ․Ա․Կ․-ի «Խտրականութեան կանխարգիլման եւ փոքրամասնութիւններու պաշտպանութեան ենթայանձնախումբը» 15 կողմ, 1 դէմ եւ 4 ձեռնպահ ձայներու յարաբերակցութեամբ ընդունած է Ցեղասպանութեան մասին զեկոյց, որուն 24-րդ կէտին մէջ յստակօրէն կը նշուի, թէ «Նացիական շեղումը, ցաւօք, ցեղասպանութեան միակ դէպքը չէր 20-րդ դարուն: Ի թիւս այլ օրինակներու, որոնք կրնան այդպէս որակուիլ` 1904-ին գերմանական կոտորածը հերերոներուն, (եւ) Օսմանեան կայսրութեան հայերու ջարդերը 1915-1916 թուականներուն»:

Ան աւելցուց, թէ ցեղասպանութեան յանցագործութեան կանխարգիլման եւ պատիժի վերաբերեալ վերանայուած եւ թարմացուած զեկոյցը պատրաստած է բրիտանացի յատուկ զեկուցող Պենճըմին Ուիթաքըր:

Սասունեան նշեց, թէ այս զեկոյցը կը ներառէր նաեւ Հայոց ցեղասպանութեան վերաբերեալ ընդարձակ մատենագրութիւն: Նշենք, թէ այդ զեկոյցին աւելի կանուխ տարբերակը, որ պատրաստած էր Ռուանտայէն Մ․Ա․Կ․-ի յատուկ զեկուցող Նիքոտըմ Ռուհաշեանքիքօ, իր 30-րդ պարբերութեան մէջ ներառած էր Հայոց ցեղասպանութեան մասին յիշատակում, որ հետագային ջնջուեցաւ Մ․Ա․Կ․-ի կողմէ` թրքական կառավարութեան չափազանց մեծ ճնշումներուն պատճառով:

«Այս փաստերուն մասին անձամբ գիտեմ, քանի որ 1978-1985 թուականներուն ես եղած եմ Մ․Ա․Կ․-ի մէջ Ժընեւ` իբրեւ մարդկային իրաւունքներու հարցերով ոչ կառավարական կազմակերպութեան ներկայացուցիչ` հակազդելով Հայոց ցեղասպանութեան յիշատակումը ջնջելու թրքական բազմաթիւ փորձերուն», ըսաւ ան:

Սասունեան նշեց, թէ Յուլիս 2022-ին Մ․Ա․Կ․-ի ընդհանուր ժողովի նախագահ Ապտուլլա Շահիտ, որ այցելած էր Ծիծեռնակաբերդ, գրառում լոյս ընծայած էր լուսանկարներով։

Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան քարոզչական մեքենան շուտով գործի լծուելով` դատապարտեց Հայոց ցեղասպանութեան յուշահամալիր այցելելու համար եւ պնդեց, որ անոր այցը Հայաստան օգտագործուած է հայկական միակողմանի պահանջները բացայայտելու նպատակով, եւ նոյն այդ պատճառով ալ, այցելած է «այսպէս կոչուած» Ցեղասպանութեան յուշահամալիր։ Դեռ աւելին, արտաքին գործոց նախարարութիւնը ստիպեց, որ այդ գրառումը ջնջուի, նշելով, թէ Մ․Ա․Կ․-ի ներկայացուցիչէն կ՛ակնկալուէր, որ գործէր արդար եւ անաչառ կերպով, աւելի զգուշ եւ պատասխանատու ըլլար այս առումով:  Մ․Ա․Կ․-ի լիազօր մարմիններու անունով հանդէս եկող ներկայացուցիչները պէտք է կատարեն իրենց պարտականութիւնները Մ․Ա․Կ․-ի իրաւական փաստաթուղթերուն եւ միջազգային իրաւունքի չափանիշներուն ու կանոններուն համապատասխան, մասնաւորապէս` 1948-ի Ցեղասպանութեան յանցագործութիւնը կանխարգիլելու եւ պատժելու մասին համաձայնագրի:

«Մենք կը դատապարտենք եւ կը մերժենք քաղաքական շահարկումներու միջոցով պատմական փաստերն ու միջազգային իրաւունքը խեղաթիւրելու փորձերը: Թուրքիան այն կարծիքին է, որ 1915-ի իրադարձութիւններուն հետ կապուած փաստերը պէտք է դիտարկուին լիարժէք, արդար եւ անկեղծ շրջանակներու մէջ», կը նշուէր հաղորդագրութեան մէջ:

Հայաստան կատարած եռօրեայ այցելութեան ընթացքին Մ․Ա․Կ․-ի Ընդհանուր ժողովի նախագահը հանդիպած էր Հայաստանի տարբեր պաշտօնեաներու, որոնց շարքին` նախագահ Վահագն Խաչատուրեանին, փոխվարչապետ Համբարձում Մաթեւոսեանին, արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեանին, խորհրդարանի փոխնախագահ Ռուբէն Ռուբինեանի, արտաքին գործոց նախարարութեան կին դիւանագէտներու հետ եւ ելոյթ ունեցած` արտաքին գործոց նախարարութեան դիւանագիտական դպրոցի աւարտական արարողութեան ժամանակ:

«Պատահածը վիրաւորական էր։ Դժբախտաբար Հայաստանի իշխանութիւնը կրնայ տեղեակ չըլլալ այս փաստերէն: Հայաստանի արտաքին գործերու նախարարութիւնը, օրին խիստ ոճով բողոք մը պէտք էր, որ ներկայացնէր Միացեալ ազգերու կազմակերպութեան Գլխաւոր քարտուղարին, որպէսզի օրին վերականգնէր ջնջուած գրառումը եւ իր կարգին ներողութիւն խնդրէր հայ ժողովուրդէն», ըսաւ ան:

Աւարտին, Սասունեան կարեւորեց դիւանագիտութեան դերը, որուն շտապ կարիքն ունի Հայաստանը։ Կատարուեցաւ հարց-պատասխան եւ ապա, խօսք առաւ «Թէքէեան» մշակութային ընկերակցութեան վարչական պատասխանատու Արամ Արքուն, որ իր կարգին շեշտեց Մ․Ա․Կ․-ի բեմահարթակէն աշխատանք տանելու անհրաժեշտութիւնը։

Նշենք, թէ նախքան բանախօսութիւնը, գեղարուստական յայտագրով, ելոյթ ունեցաւ Պոսթընի «Համազգային»-ի «ArtNova» երգչախումբը, ղեկավարութեամբ մաէսթրօ Արթիւր Վարանեանի, որ ներկայացուց Կոմիտասի «Սուրբ սուրբ»-ը, «Գարուն ա»-ն, Մաշտոցի «Տէր ողորմեայ»-ն եւ Առնօ Պապաճանեանի «Տղերքը, որոնք չկան»-ը։

Սուրբ Ստեփանոս եկեղեցւոյ հովիւ՝ Գերպ․ Տ․ Հրանդ Ծայր․ վրդ․ Թահանեանի աղօթքով, աւարտեցաւ այս ձեռնարկը։

Share