Կիրակի, 22 Սեպտեմբեր 2024-ի առաւօտեան, Արեւմտեան Թեմի Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Գեղամ Արք. Խաչերեան նախագահեց Փասատինայի Ս. Սարգիս եկեղեցւոյ Ս. եւ անմահ Պատարագին, ապա Հայաստանի անկախութեան առիթով կատարեց Հանրապետական մաղթանք եւ Հ.Մ.Ը.Մ.ի սկաուտներու կողմէ ձեռամբարձ խորան բերուած Եռագոյն դրօշի հանդիսաւոր օրհնութիւն, ապա հայրենասիրութիւնը իր խորհրդածութիւններուն կիզակէտը դարձնելով պատգամեց՝ «Տէ՜ր, յիշէ քու ողորմութեամբ մեր համայն նահատակները, որոնք իրենց կեանքը նուիրեցին ազգի փրկութեան զոհասեղանին վրայ, արժանացուր զիրենք Քու լուսեղէն եւ անթառամ պսակին» սրտայոյզ աղօթքը դարձնելով իր խօսքին բնաբանը: Արարողութեան ներկայ էին Ազգ. վարչութեան անդամ եւ Ազգ. երեսփոխան Տիար Սարգիս Թաթիկեան եւ հաւատացեալ ժողովուրդ:
Գեղամ Արքեպիսկոպոս իր քարոզին մէջ ամէն բանէ առաջ վեր առաւ անձնազոհ հայորդիներու, նահատակ ազատամարտիկներու եւ քաջարի հերոսներու օրինակը՝ իբրեւ հայրենասիրութեան ամէնէն բարձրագոյն արտայայտութիւն՝ միաժամանակ դիտել տալով, որ հայրենասիրութիւնը զգացում ու ապրում է, որ կ՛իմաստաւորուի գործով, բարերարութեամբ, ծառայութեամբ եւ մինչեւ անգամ ինքնազոհութեամբ, մինչ անգործնական հայրենասիրութիւնը կը նմանի կանաչ ճիւղերով ու տերեւներով հարուստ ծառի, որ սակայն ոչ մէկ օր պտուղ կու տայ:
Շարունակելով, Առաջնորդ Սրբազանը հայրենասիրութիւնը բացատրեց երեք մակարդակով՝ դիտել տալով, որ առաջինը անհատական մակարդակի է, երկրորդը՝ ընտանեկան, իսկ երրորդը ընդարձակ ու հաւաքական մակարդակի հայրենասիրութիւնն է, որ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան շրջագիծէն ներս Թեմի հայրենանպաստ գործունէութիւնը կ՛ապահովէ, այլեւ ազգ ու հայրենիք հզօրացնելու նպատակ կը հետապնդէ: