Միջազգային օժանդակութիւններու համար նախագահ Ճօ Պայտընի վարչակազմին պատրաստած ծրարին մէջ նկատի առնուած է նաեւ Հայաստան ժամանած շուրջ 120,000 արցախցի բռնի տեղահանուածներուն օժանդակելու հրամայականը, կը տեղեկացնէ Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը։
Արդարեւ, այս ծրարին մասին Ծերակոյտին Յատկացումներու յանձնախումբին առջեւ վկայութեան մը ընթացքին, արտաքին գործոց նախարար Էնթընի Պլինքըն Երեքշաբթի օր յայտարարեց հետեւեալը «Ծրարը կարելիութիւն պիտի ընծայէ յաղթահարելու բռնապետներու եւ ահաբեկիչներու կողմէ ինչպէս նաեւ հակամարտութիւններու եւ բնական աղէտներու պատճառով Ուքրանիոյ, Կազայի, Սուտանի, Հայաստանի եւ այլ շրջաններու մէջ յառաջացած մարդասիրական տագնապները»։
Պատասխանելով ծերակուտական Քրիս Քունի հարցումին՝ Պլինքըն յստակացուց, որ օժանդակութիւններ պիտի յատկացուին նաեւ Արցախէն բռնի տեղահանուածներուն, սակայն չյստակացուց, թէ 106 միլիառ տոլարի ծրարէն որքանը պիտի յստակացուի Հայաստանին։
Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի ծրագիրներու վարիչ Ալեքս Կալիցքի իր վկայութեան մէջ անբաւարար նկատած էր Ատրպէյճանի ցեղասպանական արշաւին պատճառով բռնի տեղահանուած արցախցիներուն խոստացուած 11.5 միլիոն տոլարի աջակցութիւնը եւ աւելցուցած էր, որ քայլեր պէտք է առնուին 2020էն ի վեր բռնի տեղահանուած 150,000 արցախցիներուն ապահով վերադարձը երաշխաւորելու նպատակով։ Ան նաեւ շեշտեց, թէ առնուազն 10 միլիոն տոլարի ռազմական անմիջական աջակցութիւն պէտք է յատկացուի Հայաստանին, դէմ դնելու համար Հայաստանի վրայ յարձակելու պատրաստուող Ատրպէյճանի բռնապետական կառավարութեան սպառնալիքներուն։
Կալիցքիի վկայութիւնը ամբողջութեամբ կարելի է կարդալ կայքէջին վրայ։