Օրհնութեան խօսք Հ.Մ.Ը.Մ.-ի 46-րդ Նաւասարդեան խաղերու առիթով

Օրհնութեան խօսք Հ.Մ.Ը.Մ.-ի 46-րդ Նաւասարդեան խաղերու առիթով

Առաջնորդ Սsրբազան Հօր Օրհնութեան Խօսքը Հ.Մ.Ը.Մ.-Ի 46-Րդ Նաւասարդեան Խաղերու Առիթով

Քրիստոնէական ջերմ սիրով եւ ազգային հպարտութեամբ կ՛ողջունենք Արեւմտեան Ամերիկայի հայութեան կեանքին մէջ շարժուն ներկայութիւն դարձած Հայ Մարմնակրթական Ընդհանուր Միութիւնը, Հ.Մ.Ը.Մ.-ի մե՛ծ ընտանիքը, 2023 տարեշրջանի 46-րդ Նաւասարդեան խաղերուն ընդառաջ:

Այս ուրախ առիթով մեր նայուածքը կը բարձրացնենք երկինք, Ամենակալ Աստուծմէ խնդրելով, որ թարմ ու մատաղ ընձիւղներով եւ նորընծայ ու փափուկ շարքերով աճեցնէ ազգային այս միութիւնը, որուն իւրաքանչիւր անդամը հարազատ մասնիկ մըն է մեր ժողովուրդի անցեալէն, տաքուկ շունչ մը՝ անոր ներկայէն եւ հուրհրան տեսիլք մը՝ բացուած ազգի ապագային վրայ:

Աւելի՛ն. մենք քաջաբար կը հաւատանք, որ «կակուղ թաթիկ»ներէն մինչեւ խմբապետական եւ վարչական բարձրադիր պաշտօններու հասած Հ.Մ.Ը.Մ.-ական մեր քոյրերն ու եղբայրները ինչպէս երէկ, նոյնպէս ալ այսօր եւ յատկապէս վա՛ղը՝ հրաւիրուած են մեր ազգի կեանքը ղեկավարելու եւ ժողովրդանուէր ու եկեղեցաշէն կեանքով ապրող օրինակելի ապագայ հայ ընտանիքներու սիւները դառնալու, որովհետեւ Հ.Մ.Ը.Մ.-ը առաջին հերթին կը ձեւաւորէ հայ-քրիստոնեայ մարդուն ազգային, հայրենանուէր նկարագիրն ու աշխարհ նոր մտած փոքրիկը մանկութենէն իսկ կրթելու աստուածաշնչեան պատուէրին համաձայն՝ մանրաքայլ «գայլիկ»ներն ու «արծուիկ»ները կը թրծէ հայկական ոգիով, անոնց դեռատի միտքն ու մատղաշ կարողութիւնները կը մշակէ բազմակողմանիօրէն, յանուն նոր սերունդներու վաղուան ազգակերտ ու հայանպաստ խիզախութեանց եւ հոգեիմացական ամենաշքեղ թռիչքներու:

Հ.Մ.Ը.Մ.-ի Արեւմտեան Շրջանի Նաւասարդեան խաղերը իրենց հաւաքական մթնոլորտով ու ոգեկան ամրութեամբ ամէն տարի կը ջերմացնեն համայնքային մեր կեանքը: Շաբաթավերջ մը ամբողջ, տարբեր տարիքի հայեր վարակիչ խանդավառութեամբ տոգորուած, մեր շուրջ աւելի՛ տեսանելի կը դառնան իրենց աշխատանքներով եւ արձանագրած յաջողութիւններով՝ այսպիսով 105 տարեկան մեծանուն այս Միութեան վարկը, պատիւն ու կշիռը սանդղակ մը աւելի՛ բարձրացնելով ե՛ւ հայ կեանքէն, ե՛ւ հիւրընկալ այս երկրի բազմազգեան համերաշխութեան շրջագիծէն ներս, Հ.Մ.Ը.Մ.-ի «բարձրացի՛ր, բարձրացո՛ւր» նշանախօսքին հետ աւելի վեր բռնելով նաեւ համայն հայութեան, Հայաստան-Արցախ եւ Սփիւռքի ազգային հպարտութիւնը, ուրեմն եւ արդա՛ր է մեզի Հ.Մ.Ը.Մ.-աբար իսկոյն եւեթ գոչել. «Պատուի՛ առէք. կակուղ թաթիկներու նոր շարքեր կու գան»…

Աղօթարար

Թորգոմ Եպս. Տօնոյեան, Առաջնորդ

Ա.Մ.Նահանգներու Արեւմտեան Թեմի

Share